
Մարտ 24ին, Հայաստանի Ազգային Ժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց, Թուրքիոյ մէջ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւն մը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ազգային ժողովը, արձանագրելով հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդներու դարերու խորքէն եկող բարեկամական յարաբերութիւնները, կը յայտարարէ, որ կը դատապարտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած յոյներու եւ ասորիներու դէմ կատարուած ցեղասպանութիւնը:
Այս յայտարարութեան մէջ կը նշուի .- «Հ.Հ. Ազգային Ժողովը, առաջնորդուելով Մ.Ա.Կ.-ի գլխաւոր վեհաժողովի Դեկտեմբեր 11 1946-ի՝ 96(1) բանաձեւի, 1948ի Դեկտեմբերի 9ի՝ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգելելու եւ պատժելու մասին», Նոյեմբերի 26 1968ի՝ «Պատերազմական յանցագործութիւնների եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների նկատմամբ վաղեմութեան ժամկէտ չկիրառելու մասին» Մ.Ա.Կ.-ի վեհաժողովների, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքների վերաբերեալ բոլոր այլ միջազգային գործերի համապատասխան սկզբունքներով եւ դրոյթներով, արձանագրելով հայ, յոյն եւ ասորի ժողովուրդների դարերի խորքից եկող բարեկամական յարաբերութիւնները, յայտարարում է, որ դատապարտում է Օսմանեան Թուրքիայի կողմից 1915-1923 թուականներին իրականացուած յոյների եւ Ասորիների ցեղասպանութիւնը»։
Յայտարարութիւնը ընդունուեցաւ միաձայնութեամբ. կողմ քուէարկած է 117 պատգամաւոր, դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկողներ չեն եղած:
Այս յայտարարութենէն օր մը առաջ՝ Մարտ 23ին, Ազգային Ժողովին մէջ քննարկուեցան «Օսմանեան Թուրքիոյ կողմից 1915-1923 թուականներին իրականացուած յոյների եւ ասորիների ցեղասպանութիւնը դատապարտելու մասին» նախագիծը: Հիմնական զեկուցող, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով յայտնած էր թէ այս նախագիծը նոր չէ մշակուած` անոր սկիզբը դրուած է Վահան Յովհաննիսեանի հետ, չորս տարի առաջ: