ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿԸ

0 0
Read Time:36 Second

 Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախարար Գագիկ Բեգլարեան յայտարարած է, թէ Հայաստան պիտի ունենայ հաղորդակցութեան իր սեփական արբանեակը:
Նախարարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսաստանի մէջ՝ տեսակցելէ ետք «Ռուսքոսմոս»ի տնօրէնին հետ՝ ռուսական այն ընկերութեան, որ արբանեակները կը զետեղէ անջրպետային իրենց ծիրերուն մէջ: Հայկականը պիտի գրաւէ 71,4 E տեղը:
Այս արբանեակը պիտի ծառայէ հաղորդակցութեան, գիտական հետազօտութիւններու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան գետնի վրայ՝ Հայաստանի ապահովութեան ամրապնդման:
Նոր Գիւղի թաղաշրջանը ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուեցաւ, «Հաուն» հրթիռներու օգտագործումով: Հրթիռներէն մէկը հարուածեց Սուլէյմանէյի շրջանը, իսկ երկրորդ մը ճեմարանի շրջանին մէջ գտնուող «Զաւարեան» դպրոցին մօտակայ թաղը, հայ ընտանիքի մը տան փլուզման պատճառ դառնալով: Զոհուեցան Յասմիկ Կիրակոսեանը եւ Պարսում Պարսումեանը: Ընտանիքի երեխան ծանրօրէն վիրաւորուած՝ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Վիրաւորներու թիւը անյստակ է:
Հայկական թաղաշրջաններուն հսկող յանձնախումբերը կը զգուշացնեն թիպուկահարներու վտանգէն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles