
Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութեան, Մ.Ա.Կ.-ի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովին իրականացուցած երկշաբաթեայ գիտաժողովի ծիրէն ներս, Մարտ 12ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ կանանց իրավիճակին նուիրուած քննարկում մը, որուն ներկայ եղան Մ.Ա.Կ.-ի շարք մը բաժանմունքներէ, ինչպէս նաեւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններէ ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ անհատներ։ Ներկաներուն մէջ կային Հ.Օ.Մ.-ի առնուազն 55 անդամներ՝ Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Յունաստանէն եւ Հայաստանէն։
Քննարկումին բացումը Հ.Օ.Մ.-ի անունով կատարեց դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, որ ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, բեմ հրաւիրեց Մ.Ա.Կ.-ի մօտ Հայաստանի դեսպան՝ Զօհրապ Մնացականեանը։
Դեսպանը շեշտեց, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց կարելին կ՚ընեն կիները — յատկապէս գիւղական շրջաններէն — ներգրաւելու երկրին տնտեսութեան զանազան մարզերէն ներս, ներդրումի ու մասնակցութեան յաւելեալ կարելիութիւններ ընձեռելով անոնց։
Առաջին խօսք առնողը եղաւ Միացեալ Ազգերու Մանուկներու անմիջական օգնութեան միջազգային Ֆոնտի (UNICEF) կողմէ՝ Դոկտ. Թօպի Ուիքս՝ որ խօսեցաւ ճշգրիտ տեղեկութիւններու հաւաքման ու քննարկման անհրաժեշտութեան մասին, առանց որուն կարելի չէ՛ ճշգրիտ եզրակացութիւններու յանգիլ ու կիներու եւ մանուկներու իրավիճակի բարելաւում իրականացնել։ Այս ուղղութեամբ, ան շեշտեց տուեալներու ընդարձակման կարեւորութիւնը՝ մասնաւորաբա՛ր սեռերու հաւասարութեան համար տարուող ներկայ աշխատանքներու ընթացքին։
Ապա, Հայաստանի գիւղերուն մէջ ձեռային աշխատանքներու արտադրութիւնը խթանող եւ անոնց առեւտուրը դիւրացնող «Հայրենիքի զարգացման» նախաձեռնութենէն՝ Արազ Չիլոյեան, մանրամասնութիւններ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան մասին։
Իր կարգին, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ-ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց Հայաստանի գիւղական շրջաններուն մէջ Հ.Օ.Մ.-ի շարք մը ծրագիրները՝ լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս Հ.Օ.Մ.-ի Ախուրեանի «Մօր ու Մանկան» առողջապահական կեդրոնի եւ ծննդատան իրագործումները, որոնցմէ օգտուած են աւելի քան 150 հազար քաղաքացիներ՝ 1998էն ի վեր։ Ան ներկայացուց նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի ջերմոցներու եւ ոռոգման ծրագիրները, որոնք կ՛իրականացուին Մ.Ա.Կ.-ի հետ գործակցաբար։
Նշենք, որ սոյն երկշաբաթեայ գիտաժողովին ընթացքին, Հ.Օ.Մ.-ը նաեւ համահովանաւորած էր գիւղական շրջաններու մէջ ապրող կանանց առողջապահութեան նուիրուած քննարկում մը։
Երկու շաբաթ տեւող Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի 62րդ նիստերու ընթացքին, Հ.Օ.Մ.-ը նաեւ համահովանաւորեց Առողջապահութեան հերթական նիստը: «Գիւղաբնակ կանանց եւ աղջկանց իրավիճակի եւ ներուժի զարգացման պատասխանատու հոգատարութեան կառուցումը» խորագրով այս հերթական նիստը կազմակերպուած էր Մ.Ա.Կ.-ի Առողջապահութեան Յանձնախումբին կողմէ:
Կանանց Կարգավիճակի Յանձնաժողովի 62րդ նիստերու մասնակից Հ.Օ.Մ.-ի անդամները իրենց ներդրումը ունեցան զանազան ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու եւ Մ.Ա.Կ.-ի անդամ պետութիւններու ու բաժանմունքներու կողմէ կազմակերպուած նիստերուն միասնաբա՛ր սատար կանգնելու գիւղաբնակ կանանց եւ աղջկանց իրաւասութիւններու անսակարկ արժեւորման եւ իրականացման:
Հիմնուած 1910 թուականին, ՀՕՄը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը 26 երկիրներուն մէջ, մարդասիրական ծառայութիւններ մատուցելով թէ հայրենի եւ թէ օտար շրջանակներէ ներս: Իր ծառայութեան ուխտին ու մարդասիրական ծրագիրներու միջոցաւ Միութիւնը սատարած է կիրներու հզօրացման, որոնք իրենց կարգին նպաստած ու մասնակցած են իրենց համայնքներու բարելաւման՝ նպաստելով նոյն ատեն դաստիարակչական, առողջապահական, ընկերային եւ անմիջական օգնութեան աշխատանքներուն:
Նոյն ատեն, Հ.Օ.Մ.-ը — տասնամեակներէ ի վեր — կը գործէ Մ.Ա.Կ.-էն ներս եւ անդամ է անոր Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդին (ECOSOC). Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կը խնդրենք այցելէք www.ars1910.org