
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան քուարկութեան մասնակցեցաւ եւ ապա լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Մարգարեան ըսաւ, որ ան քուէարկած է «Այո՛» յանուն մեր ապագային:
Մարգարեանի կարծիքով` հանրաքուէէն ետք երկրին մէջ նոր քաղաքական դաշտ պիտի ձեւաւորուի եւ իրական մրցակցութեան կարելիութիւն պիտի ստեղծուի:
«Ես վստահ եմ, որ մենք այսօր Հայաստանի համար նոր սկիզբ պիտի դնենք, վստահ եմ, որ ամէն ինչ դէպի լաւ պիտի ընթանայ: Այսօրուան իրականութեան մէջ քաղաքական ասպարէզ հետապնդող մարդիկ վաղուընէ սկսեալ պիտի փորձեն աշխատիլ, ժողովուրդին նախապատրաստելու եւ ժողովուրդին քուէով գալու իշխանութեան», յայտնեց Մարգարեան: Իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ կեղծիքներու մասին տակաւին ահազանգներ չկան:

«Եթէ ըլան, կ՛ամփոփենք, կը հասկնանք: Բոլոր ահազանգները, տեղեկութիւնները պէտք է ստուգել, նոյնականացման քարտերով քուէարկելու համակարգը, որ գործեց, բնականաբար, հասկնալի է, որ կարգ մը դժգոհութիւններ պիտի ստեղծէր, չեմ բացառեր: Վստահ եմ, որ ընտրակեղծիքներու մասին մեր վստահուած անձերը ժամանակին պիտի ահազանգեն: Այդ մարդիկը ընդհանրապէս համաձայն չեն, որ սահմանադրութիւնը փոխուի: Մինչեւ հիմա կատարուած սխալները ուղղելու կարելիութեան համար քուէարկած եմ եւ որ իշխանութիւնն ու պետութիւնը այլեւս չնոյնանան, վերանայ իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ տարանջատումը: Ես չեմ հասկնար այն մարդիկը, որոնք վաղուց կ՛երազէին երկրի կառավարման համակարգը փոխել, հիմա դէմ են, ատիկա իրենց խիղճին վրայ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան` նշելով, որ ընտրութենէն ետք ժողովուրդը պիտի հասկանայ սահմանադրական փոփոխութիւնների դրական արդիւնքը:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան իր քաղաքացիական պարտքը կատարեց եւ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին , ըսաւ.- «Քուէարկած եմ յանուն իմ պատկերացուցած ուժեղ, կազմակերպուած, բարեկեցիկ Հայաստանի: Մեր հիմնական ըսելիքը այս ընթացքին եղած է այն, որ քաղաքացիները իրենց ձայնը կարեւոր նկատեն, ըլլան աշխուժ, վստահ ըլլան, որ իրենք կրնան մեր երկրին մէջ արմատական-որակական փոփոխութիւններու հասնիլ»: