ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

0 0
Read Time:7 Minute, 22 Second


Մարտ 21-էն 23, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի եռօրեայ համաժողովը, որ հովանաւորեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը։ Համաժողովը կը վարեն նախագահներ՝ Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Աշոտ Մելքոնեան եւ Երուանդ Փամպուքեան։ Յոտնկայս ունկնդրելէ ետք Հայաստանի, Արցախի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քայլերգները, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան բարի գալուստի խօսք արտասանեց ու ապա բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարէ խորհրդաժողովը։
Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք ներկաները նշեց, որ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրումը սովորական երեւոյթ մը չէր, ինչպէս սովորական երեւոյթ պէտք չէ ստանայ անոր նշումը, որովհետեւ Հայաստանի այս անկախացումը յաջորդած է թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին եւ թէ համաշխարհային տագնապալից պայմաններուն, հետեւաբար Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը առաջին հերթին մեր ժողովուրդին համար պէտք է դառնայ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն այն բոլոր հայորդիներուն նկատմամբ, որոնք գրիչով, խօսքով, գործով, ծառայութեամբ եւ արիւնով անկախութիւն կերտեցին։
Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ պէտք չէ դէպքերը դիտել միակողմանի, զգացական կամ քաղաքական ոսպնեակներէն, այլ զանոնք պէտք է դիտել քննական ու գիտական մօտեցումով։
Եզրափակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը թուեց երկու կենսական անդրադարձներ.-
Ա) Ներդրումը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան այն ղեկավարներուն, որոնք անկախութեան անկումէն ետք գալով Լիբանան լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ունեցան կարեւոր դերակատարութիւն, ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին մէջ. անոնք են՝ Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Կարօ Սասունի, Աւետիք Սահակեան (Հայր Աբրահամ) եւ Սիմոն Վրացեան։
Բ) Անկախացումի անկումէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Հայաստանի եռագոյն դրօշին, անոր խորհուրդին ու պատգամին հաւատարիմ մնալը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եռագոյնի խորհուրդին մէջ տեսաւ հայ ժողովուրդի անկախութեան երազը ու ազատ անկախ Հայաստանը վերակերտելու պատգամը։
Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք ընթերցուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ուղերձը, ուր կարեւորութեամբ շեշտուած է Հայաստանի անկախութեան վերականգնումը ողջ աշխարհի համար բարդ ու խրթին իրադարձութիւններուն մէջէն։ Նախագահը յայտնած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումով հայերը ո՛չ միայն վերապրեցան, այլ նաեւ գտան զարգացման ճանապարհ մը, որուն երեւոյթը քաղաքական ու հոգեբանական ոստում մը կը ներկայացնէ։ Ուղերձը շեշտը դրած է նաեւ երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցող անկախութեան հերոսական ըլլալուն մասին, իսկ այսօր զանոնք իւրացնելու ու ապագայի նկատմամբ աւելի խոհեմ գործելու հրամայականին մասին։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան եւ արտասանելով իր խօսքը յայտնեց, որ պետականութեան վերականգնումը սոսկ հռչակագիր ու օտարին կողմին մեզի մատուցուած պարգեւ մը չէր, այլ ընդամէնը երեք տարի առաջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի վերապրումն էր, որ իր մէջ ոչ միայն ուժ գտաւ տէր կանգնելու իր սեփական ճակատագրին ու երկրին, այլ նաեւ վճռորոշ ճակատամարտերուն մէջ ջախջախեց ցեղասպան թշնամիին։ Նախագահը նշեց, որ պարտաւոր ենք միշտ յիշել մեր մեծերը, որոնք մեր պատմութեան ճակատագրական այդ ժամանակաշրջանին մասնակից եղան հայրենիքի պաշտպանութեան։ Ան յատուկ կերպով յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոսին Սարդարապատի ճակատամարտին մասնակցութիւնը։
Ընթերցուեցաւ նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին խօսքը, ուր ան կը յայտնէ, որ պետականութեան վերականգնումը մղիչ ու ոգեւորիչ ուժ դարձաւ համայն հայութեան համար, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի նուիրական ու վեհ ձգտումներուն վկայութիւն՝ կառուցելու համար ժողովրդավարական, իրավական ու ընկերային պետութիւն եւ ազատ ու արդար հասարակական կեանք։ Այս մէկը հիմք դարձաւ, որ հայ ժողովուրդը 1991 թուականին անգամ մը եւս հռչակէ ազատ ապրելու իր իրաւունքը ու հայրենիքի սահմանները պաշտպանէ թշնամիներու ոտնձգութիւններէ։
Ընթերցուեցաւ Ամենապատիւ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքին խօսքը, ուր շեշտուած էր հայ ժողովուրդին քրիստոնեայ դիմագիծին ու Յիսուս Քրիստոսի կեանքի օրինակին հետեւելուն հրամայականը։ Խօսքին մէջ Պատրիարքը ընդգծած էր, որ հայ ժողովուրդը իր գոյապայքարը մղած է կրօնքի եւ հայրենիքի համար ու առանց կորսնցնելու իր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը առ Աստուած ապաւինած է անպարտելի Քրիստոսին։ Ան շեշտը դրած էր միաբան եւ միակամ ու ազգին գերագոյն շահերէն մեկնելու հրամայականին մասին։
Աւարտին, Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանը արտասանեց իր խօսքը։ Վերապատուելին մաղթեց, որ համաժողովը անկախ պետականութեան արժէքը հիմնաւորող ու անոր ի խնդիր համատեղ աշխատանք հունաւորող ուժեղ ազդակ հանդիսանայ։ Ան յայտնեց, որ հայրենիքը ոչ միայն հող ու մշակոյթ է, այլ ամէն բանէ աւելի Աստուածատուր պարգեւ է մարդուն, հետեւաբար հարկ է անսակարկ ծառայութեամբ եւ զոհաբերութեամբ արժեւորել մեր պատկանելիութիւնը անոր, որպէսզի կարենանք միանալ զայն պահողներուն շարքին։
Ակադեմիկոսներն ու պատմաբանները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական գործիչները ցարդ գումարեցին վեց նիստեր, որոնք կ՚անդրադառնան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պատմական նշանակութեան (դասախօսներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Տիար Երուանդ Փամպուքեան), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պատմաքաղաքական ենթահողին (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Վահան Մելիքեան, Փրոֆ. Ռուբէն Սահակեան եւ Փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան, ատենապետ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետա-իրաւական կառուցուածքին եւ ներքին դրութեան (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Արարատ Յակոբեան, Փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, Դոկտ. Սուրէն Սարգսեան, ատենապետ՝ ակադեմիկոս Եուրի Սուարեան), Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Գեղամ Պետրոսեան, Դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան, Դոկտ. Վարդան Ոսկանեան, ատենապետ՝ Տիար Կիրօ Մանոյեան), Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման (զեկուցաբերներ՝ Փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, Փրոֆ. Կարէն Խաչատրեան, Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան, ատենապետ՝Դոկտ. Կարէն Խանլարեան) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դերը հայկական իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. ՎլատիմիրՎարդանեան, Դոկտ. Արմէն Մարուքեան, Դոկտ. Արման Կիրակոսեան, ատենապետ՝ Փրոֆ. Համլէթ Յարութիւնեան)։
Վերջին չորս նիստերը քննեցին 1918 թուականէն 1991 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս՝ Արցախի Ատրպէյճանին յանձնումը, 1960-70-ական թուականներուն Հայաստանի այլախոհական շարժումները եւ խորհրդային կարգերուն մէջ անկախութեան գաղափարի պահպանումը (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, Դոկտ. Ամատունի Վիրապեան, Տիար Միքայէլ Հաճեան, ատենապետ՝ Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան)։ Նիստերը նաեւ յաջորդաբար քննարկեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ Հայաստանի անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը (զեկուցաբերներ՝ Տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Տիար Նազարէթ Պէրպէրեան, Փրոֆ. Էտիկ Մինասեան եւ Դոցենտ Խաչատուր Ստեփանեան, ատենապետ՝ Տիար Շահան Գանտահարեան), անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը հայ մշակոյթին մէջ (Դոկտ. Գուրգէն Վարդանեան, Փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, Դոկտ. Մովսէս Հերկէլեան, Տիար Կարօ Յովհաննէսեան, Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, ատենապետ՝ Տիար Ժիրայր Դանիէլեան) եւ վերջապէս՝ հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան կերտման, պահպանման ու հզօրացման մէջ (զեկուցաբերներ՝ Դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան, Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Հ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Թոփալեան, ատենապետ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան)։ Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, ինչպէս նաեւ համաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում եւ համաժողովի արժեւորում։
Համաժողովին պաշտօնական փակումը կատարեց Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ իր խօսքին մէջ առաջին հերթին գնահատեց համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները ու ժողովականներուն ներկայութիւնը, որոնց շնորհիւ իրականացաւ նշանակալից եւ բարձրորակ եռօրեայ համաժողով. Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամները՝ Տիար Երուանդ Փամպուքեան, Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Տիար Շահան Գանտահարեանին, Տիար Կիրօ Մանոյեան, Դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Տիար Խաչիկ Տէտէեան։ Հայրապետը ընդգծեց, որ համաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած տարբեր կարծիքները, մտածումները եւ նշումները հարստացուցիչ էին, մինչ միաձոյլ ու միատեսակ կարծիքներ, մանաւանդ երբ անոնց մէջ զգացական գիծը աւելի շեշտուած է, քան գիտական ու քննական մօտեցումը, կրնան նոյնիսկ քանդիչ ըլլալ, ու աւելցուց, որ այս տարբերութիւններէն վեր հարկ է համախմբուած մնալ սրբազան արժէքներու շուրջ, որոնք կը կազմեն հայ ինքնութեան հէնքը։

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ. «Պատմութիւնը թուականներու ու դէպքերու ամբողջութիւն մը չէ, այլ անոր ետին գտնուող զարգացումներն են, որոնք ժողովուրդին ինքնութիւն կու տան ու ազգ կը դարձնեն»։ Պատմական դէպքերը պատմաքաղաքական դիտանկիւններէ հարկ է նայիլ ու վերլուծել։ Փաստօրէն, Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդին անկախութեան հաւաքական տենչն ու խոյանքի արտայայտութիւնն է, որուն շնորհիւ մենք կարողացանք ունենալ 1991-ի 21 Սեպտեմբերը, յայտնեց Նորին Սրբութիւնը։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պատմագէտներ՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին ու Տիար Երուանդ Փամպուքեանին պարգեւատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բարձրագոյն կարգի շքանշանով՝ Իշխանի շքանշանով։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմագէտները յարգանքի արժանի են իրենց տարած աշխատանքին համար։ Ան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին մօտ ըլլալով երկուքը շատ բան սորված են անկէ ու դարձած են ազատ, անկախ Հայաստանի առաքեալներ։ Անոնք մօտ ու գործակից եղած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, յատկապէս Տիար Երուանդ Փամպուքեանը։

Համաժողովին առաջին օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ բացումը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի նուիրուած յուշակոթողին, որ բարձրացաւ է Անթիլիասի Մայրավանքին շրջափակին մէջ։
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Արցախի Հանրապետութեան Վսեմաշուք նախագահ Բակօ Սահակեան, սկաուտներու կազմած շարեքուրն ընդմէջէն նախ ուղղուեցան Մայր Տաճարին աջ կողմը կանգնած Նահատակաց մատուռ, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն։ Ապա ուղղուեցան Մայր Տաճարին ձախակողմը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը կատարելու։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի ներկայացուցիչԳարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Ամենապատիւ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Պատրիարքի ներկայացուցիչ, Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, երեսփոխաններ, նախարարներ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգային վարժարաններու աշակերտներ, Դպրեվանքի սաներ, միաբան հայրեր եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն։
Ողջունելէ ետք ներկաները, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ աւելի քան հինգ դար ստրկութիւն ու հալածանք, ցեղասպանութիւն ու աքսոր ապրած հայ ժողովուրդը իր հայրենի դարաւոր հողին վրայ 28 Մայիս 1918-ին կերտեց իր անկախութիւնը, իր կեանքի «Նո՜ր արշալոյս»ը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ թէեւ 1918-ն երկար կեանք չունեցաւ, սակայն ծածանեցուց եռագոյն դրօշը ու հայ ժողովուրդը շարունակեց կառչած մնալ իր սրբազան հողին ու մշակոյթին ու անկախութեան վերատիրացման մինչեւ որ այդ իրականացաւ 1991-ին։ «Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ազգերու անկախութիւնը կը նուաճուի հաւաքական հաւատքով ու արիւնով եւ կը պահուի հաւաքական քրտինքով», նշեց Հայրապետը ու շարունակեց՝ ըսելով, որ անկախութեան համար կանգնեցուած յուշակոթողը կազմուած է երեք ամրակուռ սիւներէ՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որոնք միասնաբար անբաժան ու անբաժանելի երրորդութիւն մըն են, որոնք կը բարձրանան դէպի երկի՛նք, անմահութի՛ւն եւ յաղթանա՛կ։ Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով, որ յուշակոթողը յուշարար մըն է, որ պայքարը կը շարունակուի մինչեւ վերականգնումը ամբողջական Հայաստանին։
Նշենք, որ յուշակոթողին բարերարութիւնը ստանձնած էր Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը, իսկ անոր հեղինակ քանթակագործն է Անդրանիկ Դաւթեանը։ Գործին իրականացման կարեւոր ներդրում ունեցան են Կաթողիկոսարանի ճարտարապետներէն Յակոբ Շամլեանն ու Վազգէն Չէքիճեանը։

Համաժողովի ընթացքին ժողովականները բարձրացան Պիքֆայա եւ այցելեցին Ս. Աստուածածին Վանք, ուր շրջեցան Դպրեվանքին մէջ ու տեղեկացան անոր կրթական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Վանքին շինարարական աշխատանքներուն մասին։ Նախապէս անոնք, նաեւ այցելեցին Թռչնոց Բոյն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles