
ԵՐԵՒԱՆ.- Արամ Մանուկեանի, Դրօ Կանայեանի եւ այլ բազմաթիւ հերոսներու կերտած Մայիսեան հրաշքը մեծ խանդով նշուեցաւ Հայաստանի ու բազմաթիւ այլ գաղթօճախներու մէջ:
Վերընձիւղուած Մայիս 28-ը խօսեցաւ հայորդիին սրտերուն, որոնք քաջատեղեակ են թէ ի՞նչ իմաստ ունին հայրենի հողն ու մշակոյթը, ոգին եւ ոգեղէնը:
Հայաստանի մէջ կատարուած ձեռնարկներու շարքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը բազմամարդ քայլարշաւ կազմակերպեց Մատենադարանէն մինչեւ Հանրապետութեան Հրապարակ: Այս քայլարշաւին մասնակցեցան բազմաթիւ դաշնակցականներ, կուսակցութեան համակիրներ:
Մայիս 28-ին Սարդարապատի յուշակոթողի մուտքին, հոծ բամութիւն մը ներկայ եղաւ պաշտօնական հանդիսութեան: