
Ապրիլ 24, 2013
Այսօր ալ Ա.Մ.Ն.-ի նախագահ Օպաման չհամարձակեցաւ պատմական ճշմարտութիւնն ընդունիլ: Դարձեալ Ցեղասպանութիւնը «Մեծ Աղէտ որակեց:
Հայերս յուսախաբ ենք (Անձնապէս՝ չեմ), որ Օպաման, ինչպէս ԱՄՆի գրեթէ բոլոր նախագահները, Ապրիլ 24եան պատգամին մէջ «Ցեղասպանութիւն չըսաւ: Հետաքրքրական է. Օպամա ի՞նչ կը զգայ, երբ յիշէ իր խոստումը, զոր 5րդ անգամ ըլլալով կը դրժէր…: Կարծէք մեր կորուստները չեն բաւեր, դեռ աշխարհը կը զլանայ այդ կորուստներուն իսկական բնութագրումը տալ: Կրկնակի ոճիր կը գործադրուի:
Բայց, Թուրքիան ալ «յուսախաբ» է… Ոճրագործն ալ այդ յայտարարութենէն իբր թէ գոհ չէ: Օպամայի յայտարարութեան, գրեթէ անմիջապէս, յաջորդեց Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու նախարարութեան հերթական բողոքը թէ՝ տեղական քաղաքական նկատառումներով մղուած, Օպաման հարցին միակողմանի կը մօտենայ եւ միայն հայկական տեսակէտը կը ցոլացնէ: Թուրքերը կ՛ակնկալեն, որ ԱՄՆի նման կարեւոր դաշնակից մը հայերը քաջալերէ աւելի «իրապաշտ եւ հաշտարար» կեցուածք որդեգրելու: Զայրացա՞ք:
Աւելի քան 10 ժամ անցեր է եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեռ լուռ է: Սփիւռքի նախարարութիւնը հաւանաբար յայտարարութեան մասին չէ լսած տակաւին: Ազգային Ժողովէն ձայն չկայ: Ցարդ, բողոքի միակ ձայնը Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբինն է:
Թուրքիան, առանց միջոցներու խտրութեան, ամբողջ տարին կ՛աշխատի Երիտ-Թուրքերու իրականացուցած Ցեղասպանութեան ճանաչումը կանխարգիլելու եւ պատմական իրականութիւնները կոծկելու համար: Կազմակերպութիւններ եւ անհատներ անդադար կ՛աշխատին: Իրենց հնարաւորութիւնները չեն զլանար երկրի գործարարները, դիւանագէտները, երեսփոխաններըը: նախարարները եւ… նախագահը: Ապրիլին, մեծ խումբերով Ուաշինկթըն կը փութան՝ զարգացումներուն տեղւոյն վրայ հսկելու համար: Եւ՝ սպառնալիքէն մինչեւ կաշառք…միջոցները շատ են:
Մեր իշխանութիւնները ի՞նչ կ՛ընեն: Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան քսան տարիներուն, քսան Ապրիլ 24-երուն, Հայաստանը ո՞ր լուրջ քայլով հանդէս եկաւ: Բացառաբար, միայն մէկ Ապրիլին, Հայաստանի Ազգային Ժողովի Դաշնակցական պատգամաւորներ ներկայ էին եւ ձայն բարձրացուցին: Բայց, մեր յիշողութեան մէջ ամենէն լաւ դրոշմուած քայլը 2009 Ապրիլ 23-ի…Այո, Ապրիլ 23-ի Հայաստանի Հանրապետութեան, Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններո մասին կէս գիշերային յայտարարութիւնն էր…:
Հայաստանի ժողովուրդը մխրճուած է տնտեսական եւ ընկերային բազմատեսակ թշուառութիւններու մէջ: Երկերը կը պարպուի: Մեր արտաքին քաղաքականութիւնը «չկայ»ի պէս է: Կարծէք այդ երկրի իշխանութիւնները օտարներ են…:
Համահայկական խնդիրները աւելի լաւ վիճակի մէջ չեն: Փա՞ստ. այսօրը: Ցեղասպանութեան ճանաչումը, նիւթական եւ բարոյական պահանջատրութիւնը, հողերու վերադարձի պահանջը միան Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ եւ բան չըսող յայտարարութիւններով չեն լուծուիր: Հարիւրամեակը դրան ետեւն է…:
Կարճ. այսօր դարձեալ համոզուեցայ, որ մեր իշխանութիւնը իրապէս «վերնախաւ է», որ կ՛ապրի ժողովուրդէն անջատ, հոն, այն «վեր»ը, ուր իրեն համար ստեղծած է…: Մեր իշխանութիւնը ո՛չ Հայաստանով, ոչ ալ Սփիւռքով մտահոգ է…:
Վստահաբար, ինծի նման շատեր կը հարցնեն. Մեր իշխանութիւնները ինչո՞վ զբաղած են…: