Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հարիւրամեակին Առթիւ.- ՀՕՄ-Ի ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ ՝ «ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ԴԵՐԸ ԶԱՐԹՕՆՔԷՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ

0 0
Read Time:2 Minute, 15 Second

Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Մայիս 24, 2018-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի սրահէն ներս, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հարիւրամեակին նուիրուած խորհրդաժողով կազմակերպած էր քննարկելու եւ արժեւորելու հայ կանանց համապարփակ դերը մեր ազգային վերազարթնումի շրջանէն մինչեւ 21րդ Դարու սկիզբը։ Ներկայ էին շուրջ 250 ներկաներ, որուն շարքին էր Բարձրաշնորհ Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Բարձրաշնորհ Անուշավան Արք. Ժամկոչեան, որ կը ներկայացնէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի ներկայացուցիչ, Թեհրանի Առաջնորդ, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթական եւ Գիտութեան Նախարարութեան եւ Սփիւռքի Նախարարութեան ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Շրջանային Վարչութիւններու անդամներ, ՀՕՄուհիներ եւ Հայաստանաբնակ եւ տարբեր երկիրներէ ժամանած հայորդիներ:

«Զարթօնքէն Հանրապետութիւն՝ Հայ Կանանց Դերը» Խորհրդաժողովը սկսաւ առաւօտեան Ժամը 10:30-ին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Վարիչ Տնօրէնի, Վերժինի Թուլումեանին, բացման խօսքով, ուր անդրադարձաւ որ իգական սեռը կը մնայ անբաժան ու կենսական մասը մեր ժողովուրդին եւ յիշեցուց բոլորին թէ «ամէնէն բախտորոշ վայրկեաններուն կանացի հեռատեսութեամբ, ազգային հպարտութեամբ, եւ նախանձախնդրութեամբ թեւ եւ թիկունք եղած են ու կը մնան մեր ժողովուրդին»: Ելոյթ ունեցան Արքեպիսկոպոսները, որոնք փոխանցեցին Վեհափառներու ողջոյնի խօսք:

Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի, Գարոլին Շմաւոնեան, Բարի Գալուստ մաղթելով ժողովականներուն, ըսաւ թէ «Հայ Կինը մշտապէս կարեւոր դեր ունեցած է մեր ազգի զարգացման երկար ճանապարհին վրայ, իր անսասան հաւատքով ու կենսունակութեամբ»: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան մասին որուն կորիզն ու մղիչ ուժը Հայ Կինն է – Հայ մայրն ու դուստրը:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ, Ալեսյա Բեջանյան, հրաւիրեց Առաջին նիստի զեկուցաբերները՝ Դոկտ. Աշոտ Մելքոնեան, Էդիկ Մինասյան եւ Դոկտ. Հայարփի Պապիկեան, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցին Պատմական Անդրադարձը եւ կանանց իրավիճակը Զարթօնքի, Ազատագրական Շարժման ընթացքին եւ Առաջին հանրապետութեան օրերուն:

Փոքր դադարէ մը ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամ, Սիւզի Ծերունեան-Խանզատեան, հրաւիրեց երկրորդ նիստի զեկուցաբերները՝ Դոկտ. Լիլիթ Գալստեան,  Կարինէ Յովսէփեան եւ Թերեզա Երեմեան, որոնք ներկայացուցին Հայ կնոջ դերը արդի քաղաքականութեան, հայրենակերտումի եւ արհեստավարժութեան ոլորտներու մէջ:

Կեդրոնական Վարչութեան Փոխ-ատենապետուհի, Դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան իր փակման խօսքին պատգամեց բոլորին միասնաբար աշխատիլ կերտելու արժանավայել պատմութիւն ուր հաւասարութիւնը կը մնայ գերիշխող սկզբունք: Ան յիշեցուց բոլորին թէ մեր յաղթանակը կը մնայ լիակատար եւ պէտք է աշխատինք Հայ Կնոջ իրաւունքները պաշտպանելու եւ իրենց ներուժը եւ մասնակցութիւնը օգտագործենք կերտելու պետականութիւն: 

Խորհրդաժողովէն ետք, ՀՕՄ-ի անդամները այցելեցին Սօսէ Մայրիկի Շիրիմը ուր 20 տարի առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան 80-ամեակի առիթով, Հայ Օգնութեան Միութեան ջանքերով, հանդիսաւոր արարողութեամբ Հայրենի հողին յանձնուեցաւ մեր անմահ հերոսուհի Սօսէ Մայրիկին աճիւնները, որ բերած էին Եգիպտոսէն: Հոգեհանգստեան Պաշտօնը կատարեց Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց թէ անմահ հերոսուհի Սօսէ Մայրիկ կը հանդիսանայ որպէս առաջնորդ զոհաբերման շարան մը ներկայացնող իր կեանքով, ներշնչման աղբիւր եւ անպայման օրինակ կը դառնայ իր յաջորդներուն՝ որոնք իրենց այրերուն կողքին, զէն ի ձեռին, մասնակից դարձան մեր ազատագրական պայքարին: Հայաստանի Երիտասարդաց Միութեան անդամները, միացան ՀՕՄ-ի խումբին եւ զետեղեցին ծաղիկներ Եռաբլուրի բոլոր հերոսներու շիրիմաքարներու վրայ:

Խորհրդաժողովի Տեսաերիզը: https://youtu.be/Tt-IxA87klE

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles