

ԵՐԵՒԱՆ.- Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ ամիսներուն, շնորհիւ նիւթական ներդրումներու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը բացումը պիտի կատարէ կարգ մը դեսպանատուներու: Յատկապէս Մեքսիքոյի մէջ պիտի բացուի Հ.Հ. դեսպանատուն: Նաեւ այլ դեսպանատուներ պիտի բացուին Ասիական երկու երկիրներու` Ինտոնէզիոյ եւ Վիեթնամի մէջ: Նշենք թէ, Ինտոնէզիա` Աշխարհի ամենէն աւելի իսլամ բնակչութիւն հաշուող երկիրն է: Ամիսներ առաջ, Երեւանի մէջ, արդէն իսկ կատարուած էր Ինտոնեզիոյ դեսպանատան բացումը:

Ընթացքի մէջ է նաեւ Շուէտի մէջ դեսպանատուն բանալու ծրագիրը:
Արտաքին Գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան յայտնեց թէ, այդ երկիրներու հետ սերտ յարաբերութիւններու հաստատումը նաեւ հեռահար նպատակներ ունի, մասնաւորապէս` միջազգային տարբեր կառոյցներու մէջ հայանպաստ բանաձեւերու եւ որոշումներու ընդունման առումով:
Շնորհիւ 436 միլիոն դրամի պիտի բացուին նոր դեսպանատուները: 2013 թուականին, Արտաքին Գործոց նախարարութեան համար պիտի տրամադրուի տաս միլիառ 554 միլիոն դրամ:
Յիշատակելի է Մեքսիքոյի դեսպանատան բացումը, նկատի ունենալով որ վերջերս, մայրաքաղաքի մէկ զբօսայգիին մէջ զետեղուած էր մարմարեայ պատուանդանի վրայ բազմած Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի ոսկեայ տառերով փորագրուած հսկայ արձանը, որ ցայսօր մեծ աղմուկ կը ստեղծէ, հետզհետէ դժգոհութիւն յառաջացնելով, տեղւոյն բնակչութեան մօտ, որ անտեղեակ կը թուի ըլլալ, այս յուշարձանի տեղադրման ներքին ծալքերէն: