
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
vproodian@gmail.com
«Լոս Անճելըս Թայմզ» թերթը Երկուշաբթի, 21 Սեպտեմբերին (2015) հաղորդեց, թէ քաղաքի հռչակաւոր «Կեթի» թանգարանը եւ Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը յանգած են համաձայնութեան՝ «Զէյթունի Աւետարան» անունով ճանչցուած ձեռագիր Աւետարանի առաջին 8 գրչագիր ու նկարազարդ էջերուն կապակցութեամբ:
Աւետարանը նկարազարդող արուեստագէտը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ միջնադարու ամէնէն յայտնի երկու գրիչներէն մէկը՝ Թորոս Ռոսլին (միւսը Սարգիս Պիծակն է):
Ըստ լրատուութեան՝ «Կեթի» այդ 8 էջերը գնած է 1994ին, ամերիկահայէ մը՝ փոխան այսօրուան հաշուարկով 1.5 միլիոն տոլարի: Բուն Աւետարանը կը գտնուի Մատենադարանին մէջ, Երեւան:
Դատական երկար բարակ եւ քանի մը տարի տեւած գործընթացէ ետք, կողմերը Երկուշաբթի օր հրապարակեցին իրենց համաձայնութիւնը, ըստ որուն Զէյթունի Աւետարանին այդ էջերը «կը պատկանին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ, միաժամանակ, Արեւմտեան թեմը կը յայտարարէ, որ էջերը կը նուիրէ թանգարանին՝ գնահատելով զանոնք 21 տարի լաւապէս պահպանելու թանգարանին քայլը»:
Այս յօդուածագիրին հետաքրքրութեան սահմաններէն դուրս են այս հարցին դատա-օրինական մանրամասնութիւնները, որովհետեւ բուն հարցը հոն չի կայանար:
Բուն հարցը կը կայանայ օրինական ձեւակերպումին ու համաձայնութեան հետեւեալ կէտերուն մէջ, ըստ որոնց.
Առաջին՝ ձեռագիր Աւետարանը կը պատկանի Հայց. եկեղեցւոյ,
Երկրորդ՝ Հայց. եկեղեցին Աւետարանի այդ էջերը կը նուիրէ «Կեթի» թանգարանին:
Այսինքն, մաքուր ու պարզ հայերէնով, Թորոս Ռոսլինի այդ ձեռագիր էջերուն տէրը հիմա ոչ թէ հայ ժողովուրդն է, ոչ թէ Հայց. եկեղեցին է, ոչ թէ Ազգային առաջնորդարանն է, այլ՝ միլիառատէր Փօլ Կեթիի թանգարանը…
Այս յօդուածագիրին կարծիքով՝ թէ՛ Զէյթունի Աւետարանը եւ թէ անկէ փրցուած, վաճառուած (եւ հիմա «նուիրուած») էջերը մաս կը կազմեն հայութեան մշակութային հարստութեան: Այս հարստութիւնը ոչ միայն ունի տէր, այլեւ՝ հոգածու հաստատութիւն մը, որ այս ձեռագիրի պարագային Մատենադարանն է:
Այնպէս որ, դատական կամ օրինական չորուցամաք տնօրինումները, որոնց առանցքին շուրջ համաձայնութեան յանգած են երկու կողմերու իրաւաբանները, բացարձակապէս ոչ մէկ արժէք ունին մեզի համար:
Ազգային առաջնորդարանին ո՞վ տուաւ իրաւունքը հայ ժողովուրդին պատկանող հարստութեան այս կամ այն բաժինը «նուէր» տալու, նոյնիսկ եթէ «նուէր»ը ստացողը ըլլայ աշխարհահռչակ թանգարան մը («Կեթի»ն կամ «Լուվր»ը, օրինակի համար):
1980ական թուականներուն, յոյն հռչակաւոր երգչուհի Մելինա Մերքուրի նշանակուեցաւ Յունաստանի մշակոյթի նախարար: Իր առաջին գործերէն մէկը եղաւ Բրիտանական թանգարանէն պահանջել հին Յունաստանի ժամանակաշրջանին պատկանող իրեր, որովհետեւ, կը փաստարկէր ան, այդ արուեստի գործերը (արձաններ եւ այլն) յոյն ժողովուրդին ստեղծած մշակութային հարստութեան մաս կը կազմեն եւ պէտք վերադարձուին իրենց իրաւատիրոջ՝ Յունաստանին: Մելինա Մերքուրի երկար պայքար մղեց (ժողովրդային բառապաշարով՝ «կռիւ-փաթըրթի» ըրաւ…) բրիտանական կայսերական ամբարտաւանութեամբ յատկանշուած օրինական համակարգի մը դէմ ու լուրջ յաջողութիւն ձեռք ձգեց:
Երկու պատկերներուն հակադրութիւնը յստակ է, չէ՞:
Բայց ընդհանուր պատկերը կը մնայ թէ՛ մտահոգիչ եւ թէ ընդվզեցնող: Տեսէք թէ ինչ կը պատահի. Հայաստանի կառավարութիւնը, փոխանակ տիրութիւն ընելու 1918-20ի առաջին Հանրապետութեան կառավարութեան շէնքին, կը վաճառէ զայն Տաշիրի Սամոյին: Նոյն իշխանութիւնները արդէն վաճառած են արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը (որ պանդոկի պիտի վերածուի), կը պատրաստուին վաճառելու մարզահամերգային համալիրը, անտէր լքած են Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչ Արամ Մանուկեանի բնակարանը Երեւանի մէջ: Հիմա, Ազգ. առաջնորդարանը հայ ժողովուրդին ստեղծած մշակութային հարստութենէն պատառիկ մը… «կը նուիրէ» թանգարանի մը, որ փոխարէնը, հայութեան մեծ շնորհ մը պիտի ընէ այդ մագաղաթեայ էջերը իր այցելուներուն ցուցադրելով (այլապէս, օ՜ ինչ սարսափ… այդ էջերը կրնային փտիլ Մատենադարանի անխնամ պահեստարանին մէջ կամ նոյնքան անփոյթ անձնակազմին ձեռքերուն մէջ, հա՞): Ազգային հպարտութիւն պատճառող ի՜նչ մեծ նուաճում:
Հիմա փաստօրէն, «Կեթի»ն է տէրը Թորոս Ռոսլինի ստեղծագործութեան: Ազգ. առաջնորդարան, «Կեթի» թանգարան եւ փաստաբաններ եռանկիւնին վրայ երկինքէն ինկան երեք խնձորներ: Երկուքը՝ «Կեթի»ին, իսկ երրորդը… գիրկը իրաւաբաններուն, որոնք կլորիկ գումարներու փոխարէն վերադարձան իրենց գրասենեակները: