
«Մեզի կը նեղացնէ Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը, մասնաւորապէս` երբ կ՛իմանանք, թէ նախորդ տասը տարիներու իրադարձութիւններուն մասին հետաքննութիւններ կը բացուին եւ ձերբակալութիւններ կը կատարուին: Մենք այս իրավիճակը կը նկատենք Հայաստանի ներքին հարցը` մաղթելով, որ ներքին խնդիրներուն լուծումը կատարուի օրէնքի եւ սահմանադրութեան ամուր հիմերուն վրայ», ըսաւ Լաւրով:
Լաւրովի համաձայն, Ռուսիա շահագրգռուած է, որ այն երկիրները, որոնց հետ Մոսկուա դաշնակցային յարաբերութիւններ եւ ռազմավարական գործընկերութիւն ունի, ըլլան կայուն: «Այդ երկիրներուն կայունութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի ներքին գործընթացները զարգանան Սահմանադրութեան համապատասխան, եւ բարենպաստ պայմաններ ստեղծուին` տնտեսութեան զարգացման եւ ընկերային մարզի բարելաւման համար», հաստատեց ան: Լաւրով ընդգծեց, որ իրենք ուշադիր կը հետեւին այն իրադարձութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան, երբ ուժի մէջ մտան սահմանադրական նոր բարեփոխումները, որոնց համաձայն` լիազօրութիւնները անցան խորհրդարանին կողմէ ընտրուած վարչապետին:
«Մենք չենք ձեռնարկած որեւէ քայլի կամ յայտարարութեան, որ կրնար մեկնաբանուիլ իբրեւ Հայաստանի ներքին հարցերու միջամտութիւն: Սակայն կարելի չէ ըսել, թէ արտաքին միւս խաղացողները մեր վարուելակերպը ունեցած են», եզրափակեց Լաւրով: