
Յ. Պալեան
Տգիտութիւնը եւ տխմարութիւնը
Պատմութեան նկատառելի ազդակներն են:
Ռէյմոն Արոն, ընկերաբան-իմաստաասէր, Ի դար
Ի՞նչ որ ըսուի վերանկախացած Հայաստանի երեսուն տարիներուն եւ այսօրուան մասին, կարծէք պատկերներ են, երբեմն դիտուած խոշորացոյցի մէկ կողմէն, երբեմն միւս կողմէն, յաճախ զգացումներ հովահարելու համար: Միշտ հակուած ենք լաւատեսական յուզիչ կամ յոռետեսական խօսքերով դիտել Հայաստանը: Պատմութեան թելադրութիւն, կամ ներկայի կողմնապաշտական թեր-դէմ գնահատում:
Երբեմն, ներկայի թմբիրէն արթննալու համար, պատմահայր Մովսէս Խորենացի կը կարդամ: Որքա՜ն օգտակար պիտի ըլլային ազգին եւ հայրենիքին, եթէ Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները, մանաւանդ իրարու դէմ նիզակ ճօճողները ինծի պէս ընէին: Պատմահայրը, իր գիրքի վերջաւորութեան տեղ գտած «ՈՂԲ»ի արեւելահայերէն թարգմանութեան մէջ կ’ըսէ.
«Տները թալանուում են, ունեցուածքները՝ յափշտակուում, առաջնորդները շղթայուում են, նշանաւոր մարդիկ բանտարկուում, դէպի օտարութիւն աքսորուում են ազնուականները, անթիւ նեղութիւններ են կրում ռամիկները»:
Հին պատմութիւն: Նոր վիճակ: Կ’ըսեն, որ պատմութիւնը դպրոց է…
Արտաքին պատճառներով, եւ ոչ միայն անոնց համար, բայց նաեւ մեր բազմագոյն եւ բազմատեսակ խարխափումներով (աւելին չըսելու համար), Հայաստան կը գտնուի մնայուն մտահոգիչ տագնապներու մէջ. անբարեացակամ դրացիներ, յետխորհրդային անկազմակերպուածութեան հետեւանք ընկերային եւ տնտեսական խառնակութիւն: Հասկնալի տագնապ՝ զոր ցարդ չենք կրցած յաղթահարել, յայտնուելով վայրագ ազատականութեան մթնոլորտի մէջ:
Կրնանք թեր եւ դէմ կարծիքներ յայտնել, վերլուծումներ ընել, ըսել, թէ բնականոն ընթացք գտնելու համար անյաղթահարելի արգելքներ կային, եւ կան, որ հրաշք կարելի չէր գործել, յիշեցնելով եօթանասուն տարիները, միաժամանակ արդարացնելով սանձազերծ անհատապաշտութիւնը՝ իր բոլոր ձեւերով, քաղաքական, տնտեսական, կրօնական, բարքերու, կիրքերու:
Մեծատառ անունները փոխուեցան, խնդիրները մնացին, ծայրէն վերսկսան: Մինչեւ ե՞րբ կարելի է այսպէս շարունակել: Ռոպէնսոնի կղզիին վրայ չենք, նապաստակ չեղող դրացիներ ունինք:
Հեռու եւ մօտ անցեալի սխալները յիշեցնելով եւ քննադատութեան թիրախներ փնտռելով հարցերու լուծում չենք գտներ: Ազգի մնացորդացը եւ փրկուած բուռ մը հայրենիքը կարենալ պահելու-չպահելու խնդրին առջեւ կանգնած ենք, այս չտեսնելու համար կոյր եւ անգէտ պէտք է ըլլալ, կամ պարզապէս՝ դաւաճան: Ազգովին իրատեսութիւն եւ քաջութիւն կ’ունենա՞նք համապարփակ հաշուեկշիռ մը ընելու, ոչ թէ յանցաւորներ կամ քաւութեան նոխազ փնտռելու, այլ խորհելու, թէ ինչպիսի ազգ պահելու կարողականութեամբ օժտուած հայրենիք մը կտակենք յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք ըլլան իրաւ տէրեր եւ ծառաներ, ոչ հեռուէն դիտող հանդիսատեսներ:
Միամիտ չըլլալ: Սելֆիական, արձակուրդային եւ «ուտուշ-խմուշ»ներու յուզումներով չբաւարարուիլ:
Առաւել կամ նուազ յոռետեսութեամբ կամ լաւատեսութեամբ կացութիւնը գիտենք: Բայց հորիզոնին վրայ չի տեսնուիր վերականգնումը, որ չըլլայ տեսութիւն եւ ճառ, մանաւանդ ներքին տեսանելի կամ անտեսանելի թշնամիներու դէմ սկսած եւ չաւարտող պատերազմ, մոռնալով անգամ արտաքին իրաւ թշնամիները: Ասկէ առաջ ալ ըսած եմ, որ կը գտնուինք իր անունը չըսող քաղաքացիական պատերազմի վիճակի մէջ: Ճիշդ է, կարեւոր է գիտնալ, թէեւ գաղտնիք չէ, ինչպէ՞ս հոս հասանք, տեւաբար այդ մասին խօսիլ, ինքնամտրակում ընել, ի՞նչ բանի պիտի ծառայեն, անցեալի ձախաւերութիւնները եւ սխալները նուա՞զ ձախաւերութիւն եւ նուա՞զ սխալ պիտի ըլլան, եւ մանաւանդ ի՞նչ երաշխիք կայ, որ անոնք պիտի չկրկնուին:
Սեփականաշնորհում-կողոպուտ, իւրացում-գողութիւն, կաշառակերութիւն… Դեռ քանի՞ տասնամեակ պիտի խօսինք անոնց մասին, մեր անզօրութիւններուն եւ չիրականացող վերականգնումին, այդ բոլորը որպէս արդարացման ճապկում գործածելով, զիրար համոզելով, որ այս այսպէս եկեր է այսպէս պիտի երթայ… Աւաղելու հանդէս: Կը սիրենք Երեւանը, կը հպարտանանք, բայց բաղդատուինք Թիֆլիսի, նաեւ ոչ թէ Անգարայի, Զմիւռնիոյ կամ Անթալիայի, այլ Ատանայի, Աղեքսանդրեակի (Իսկէնտէրուն): Ի հարկէ միշտ կարելի է ըսել, որ պայմանները նոյնը չեն: Բայց խօսինք պայմաններու մեր ձեւով եւ կարողութիւններով յաղթահարման մասին: Երկինքէն մանանայ պիտի չտեղայ:
Դուրսի հետ կապ չունեցող պարզ հարցում մը պէտք է ուղղենք մենք մեզի. Մեր ժողովուրդի համազգային ներուժը իրապէս կ’օգտագործուի՞ այսօր: Եթէ չ’օգտագործուիր, ի՞նչ են արգելքները եւ պատճառները:
Խորհրդային կարգերէն ձերբազատուիլ դարձաւ վայրագ դրամատիրութեան (կապիտալիզմ) առջեւ բացուած անդուռ եւ անցանկապատ մայրուղի: Հրապարակ չեկան ղեկավար մը եւ ղեկավարող միտք մը, քննելու եւ առաջադրելու համար տնտեսաքաղաքական ծրագիր մը, որ պատշաճ ըլլար պատմական պահուն, մեր ժողովուրդին եւ անոր կացութեան: Հայաստանը ոչ Ամերիկա է եւ ոչ Ռուսիա, ոչ Մոնաքօ եւ ոչ ալ նաւթային իշխանապետութիւն:
Եւ մտանք, եւ այս պէտք չէ մոռնալ եւ կրկնել, անտեղի եւ աղիտալի քաղաքացիական մնայուն պատերազմի մէջ:
Քաղաքական-կազմակերպական այլ իմաստութեան մը պէտք ունէինք: Պէտք ունինք: Իմաստութեան՝ որ փոխարինէր սիրողականութիւնը (amateurisme), որուն ենթահողին վրայ միշտ զարգացած են անհանդուրժողութիւնը, անփոխարինելութիւնը, անվերջանալի իրենց նպատակները մոռցած մրցակցութիւնները եւ պայքարները:
Հայաստան պէտք է մնալ, շրջիլ, լսել, չգոհանալով սրճարաններու, ճաշարաններու, թատրոններու եւ երգահանդէսներու պատկերներով, ինչպէս մարդիկ կ’ապրին զբօսանաւերու վրայ: Սարդարապատի ճամբուն վրայ կանգ առնել, մտնել գիւղի մթերքի խանութը, հանրային փոխադրամիջոցով երթալ Վանաձոր կամ Գիւմրի, նոյնը ընել Երեւան հարիւր դրամ վճարելով, Կոմիտաս փողոցէն երթալ Էրեբունի, պահակով օժտուած Երեւանի շէնքերը երկրի պատկերը չեն, տեսնել նաեւ ներքին փողոցներու ջարդուած պատուհաններով եւ քանդուած պատերով տուները: Վիճակագրութիւններու կարիք չկայ, գեղակառոյց շէնքերը (ինչպէս կ’ըսեն՝ էլիտար), բլուրներու վրայ թառած մեր պատմութեան նախարարական տոհմերու ապարանքները յիշեցնող առանձնատուները, կը պարզեն այն ճշմարտութիւնը, որ խորհրդային իրաւ կամ ենթադրեալ հաւասարութենէն դուրս գալէ ետք, հազիւ երեսուն տարի անց, յառաջած է ամերիկեան չափանիշներով հարուստներու դասակարգ մը, ոչ իսկ, բուռ մը մարդոց խումբ: Անդին, Երեւանի կեդրոնէն մէկ մղոն անդին գտնուող թաղամասերը, Շիրակի եւ Լոռիի ճանապարհներու եզրի գիւղերը, մեր դարուն չեն պատկանիր, կ’ապրին այլ ժամանակի մէջ:
Այսօր Հայաստանը կը գտնուի Խորհրդային Միութեան փլուզման յաջորդած տարիներու վայրագ սեփականաշնորհման-չարաշահման-կողոպուտի յառաջացուցած անելին մէջ: Ոմանք տնակ մը չունեցան, եթէ ունեցան անգամ չկրցան պահել, վաճառեցին հացի համար կամ մեկնեցան: Անմիջականօրէն եւ արագ դրամ շահելու համար, փոխանակ բանեցնելու գործարանները, անոնց երկաթները վաճառուեցան:
Պատերազմական վիճակը, ներքին սուր պայքարները, որոնք երբեմն յանգեցան արիւնայեղութեան, գործազրկութիւնը, աղքատութիւնը, անմարդկային աստիճանի հասած անհաւասարութիւնները, հանգամանքներու եւ պաշտօններու ակնբախ չարաշահումները, համագումար, դարձած են խրձիկ, ճկոյթի ետին պէտք չէ թաքնուիլ եւ զբօսաշրջիկի յուզումներու լաւատեսութիւն ունենալ: Երկիրը ճգնաժամի մէջ էր եւ է: Սառցակոյտի երեւցող մասը անդադրում արտագաղթն է, եւ ոչ ոք այնքան միամիտ է այդ չտեսնելու համար, նոյնիսկ երբ կը խօսուի հայրենադարձութեան մասին:
Օրակարգ պէտք է ըլլայ, ըլլար, նախ պահել եղածը. հողը եւ ժողովուրդը: Հողը՝ մշակուող, դէպի քաղաք չխուժող ժողովուրդով: Պահելու համար՝ պէտք է պաշտպանել: Այսինքն, թոյլ պէտք չէ տալ, որ գիւղացիին իրաւունքները յափշտակուին, սկսելով ջուրի մատակարարման կողոպուտէն: Գիւղացիին լոլիկի բերքը կը փճանայ երբ ջուր չի տրուիր, եւ քաղաքաբնակ հարուստի խաղողի այգին ջուր կը ստանայ: Այս ալ կողոպուտ է, փտածութիւն, եթէ կը սիրէք բառը՝ կոռուպցիա: Օրէնքներ մշակել լաւ է, բայց ինչպէ՞ս գործադրել, ինչպէ՞ս վերահսկել, ինչպէ՞ս արդար ըլլալ, որպէսզի փճացած լոլիկի արտին տէրը ձմրան վառելիք ունենալու համար դիմէ իր գիւղէն անցնող պատահական «արտասահմանցի տուրիստ»ին:
Սխալներ եւ ձախաւերութիւններ եղած են անցնող երեսուն տարիներու ընթացքին, յառաջացնելով դասակարգային տարբերութիւններու խորացումներ: Հին կամ նոր իշխանութիւն կախարդական ճիպոտով հրաշք պիտի չգործէին: Պիտի չսրբագրէին Ազգային Ժողովին մէջ կատարուած ոճիրին հետեւանքները, ոչ ալ ցոյցերու ընթացքին ցուցաբերուած կիրքերու ծանրակշիռ հետեւանքները: Այդ բոլորը կոշկոռ կապած են, եւ ծնունդ տուած՝ անհաշտ ճակատներու:
Մինչեւ ե՞րբ տկարացած երկիրը կարելի է աւելի տկարացնել շարունակելով խրամներու պատերազմը:
«Թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը ցարդ չյաջողեցաւ ամէն տեսակի բաժանումներուն համար լուծման ճանապարհներ բանալ: Հայաստանի մէջ յաղթողի եւ պարտեալի լարուածութիւնը հարցերը չի լուծեր, տնտեսութիւնը չի զարգացներ, ներազգային հատուածականութիւնը չի յաղթահարեր, ընդհակառակն, դիրքերը կը կարծրանան:
Այսօրուան անցանկալի կացութիւնը իրաւութեամբ գործող ղեկավարին, իշխանութիւն թէ ընդդիմադիր, պիտի թելադրէր չնպաստել ամբոխային կիրքերու հրահրումին, որ ամենէն դիւրին ճանապարհն է դիրքի վրայ մնալու: Կիրքի, դիրքապաշտութեան, սիրողականի եւ եսապաշՏութեան տխրութիւնները գերանցելով, կարելի կ’ըլլա՞յ յառաջացնել փոխահասկացողութեան, հաշտութեան, համագործակցութեան մթնոլորտ: Այս կրնան ընել ղեկավարութիւնը, ստեղծուած վերնախաւը, մտաւորականութիւնը: Մնայուն ախտ դարձած փոխադարձ քննադատութիւնները, վարկաբեկումները, դատերը, անոնց հունով՝ ոճիրները, ինքնասպանութիւները, ժողովուրդին մէջ ծնունդ կու տան հոգեհերձումի (psychose), որուն հետեւանքը այսօրուան աղիտալի մթնոլորտն է, երբ մարդիկ զիրար չեն լսեր, կը կարծեն որ միշտ իրենք ճիշդ են:
Ի հարկէ երկիրը կարիք ունի բազմատեսակ բարեփոխումներու, որոնց իրականացման համար անհրաժեշտ է համախոհութիւնը, Հայաստան սիրուած բառով՝ կոնսանսիւսը, առանց որուն բարեփոխումը կը դիտուի որպէս կողմի յաղթանակ, այսինքն, ինչպէս ըսի, կը շարունակուի իր անունը չըսող քաղաքացիական պատերազմը:
Ներկայ կացութիւնը դեռ քանի՞ տարի կրնայ տեւել, հաշուեյարդարի եւ յաղթողի-պարտեալի վիճակը խորացնելով:
Ոչ ոք թող խորհի, որ իր հետեւորդներով, որոնք երբեք ազգի մեծամասնութիւն չեն, ինք պիտի լուծէ կոշկոռ դարձած խնդիրները:
Թերեւս պէտք է երազել: Հեղինակութիւն մը, charisme ունեցող ղեկավար մը (Հայաստան կ’ըսեն՝ խարիզմա), կամ խումբ մը ղեկավարներ, որոշողները եւ որոշելու ցանկութիւն ունեցողները պէտք է հաւաքեն, յիսուն կամ հարիւր հոգի, եւ ըսեն, թէ սրահէն դուրս պիտի չգան մինչեւ որ հինգ կամ տասը տարուան համար համախոհութեան յանգին (տեսակ մը քաղաքացիական պատերազմի զինադադար), որպէսզի վարժուին իրարու հետ գործել, իրարու հանդուրժել, եւ մանաւանդ, վասն ապագայի, ըլլալ արդար եւ գիտնալ ներել:
Քանի մը տարին անգամ մը, ժողովրդային կիրքերու արդիւնքով ստացուած յաղթանակով (եւ պարտութեամբ) փակուղիէն դուրս գալ կարելի պիտի չըլլայ:
Բարձր խօսողները եւ կարմիր գլխարկ դնողները անպայման լաւ ղեկավար չեն:
Ինչպէ՞ս գտնել ճիշդ ուղին, որ չըլլայ յաղթանակի ուղի, այլ ըլլայ վերականգնումի ուղի:
Էսթէպլիշմընթները ձախողած են:
Իրաւ հայրենասէր իմաստուններ պիտի կարենա՞ն իրենց ձայնը լսելի դարձնել եւ ժողովուրդը, հետեւելով իր առհաւական ողջախոհութեան, պիտի լսէ՞ իմաստութեան կոչը: Լսել գիտնալ առաքինութիւն է: Այդ առաքինութիւնը չունին անփոխարինելիները: Ներսը եւ դուրսը:
Առհաւական ողջախոհութիւն, որ ոչ դրամատան հաշիւ է, ոչ վկայական, ոչ բարձրախօս, այլ պատմութեան իմաստութեան պատգամը:
Այս խօսքերը կրնան շատախօսութիւն կամ մենախօսութիւն համարուիլ: Բայց անոնք ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար լաւ ապագայի մը համար ճամբացոյց կրնան ըլլալ:
Դեռ կրնան ըլլալ…