ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՅՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ՆԱԵՒ՝ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 0 Second

Յ. Պալեան 

Ոչինչ տրուած է մարդոց եւ այն քիչը, զոր անոնք կրնան նուաճել, կը վճարուի անարդար մահերով: Բայց մարդուն մեծութիւնը հոն չէ: Ան կը գտնուի իր կացութենէն աւելի զօրաւոր ըլլալու որոշման մէջ:

Ալպէր Քամիւ, ֆրանսացի գրող, Ի դար

 

            Ազգային-քաղաքական բարձրամակարդակ գիտակցութիւն չունեցանք ըմբռնելու, հակառակ տօնական օրերու երբեմն հնչած ճառերուն, որ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔ Է, ԱՅԴ ՀԱՅԵՐԸ ԸԼԼԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԱԲՆԱԿ ԹԷ՝ ՍՓԻՒՌՔ: Այս գիտակցութիւնը, ընդհանուր առմամբ, պակսեցաւ ներսը եւ դուրսը: Ի հարկէ եղան եւ կան բացառութիւններ: Այս հաստատումը պէտք է ընդունիլ որպէս ազգի գոյութենական ճշմարտութիւն՝ իր բոլոր հետեւութիւններով եւ գերանցում կատարել՝ տոկալու, տեւելու եւ չանհետանալու համար: Առանց անմիջականի մանրուքը շփոթելու գալիքի հետ:

            Միաժամանակ պէտք է անդրադառնալ, որ աշխարհատարած սփիւռք(ներ)ի հայերը աստիճանաբար կը կորսնցնեն, կորսնցուցած են այն ողջախոհական գիտակցութիւնը, որ դուրսի աշխարհները, ուր որքան ալ ապահով եւ երջանիկ ըլլան, հայուն հայրենիք չեն, իրենց հայրենիքը չեն: Եթէ այս ըմբռնումով քաղաքականացուցած ըլլայինք, անհատներ, գաղութներ եւ համայնքներ, եւ անոնց ղեկավարութիւնները, այսօրուան մեր տարտղնուած համրանքը կ’ունենար տարբեր հոգեբարոյական որակ, թիւերը հաշուապահութիւն չէին ըլլար, կ’ըլլային ազգային ուժ, չէինք մոռնար, որ գաղթական ենք, նոյնիսկ երբ դիրքերու տիրացած ենք:

            Ազգային պատկանելիութիւնը, վաւերականութիւնը եւ յանձնառութիւնը փոխարինեցինք քաղքենիական-վաշխառուական երեւելիապաշտութեամբ: Մենք մեզ եւ ուրիշները տպաւորելու համար բազմապատկեցինք գեղակառոյց շէնքերը, կեդրոնները, սրահները, եկեղեցիները, որոնք դատապարտուած են օր մը մերը չըլլալու: Փոխարէն, ազգի իրաւ ստորոգելիները անտեսեցինք, ինչպէս լեզուն, գիրքը, ընդհանրապէս՝ մշակոյթը, պահելով անոր ուրիշի նմանող եւ ուրիշին մատչելի ցուցադրական մասը: Թերեւս այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ, քանի որ հողէն եւ հոն թաւալած պատմութեան ուղղակի ժառանգութեան սնունդը չկար:

            Ինչ որ բնական կերպով պիտի ապրուէր եւ ստացուէր հայրենի հողի վրայ եւ երկինքի տակ, կամայ ակամայ փոխարինուեցաւ այլազանութիւններով, որ յանգեցաւ տեղական-տեղայնականի, նաեւ՝ ամէն բնոյթի օտար ուժերու ճնշումով: Պատշաճեցման պարտադրանքով ազգի նկարագիր կազմող լեզուն աստիճանաբար փոխարինուեցաւ տեղական(ներ)ով, հակառակ խօսուած ինքնագոհութեան ճառերուն, ան մնաց սեղմուող-նօսրացող փոքրամասնութիւններու շրջանակի մէջ, հայերէն գիրքը եւ թերթը անկարող դարձան զանգուածին հոգեբարոյական ենթահողը ըլլալէ: Եւ ծնունդ առաւ հայու նոր կացութիւնը, որ  բանաձեւուեցաւ ծագումով հայ եզրով: Ճշգրտութեան մօտեցող այլացման ո՛չ մէկ համեմատական-տոկոսային գնահատում ունինք եւ մեծ կամ մանր պատշաճեցումներով կը փորձենք տեւել:

            Եւ ժամանակի հետ, ինչ որ իրաւ հայրենիք էր, դարձաւ յուզիչ հին կամ նոր երազ: Բանաստեղծութիւն եւ երգ: Լռելեայն ընդունուեցաւ Հայաստան-սփիւռք երկուութիւնը, եւ սփիւռքի հայը Հայաստանէն դիտուեցաւ որպէս տարբեր, անհարազատ, հայրենասէր՝ թերեւս, բայց ո՛չ հաւասար հայրենատէր:

            Աւելի պարզ խօսելով, երազային միացումը երբեք իսկական գործի առաջադրանք չեղաւ, չիրականացաւ: Հեռանկարներու եւ ծրագիրներու համատեղ մշակում չեղաւ: Ընդհակառակն, տարբերութիւնները շեշտուեցան եւ գաղափարական-քաղաքական պատճառ-պատրուակներով շահագործուեցան: Անոնց հետքերը դեռ կը տեւեն, սովորութիւն դարձած են: Այս եղաւ մեր պատմութիւնը:

            Եթէ առաջնորդուած ըլլայինք, եթէ այսօր առաջնորդուինք Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է իրաւ քաղաքական ըմբռնումով, Սփիւռքը նորատեսակ ինքնութիւն կը նուաճէր, կ’իմաստաւորէր իր նախաձեռնութիւնները, ինքզինք, իր լինելութիւնը: Այս կ’ենթադրէ հոգեփոխութիւն մը, որ կեանքի իմաստաւորման եւ դասաւորման նոր հուն կը բանայ, գործի վերածելով այն հիմնական գաղափարը, որ շարունակութիւնը կ’ըլլայ հայրենիքով, մանաւանդ՝ հայրենատիրական ներկայութեամբ:

            Միացումը սոսկ ընթացիկ քաղաքականը չէ, ընտրել, ընտրուիլ, այլ համապարփակ ըմբռնումով մշակութային վերականգնումը, վերածնունդը, որոնց մասին պէտք է մտածել՝ ազգը եւ հայրենիքը դիտելով ոչ միայն անցեալի, այլ անմիջական ներկայի եւ գալիք դարերու մէջ: Միացման կարգախօսը երբեք չդարձաւ հայահաւաքի ճշմարիտ քաղաքականութիւն, որպէսզի Հայաստանը դառնայ համայն հայոց հայրենիք:

            Ի վերջոյ ճիշդ պէտք է մտածել եւ ճիշդ խօսիլ. հայութեան տեսանկիւնէ սփիւռքը վտարանդիութիւն է, եւ այդ բացասականութեան սրբագրութիւնը ո՛չ Հայաստանի եւ ո՛չ ալ սփիւռքներու քաղաքական եւ այլ բնոյթի ղեկավարութիւններու օրակարգի ամենօրեայ եւ հետապնդուող առարակայ չեղաւ, Հայաստանի (ոչ միայն Երեւանի) եւ Արցախի բնակեցման ընդհանուր ծրագրի մը գործադրութեամբ:

            Այս ազգային-քաղաքական սկզբունքային հարցերը պէտք չէ դիտել «եսի-դունի» եւ աթոռ-աթոռակի մաշեցնող կռիւներ կազմակերպելով, եւ մտածել, թէ ի՞նչ ձեւով պիտի հասնինք դարավերջ, ընելու համար այնպէս, որ ընդունելի համարուող տեղատուութիւնները չդառնան վերջնական փլուզում եւ աղէտ: Այս հարցադրումը պէտք է ընէ, ամէն բնոյթի իշխանութիւններէն անդին, ներսի եւ դուրսի հարազատ մտաւորականութիւնը եւ խօսի զանգուածներուն, ի հարկին փորձելով հասնիլ իւրաքանչիւրին, ամէն տեղ ուր հայ կայ, Հայաստան եւ սփիւռք, ամլացնող իշխանութիւններու եւ ջոջականութիւն-էսթէպլիշմընթներու առօրեան տնտեսող ճահճացման ղեկավարման գերանցումով:

            Ազգային գոյութենական վերականգնումը օրակարգ պէտք է դարձնել ոչ թէ այս կամ այն բնոյթի մրցակցութիւններուն որպէս ամբոխավարական կարգախօս, այլ հասարակաց գիտակցութեան մտածողութիւն, որպէս մեկնակէտ իրաւ ինքնապաշտպանութեան պայքարի:

            Պիտի ուզե՞նք եւ պիտի կարենա՞նք վերականգնումի օրակարգին մէջ ընդգրկել ո՛չ միայն միշտ փոքրամասնութիւն մնալու դատապարտուած խմբակցութիւնները, որոնք կը խօսին եւ կը գործեն յանուն ամբողջին, ո՛չ միայն Հայաստանի երեք միլիոնը, այլ՝ տարտղնուած բազմատասնեակ միլիոնները:

            Ամբողջով կրնանք ըլլալ ուժ, կարենալ տոկալու եւ տեւելու համար: Այս ներկայի եւ գալիք օրերու հրամայականը պէտք է ըլլայ՝ մանր փառասիրութիւններ յաղթահարելով:

            Կը մեծնանք, եթէ մտածենք Ալպէր Քամիւի հետ: Ուշադրութեամբ կարդալ ինչ որ ըսած է անզուգական պայքարող եւ մտածող Բ. Աշխարհամարտը ապրած ֆրանսացի գրողը. «Ոչինչ տրուած է մարդոց եւ այն քիչը զոր անոնք կրնան նուաճել՝ կը վճարուի անարդար մահերով: Բայց մարդուն մեծութիւնը հոն չէ: Ան կը գտնուի իր կացութենէն աւելի զօրաւոր ըլլալու որոշման մէջ»: (Ընդգծ.Յ.Պ.)

            Մեր ինքնութեամբ տեւելու, անոր պահպանման եւ մեր իրաւունքներուն տէր մնալու համար, ինչպէս կ’ըսէ Ալպէր Քամիւ, մեր կացութեան պարտադրանքներէն աւելի հեռուն պէտք է տեսնենք եւ զօրաւոր ըլլալու որոշում կայացնենք եւ զայն իրականացնենք: Միշտ՝ ներսը եւ դուրսը:

 

 

           

 

             

           

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles