Սսեպտեմբեր 21-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ուղերձ յղեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահը հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը նկատեց իրականացումը վաղեմի երազին եւ պսակումը այն տեւական ու հերոսական պայքարին, զոր մղած էին հայորդիներու բազում սերունդներ: Նախագահը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ այսօր աշխարհը լարուածութիւն կ՛ապրի, բազում հարցեր կան, նաեւ` Հայաստանի մէջ, սակայն շեշտած է, որ պէտք չէ յուսալքուիլ, այլ ըլլալ լաւատես` հաւատալով «մեր ժողովուրդի հաւաքական ունակութեան»: Ան յիշած է լաւատեսութիւն ներշնչող ազդակները` շեշտելով, որ պէտք է զարգացում ապրիլ այն բնագաւառներուն մէջ, ուր կայ թերացում կամ ուշացում` աւելցնելով, որ այս չի նշանակեր, որ շուտով կարելի է այս բացերը փակել, այլ պէտք է հետեւողական աշխատանք տանիլ:
Շեշտելով, որ անվտանգութեան հարցը թիւ մէկ խնդիր է, Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Անցնող 26 տարիները ցոյց տուած են, որ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները կենսունակ են եւ պաշտպանունակ: Ցոյց տուած են, որ սին էին այն հեքիաթները, որոնց համաձայն, իբրեւ թէ շրջափակուած Հայաստանը դատապարտուած է ձախողութեան, իսկ նաւթակազային Ատրպէյճանը անպայման պիտի հասնի մեծ յաջողութեան: Աւելի՛ն, մեզ կը փորձեն համոզել, թէ իբրեւ թէ Ատրպէյճանի տնտեսական յաջողութիւնները գրաւական պիտի ըլլային Արցախի եւ Հայաստանի ոչնչացման:Քարոզչական եւ քաղաքական առասպելներու ամէնէն դաժան, բայց արդարացի թշնամին իրականութիւնն է: Համոզուած եմ, որ մեր երկրի անկախութեան յաջորդ քսանվեց տարիներուն մենք պիտի շարունակենք յառաջ ընթանալ` աւելի մեծ լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ»: