ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 92-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ՝ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:4 Minute, 4 Second

Շա­բաթ Յու­նիս 5ի երե­կոյ­եան, Հ.Յ.Դ. «Դրօ» Կո­մի­տէի եւ քոյր միու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Ռիճ­ֆիլ­տի Սրբոց Վար­դա­նանց եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ, եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թեամբ օրհն­ուե­ցաւ եռա­գոյ­նը, առաջ­նոր­դա­կան տե­ղա­պահ Անու­շա­ւան Սրբա­զան Դանի­էլ­եա­նի, եկե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Տէր Յով­նան Քա­հա­նայ Պո­զոյ­եա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ դպրաց դա­սին եւ Հ.Մ.Ը.Մի սկաուտ­նե­րուն: Կա­տար­ուե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան աղօթք եւ եռա­գոյն դրօ­շի օրհ­նու­թիւն:

Օր­ուան պա­տուոյ հիւ­րը, Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լի­ա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եան խօսք առաւ բե­րե­լով  հան­րա­պե­տու­թեան պատ­գա­մը, մաս­նա­ւո­րա­պէս շեշ­տե­լով թէ այ­սօր, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը կը տօ­նէ Մա­յիս 28 ին հիմն­ուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը եւ թէ ներ­կայ հան­րա­պե­տու­թիւնը շա­րու­նա­կու­թիւնն է առա­ջի­նին:

Ապա, Սկաու­տա­կան խում­բին, Սրբա­զա­նին, Քա­հա­նայ հօր եւ դպրաց դա­սին առաջ­նոր­դու­թեամբ ներ­կա­նե­րը քա­լե­ցին դէ­պի եկե­ղեց­ւոյ կող­քին կանգ­նած Մեծ Եղեռ­նի Յու­շար­ձա­նը: Յու­զիչ էր տես­նել արա­րո­ղու­թիւնը երբ օրհն­ուած եռա­գոյ­նը «Մեր Հայ­րե­նի­ք»ով կը բաձ­րաց­ուէր դրօ­շի  սիւ­նին վրայ: Արա­րո­ղու­թեան աւար­տին, կազմ­ուե­ցաւ թա­փօր Եկե­ղե­ցա­կան դա­սի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րու առաջ­նոր­դու­թեամբ, ներ­կա­նե­րը քա­լե­ցին դէ­պի եկե­ղեց­ւոյ սրա­հը, ուր խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը կը սպա­սէր հան­դի­սու­թեան:

Օր­ուան պա­տուոյ հիւ­րերն էին Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի օգ­նա­կան Կա­րի­նէ Ղա­զին­եան, ՄԱ­Կի մօտ Հա­յաս­տա­նի մնա­յուն եւ լի­ա­զօր դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եան եւ Տի­կի­նը, Ամե­րի­կա­յի Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու մօտ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պր. Ռո­պերթ Աւե­տիս­եան, Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ Դոկտ. Վի­գէն Յով­սէփ­եան, Հ.Յ.Դ. Արե­ւել­եան շրջա­նի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոքթ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան, Առաջ­նոր­դա­կան տե­ղա­պահ Անու­շա­ւան Սրբա­զան Դանի­էլ­եան, Ամե­րի­կա­յի Հայ Միսի­ո­նա­րա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պր. Տիգ­րան Եու­մու­շաք­եան եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ:

Տօ­նա­կա­տա­րու­թեան բա­ցու­մը կա­տար­ուե­ցաւ Ամե­րի­կա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին քայ­լերգ­նե­րով երգ­չու­հի Լո­րէ­լէյ Զա­րիֆ­եա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ եւ Տոքթ. Մե­րու­ժան Մալճ­եա­նի դաշ­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ:
Դասախօս ընկ. Վիգէն Յովսէփեան յայտնեց թէ Հայաստանի այսօրուան հանրապետութեան հիմքը 1918ի հանրապետութիւնն է, որ հայ ազգի պահպանման մեկնակէտն է: «92 տարի առաջ կարելի եղաւ անկարելին կարելի դարձնել՝ վճռակամութեամբ իրականացնելով հայերու դարաւոր տեսլականը…» ըսաւ դասախօսը, որ նաեւ ներկայացուց Մայիս 28, 1918ի նախօրեակին Հայաստանի մէջ տիրած կացութիւնը, ապա՝ Մայիսեան յաղթանակի եւ Հայաստանի պետականութեան վերականգնման առաջնորդած դէպքերը: Ան եզրակացուց թէ այսօր եւս անհրաժեշտօրէն օրակարգի վրայ է Մայիս 28ի ազգային գաղափարախօսութեան դրօշը բարձր պահելու հրամայականը, որովհետեւ Հայաստանն ու հայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին:
Խօսք առաւ նաեւ Մ.Ա.Կ.ի մօտ դեսպան Կարէն Նազարեան, որ իր կարգին յայտնեց թէ Մայիս 28ը հայութեան փոխանցած ու սրսկած է հպարտութիւն, արժանաւորութիւն, քաղաքական նպատակներ եւ այդ նպատակները իրագործելու կամք:
Փակման խօսքով, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան թեմի Փոխ Առաջնորդ Անուշաւան Դանիէլեան, իր գնահատանքը փոխանցեց Մայիսեան փառքը կերտած բոլոր հերոսներուն եւ ըսաւ, որ հաւաքական կեցուածքները յատկապէս ճակատագրական պահերու, կարեւոր են խիստ ժողովուրդի մը կեանքին ու արժանապատուութեան համար: «Մայիս 28ն տօնն է այն հայուն, որ գիտէ ծառայել միայն հաւաքական շահերուն, իր հայրենիքին եւ ժողովուրդին, կը հաւատայ այդ սուրբ «Դէպի երկիր» կարգախօսին…« եզրակացուց Փոխ Առաջնորդ Անուշաւան Դանիէլեան:
Գեղարուեստական բաժինով, ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Արեգակ» երգչախումբը: Նշենք թէ, ձեռնարկէն առաջ, կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն շրջանի մասնաճիւղին կատարած տողանցքէն ետք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles