Սարդարապատ, Ուրկէ Ծագեցաւ Մեր Վարդահեղեղ Արշալոյսը

0 0
Read Time:5 Minute, 41 Second

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն ալ մայիս էր եւ հայոց աշխարհէն ներս կռիւ կար: Կռիւ` կենաց ու մահու: Ու ոչ միայն կռիւ, այլ մշտապէս մաքառում, պայքար, յանուն մարդկային սրբազան իտէալին, որ կը կոչուի ազատութիւն, որովհետեւ հայը իր ծնունդէն ի վեր լիովին ըմբռնած էր իմաստը ի՛ր արեան եւ ի՛ր անկախութեան:

Ըսի՛ կար մահ, եւ ժամանակները չար էին եւ հայոց երկինքին արեւը փոխուած էր: Մթագնած: Այդ օրերուն էր, որ մեր ցեղին դիմաց ցցուած էին վճռական պահեր: Սոսկում ազդող եւ մահացու:

Այս բոլորը ամէն բանէ առաջ մեզի մտածել կու տան, թէ ո՞վ է այս հայը, որ սովորական անհատ մը ըլլալով հանդերձ, է՛ նաեւ իր իսկ իւրայատուկ նկարագիրով արտասովոր ներկայութիւն մը, այս երկրագունդին վրայ:

Հայը ո՞վ է, յաճախ ես ինծի ալ հարց կու տամ շուարած: Ու իբրեւ պատասխան ես ինծի պիտի ըսեմ, ոեւէ անհատ, նոյնիսկ երբ պարզապէս կ՛էջադրէ մեր պատմութիւնը, պիտի հաստատէ, որ հայ ըլլալը թէեւ բարդ է,  սակայն հայ մնալը` առաւել դժուար:

Այլ խօսքով` հայ ըլլալը հերոսական բան է: Ճակատագիր է եւ դարերէն հասնող հրամայական պատգամ:

Հայը պայքարող է: Անցեալ մը ունի տառապանքով լի եւ սակայն յաւերժութեան հետ խառնուած: Ազատ եւ անկախ հայրենիքի սէրը իրեն համար միայն հայրենասիրութիւն չէ, այլ նաեւ ազգային արժանապատուութիւն:

Ազատ եւ անկախ հայրենիքի մը տէրը դառնալը իր դարաւոր երազը եղած է միշտ: Հայկ նահապետէն ժառանգած է այսպէս ազատ ապրելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու իր այս անկրկնելի նկարագիրը:

Հայը այն անհատն է, որ կեանքէն սորված է տառապանքի լեզուն եւ որ իրեն համար հայրենի հողն ու մայրենի լեզուն վերապրումի գործիքներ են:

Հայը միշտ արարող ու կառուցող եղած է եւ  յաճախ իր կեանքին գնով ստիպուած եղած է ամէն անգամ պաշտպանելու իր ստեղծածը:

Ան նաեւ եղած է յամառ, սակայն` հայրենասէր: Ազգասէր, եւ նոյնքան ալ` անհաշտ: Իր մէջ վառ մնացած է սրբազան խորհուրդի մը անմահութիւնը:

Խաղաղասէր քրիստոնեայ ըլլալով` ան եղած է նաեւ ստեղծարար մշակ, բայց երբ դանակը ոսկորին հասած է, հերոսամարտերու դիմած է եւ հերոսամարտեր արձանագրած` իր պատմութեան էջերուն մէջ:

Դարերու ընթացքին ամէն տեսակի նենգ, վայրագ եւ թշնամի տեսած է: Տեսած է շատ ու շատ վայրի ցեղեր, ո՞ր մէկը կարելի է յիշել եւ ուրկէ՞ սկսիլ:

Այսպէս` տակաւին հռոմէացիներ, սելճուքներ, պարսիկներ, մոնկոլ-թաթարներ, արաբներ, քիւրտեր, թուրքեր, եւ ներկայիս ալ` ազրպէյճանցիներ: Այս բոլորին ոտնձգութիւններուն դէմ կռուած է իր ազգային պատուով:

Հայուն մէջ տեսանելի են իր անդիմադրելի ձգտումն ու ներքին հպարտանքի ներուժը: Որովհետեւ հայը միշտ սիրած է եւ կը սիրէ իր երկիրը, նաեւ կը պաշտէ իր հայրենի հողը: Իր կռիւը եղած է բազմաճակատ: Կռուած է իր բոլոր թշնամիներուն դէմ: Շահին, սուլթանին եւ ցարին:

Կոտորածներուն ամէնէն ահռելին ու անմարդկայինը տեսած է եւ սակայն չէ յուսահատած: Եթէ խաղաղութիւն ուզած է` անոր տիրացած է միայն զէնքով:  Մէկ խօսքով` ինք հրացանէն դուրս ձգուած աննպատակ գնդակ մը չէ եղած, երբե՛ք:

Այս է իմ եւ մեր գիտցած հայը:

Բարի, ազատասէր, յաճախ անմիաբան, սակայն միշտ ըմբոստ:

Ու 20-րդ դարու սկիզբն էր, երբ իր յաղթական բազուկով կրցաւ հայրենի հողին վրայ վերահաստատել իր ազգային պետականութիւնը, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ յատկապէս Սարդարապատի ճակատամարտերով, որոնց յաղթանակին շնորհիւ կառուցեց իր անկախ պետութիւնը:

Ահա հայու ոգիի յաղթանակը:

Պէտք է շեշտել, որ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին, իր երազանքին կողքին, ան միշտ իրեն ուղեկից ունեցած է անկախութեան եւ անկախ պետականութեան մը ստեղծումի գաղափարը` իր հայրենի հողին վրայ:

Համազգային երազանք ե՛ւ տեսլական, ե՛ւ ազգային ձգտում:

Ու Մայիս 28-ի անկախութեան ստեղծումը նոյն այդ դանակին` հայուն ոսկորին հասած ըլլալուն հարազատ արդիւնքն էր: Վկայ` Սարդարապատի հերոսամարտը, ուր կար օրհասական պահ եւ ազգովին բռունցք դարձած մարտնչում:

Ըսի՛ Սարդարապատ: Նաեւ պէտք է աւելցնէի, որ հոնկէ ծագած է հայոց ազատութեան եւ անկախութեան վարդահեղեղ արշալոյսը:

Հպարտութեամբ նշեցի այս անունը:

Ասիկա այն դաշտն է, ուր համաձայն իր դարաւոր ոսոխին, ամէն բան պիտի վերջանար:

Վերջապէս պատմական Ճակատամարտ մը, որուն պարտութեամբ նաեւ վերջ պիտի գտնէր ազնուագոյն ժողովուրդի մը մայրենի լեզուն եւ պապենական հողը:

Մէկ խօսքով` փառայհեղ քաղաքակրթութիւն մը:

Բայց այստե՛ղ, այս հրաշք յաղթանակով, ի զարմանս աշխարհի, ամէն բան նոր սկսաւ:

Ու թուրքը այդ օրերուն լաւ գիտէր, որ իր օգտին էր ժամանակը:

Բայց չարաչար սխալած էր, որովհետեւ հաշուի չէր առած հայ ժողովուրդի գաղտնիքն ու ոգին:

Այն  իւրայատուկ ոգին, որ թաքնուած էր մեր ժողովուրդի բազուկներուն մէջ:

Մեր թշնամին նոյնիսկ չէր սերտած այս բուռ մը ժողովուրդին պատմութիւնը, որ նոյնիսկ օրհասական պահուն կրնար դառնալ բռունցք:

Որովհետեւ այս մարտնչող ժողովուրդը յարութիւն առնել գիտէր:

Անոր համար է, որ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն բախտորոշ ճակատամարտերէն է Սարդարապատի հերոսամարտը:

Ժողովրդական հերոսամարտ մը, որուն յաղթանակը կը պարտի իր  ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն անխտիր:

Սարդարապատ` 20-րդ դարու մեր նոր Աւարայրը: Ըսած են: Անուանած են: Դասած են հպարտօրէն եւ արդարօրէն:

Եւ եթէ 451-ի Աւարայրը պատերազմ էր յանուն հաւատքի, 1918-ի Սարդարապատը պատերազմ էր յանուն կեանքի` ընդդէմ մահուան: Ու հայ ժողովուրդի մահը պարտուեցաւ, իսկ իր կեանքը` յաղթեց:

Այլ խօսքով, իր մէջ չկար մահը եւ ոչ ալ կործանարար յուսահատութիւնը: Կար միայն աստուածայինը: Թռիչք: Ուժ: Կորով:

Հրաշքի նման էր այդ յաղթանակը: Բայց հրաշք չկար: Կար հայ ժողովուրդի զաւակ-ներուն հոգիներուն մէջ պահուած ոգիի մէկ հրաշալի աննախադէպ բռնկումը:

Կար այն մեծ եւ յստակ ճշմարտութիւնը, որ եթէ ժողովուրդի ոգին բռնկի, կը շիկանայ, կը կարմրի եւ կը դառնայ անպարտելի:

Ըսի, Սարդարապատէն սկսաւ ամէն ինչ, երբ կը կարծուէր, որ ամէն ինչ վերջ պիտի գտնէր: Ու հայը` իբրեւ աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը, հիմը դրաւ իր պետա-

կանութեան, աշխարհի ազնուագոյն լեզուներէն մէկը դարձաւ պետական:

Ու ամէն առիթի կրկնած ենք, որ Սարդարապատը պարզ ճակատամարտ մը չէր, այլ դաս: Իսկ ուսուցիչները` այն աննման կերտիչները` Արամ Մանուկեան, զօրավարներ` Սիլիկեան, Դրօ եւ շատ շատեր:

Դաս ըսի: Եթէ կ՛ուզէք դասագիրք ալ է ու ոգեղէն մատեան: Ապրելու եւ մանաւանդ գոյատեւելու համար, պարտաւոր ենք լաւապէս սերտել այս մատեանին իւրաքանչիւր էջն ու տողը, բառն ու գիրը: Հոն կը տիրէր անսպառ վերակենդանութեան շունչը:

Սարդարապատ, որուն յաղթանակով կերտուեցաւ անկախ Հայաստան մը, եւ որուն տեսքով գեղեցկացան իւրաքանչիւր հայու աչքերն ու միտքը:

Հոս է, որ ոսկիէ գիրերով գրուած է, թէ երկրին  անկախութիւնը ձեռք ձգելու համար իր զաւակները պէտք էր, որ արիւն թափէին:

Պէտք էր, որ ըլլային միահամուռ եւ միակամ, յարգը գիտնային հայրենի երկրին ու անոր ազատութեան:

Մեր ժողովուրդի պատմական ուղին կ՛ապացուցէ, որ եթէ չունենայինք Սարդարապատի յաղթանակը, հաստատօրէն պիտի չունենայինք այսօրուան Հայաստանը: Ու որքան դժբախտ եւ անմխիթար պիտի ըլլայինք ու մնայինք ,եթէ չըլլար այդ յաղթանակը, ու եթէ չըլլար անոր ընկերացող ազատատենչ հայու հոգին:

Նաեւ նոյն այդ ուղին կը հաստատէ, որ իբրեւ ազատատենչ ժողովուրդ, մենք արժանի ենք այսօր ալ ունենալու մեր անկախ եւ ազատ երկիրը` իր հզօր բանակով:

Ուստի եւ յատկապէս Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի նշումի այս օրերուն, մեզի կը մնայ շէնցնել մեր հայրենիքը, զայն դարձնել այն հրաշք դրախտավայրը, որուն տենչացած էին մեր պապերը, եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր բարգաւաճման ի խնդիր տարուած բոլոր ճիգերուն եւ աշխատանքներուն:

Եւ ահա, այս օրերուն` 28 Մայիս 1918-ի  յիշատակումը: Հպարտանք: Միայն օրինակելի հպարտանք: Հզօր եւ ազատ հայութեան մարտնչումի հարազատ արդիւնք:

Հայութիւն, որուն մէջ թաքնուած է վեհութեան եւ յաւերժութեան խորհուրդը:

Ասիկա մեր անլեզու հողին հրաշքն է, եթէ կ՛ուզէ՛ք:

Ու երանի անոնց, որոնք մայիսեան արշալոյսի ցօղն ու բուրմունքը համբուրելու շրթունք ունեցան:

Երանի անոնց, որոնք հայու յաւիտենականութեան հպարտութիւնը պաշտպանեցին ու երգեցին յաղթանակի երգը եւ աշխարհին աւետեցին ազատ եւ անկախ Հայաստանի մը խապրիկը` իր եռագոյնով եւ իր վարդագոյն Երեւանով:

Արդ, Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակդ շնորհաւոր, բոլոր հայերուն միակ հայրենիք` Հայաստա՛ն, դուն մեր երկիր դրախտավայր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles