ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԸ
Հայաստանի պետական պարտքը ընթացիկ տարուան 30 Յունիսի դրութեամբ 13 միլիառ 852 միլիոն 137 հազար տոլար է։ Այս տուեալը հրապարակուեցաւ վիճակագրական կոմիտէին կողմէ։
Արտաքին պարտքը կը կազմէ 6 միլիառ 943 միլիոն 296 հազար, իսկ ներքին պարտքը՝ 6 միլիառ 908 միլիոն 842 հազար տոլար։ Մէկ ամսուան ընթացքին Հայաստանի պետական պարտքը աւելցած է 116 միլիոն 520 հազար տոլարով։
*
Միջազգային խաղաղարար ուժերու մասնակցութեան նախապատրաստման ծիրին մէջ 12-20 Օգոստոսին Հայաստանի մէջ պիտի կատարուի « Արծիւ գործընկեր- 2025 » հայեւամերիկեան միացեալ ռազմափորձը։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ռազմափորձին պիտի մասնակցին Հայաստանի զինեալ ուժերու խաղաղարար գունդի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի ամերիկեան ցամաքային զօրքերու եւ Քենսասի ազգային պահակագունդի զինուորները։
Ռազմափորձը կ՛ենթադրէ խաղաղարար առաջադրանքներու նախապատրաստութիւն եւ իրականացում՝ բժշկական տարհանման աշխատանքներու շեշտադրմամբ։
*
Քաղաքացիական Պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւոր Սերկէյ Բագրատեանի զաւկին՝ Շանթ Բագրատեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ծեծի դէպքին շուրջ քրէական վարոյթ նախաձեռնուեցաւ։
Քննչական կոմիտէն հաղորդեց, որ ներկայիս խուլիկանութեան դէպքի առիթով նախաքննութիւն կը կատարուի։ Նախապէս լրատուական կայքէջ 168.am գրած էր, որ ՔՊ-ական պատգամաւորը եւ անոր զաւակը ծեծի ենթարկած են անձ մը, որ պահանջած էր հեռացնել պատգամաւորի սխալ կերպով կայանուած ինքնաշարժը։
*
Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երկու շաբաթէն Հայաստան պիտի այցելէ՝ ընդառաջելով Փաշինեանի հրաւէրին, զոր ան կատարած էր Յուլիսին, Փեզեշքիանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին։
Փեզեշքիան արդէն իսկ այցելած է շարք մը երկիրներ, ինչպէս՝ Ատրպէյճան, Իրաք, Թուրքմենիստան, Տաճիկիստան, Օման, Քաթար, Ռուսիա, Եգիպտոս եւ Փաքիստան։
*
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով քննադատեց Արեւմուտքը՝ Մինսքի խումբին առաքելութիւնը իմաստազրկելուն համար։
ԵԱՀԿ Հելսինքեան եզրափակիչ աքթի յիսուն ամեակին նուիրած իր խօսքին մէջ Լաւրով յայտարարեց, որ կազմակերպութիւնը չյաջողեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պարագային։ Ան նշեց, որ ԵԱՀԿի մասնակից պետութիւնները տարբեր տարիներու ընթացքին միաձայնութեամբ հաստատեցին հիմնարար փաստաթուղթեր, ուր հռչակուեցաւ ապահովութեան անբաժանութիւնը։ Ոչ մէկ պետութիւն իրաւունք ունի ամրապնդելու իր ապահովութիւնը՝ վտանգելով ուրիշներուն ապահովութիւնը։ Սակայն նման գեղեցիկ հռչակագրերու հաստատման զուգահեռ, ըստ Լաւրովի, Արեւմուտքը գործած է հակառակ ուղղութեամբ՝ ընդարձակելով ՆԱԹՕ-ն դէպի Արեւելք՝ վնասելով Ռուսիոյ եւ շարք մը պետութիւններու։
*
Մոսկուայի իշխանութիւնները կառավարման համապատասխան բոլոր վարչութիւններուն եւ մարմիններուն յանձնարարեցին ապահովել ցորենով բեռնաւորուած բեռնատարներու փոխադրութիւնը՝ դէպի Հայաստան։ Բեռնատարները պիտի գործածեն Վերին Լարս անցակէտը, որովհետեւ Վրաստանի զինուորական մայրուղին փակ է՝ հեղեղումներու պատճառով։
Ռուսական կողմը հաղորդեց, որ այս կարգադրութիւնը կատարուած է Երեւանի խնդրանքով, որպէսզի կարելի ըլլայ ռուսական ցորենով բեռնաւորուած բեռնատարները Հայաստան հասցնել։
*
«Վալեքս» խումբի աւագ փոխ նախագահ, հանրային ելեւմուտքի կառավարման միջազգային խորհրդատու Վարդան Արամեան պնդեց, որ Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր ընկերութիւնը քաղաքական դրդապատճառներով խլուած է Կարապետեան ընտանիքէն, ինչ որ կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու ծրագիրներուն համար։
Արամեան յայտնեց, որ իշխանութիւնները նախ գործածեցին «ազգայնացում» բառը, սակայն երբ իրազէկ դարձան, որ նման եզր չեն կրնար գործածել, զայն փոխարինեցին «բռնագրաւում» բառով։ Սակայն այս պարագային ալ ոչ մէկ հիմնաւորում կայ, որովհետեւ ՀԵՑ ոչ մէկ պարագայի թերացած է իր աշխատանքներուն մէջ։
*
ՔՊ-ական Սարիկ Մինասեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցերու Կարս մասնաճիւղի տնօրէն՝ Ընկերութեան ժամանակաւաւոր կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեանի կողմէ, որ իր կարգին իր պաշտօնին նշանակուած էր Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Սարիկ Մինասեան Գիւմրիի քաղաքապետական ընտրութիւններուն Քաղաքացիական Պայմանագրի քաղաքապետի թեկնածուն էր եւ ներկայիս ՔՊ խմբակցութեան ղեկավարն է՝ Գիւմրիի աւագանիին մէջ։
Լոռիի մարզպետի աշխատակազմը իր կարգին հաղորդեց, որ ՀԵ-Ցի Տեբեթ մասնաճիւղի տնօրէն նշանակուած է Տիգրան Յովսէփեան, որ երեք տարի առաջ Լոռիի ՔՊական մարզպետին օգնականն էր։

