Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2009-ի երեկոյեան, Լոնտոնի Համալսարանէն ներս Հայագիտական ամպիոնի բացումը կատարուեցաւ: Ներկայ էր Լոնտոնի Հայկական համայնքը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ սոյն համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան ուսումնասիրութիւններու դպրոցէն (SOAS) ներս: Այս հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան աւելի քան 350 անձեր, որոնց կարգին՝ Վահէ Կարապետեան (դեսպան Հայաստանի Հանրապետութեան), Արժանապատիւ Տէր Դոկտ. Վրէժ Քհն. Ներսէսեան (մասնագէտ՝ հայկական ձեռագիրներու, այժմ գործավար Բրիտանական Գրադարանի Արեւելեան Քրիստոնէական բաժնին), Արա Սարաֆեան (տնօրէն՝ Լոնտոնի Կոմիտաս հիմնարկին, Փօլ Կիւլպէնկեան (նախագահ Ս. Սարգիս աղքատախնամ հոգաբարձութեան) եւ Դոկտ. Զաւէն Եկաւեան (տնօրէն՝ »Գալուստ Կիւլպէնկեան« Հիմնարկութեան Հայկական Բաժնի), որ այս առթիւ ժամանած էր Լիզպոնէն:
Բացման խօսքը կատարեց Միքայէլ Հիւթ՝ տնօրէն Արեւելեան Գիտութիւններու ամպիոնին, յիշեցնելով դրդապատճառները, որոնք հանդիսացան այս հիմնարկէն ներս, հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի դասաւանդման (քառասուն տարիներ բացակայութենէ ետք), շեշտելով »Գալուստ Կիւլպէնկեան« Հիմնարկի նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը, որպէս ամպիոնի հովանաւոր, առանց որուն այս օրուան իրագործումը լոյս պիտի չտեսնէր:

Այս առիթով »Գալուստ Կիւլպէնկեան« Հիմնարկի տեսուչ Պրն. Մարթին Եսայեանը, որ նաեւ թոռն է Կիւլպէնկեանին, իր ելոյթի ընթացքին ներկայացուց հաստատութեան իրագործութիւնները յատկապէս Սփիւռքի մէջ Հայկական մշակոյթը տարածելու եւ հայերէն լեզուն ուսուցանելու նկատմամբ: 1956-ին Հիմնարկութեան հաստատութենէն ի վեր, յատկանշական օժանդակութիւններով այս հիմնարկը, որուն գրասենեակները կը գտնուին Լիզպոնի, Լոնտոնի եւ Փարիզի մէջ, օգնած է աշխարհի տարածքին գտնուող տասնեակ մը Հայագիտական ամպիոններու, յատկացնելով կրթաթոշակներ աւելի քան 25 հազար համալսարանական հայ ուսանողներու նաեւ չորս հարիւր հազար դպրոցական կրթաթոշակներ Սփիւռքի հայ դպրոցներու աշակերտութեանց: Ասոր կողքին, Հիմնարկը հրատարակած է մօտաւորապէս հազար գիտաշխատութիւններ հայկական ուսումնասիրութիւններու վերաբերեալ եւ օժանդակութիւններ տրամադրած է երկու հարիւր հետազօտողներու, ըլլան անոնք Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: 1916-ին հիմնուած Արեւելեան լեզուներու այս դպրոցը պատրաստած է արեւելագէտներու եւ Անգլիացի դիւանագէտներու սերունդներ: Ընդունելով այսօր մօտ 4600 ուսանողներ, որոնցմէ 45 առ հարիւր օտարերկրացիներ են, ուր հայերէն լեզուն դասաւանդուած էր Փրոֆ. Գարսուէլի կողմէ մինչեւ 1960: Այս թուականէն ետք, Հայագիտական ամպիոնը փոխադրուեցաւ Օքսֆորտ, ուր կը գործէ մինչեւ օրս:

Այսօր Փրոֆ. Գրիգոր Մոսքոֆեանը՝ (Արեւմտահայ եւ արդի գրականութեան դասախօս նաեւ հայերէնի Արեւելեան եւ Ափրիկեան ուսումնասիրութիւններու դասատու), Փրոֆ. Իկոր Լազարէֆ Տոֆմանի (Փարիզի համալսարանի Արեւելեան բաժնի վկայեալ պատմագէտ եւ մասնագէտ միջնադարեան Հայոց Պատմութեան) կողքին կը վերականգնեն Լոնտոնի ամպիոնը:
Հայկական ծրագիրը կ’ընդգրկէ արդէն իսկ տասնեակ մը ուսանողներ, որոնք արձանագրուած են հետեւեալ նիւթերուն.-
Մուտք Արեւմտահայերէնի
Մուտք Հայոց Պատմութեան
Մուտք Հայոց գրականութեան թարգմանութիւններու ընդմէջէն
Մուտք Հայկական արուեստի եւ մշակոյթին
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, այցելել համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան ուսումնասիրութիւններու դպրոցէն (SOAS) Հայկական ուսումնասիրութիւններու կայքէջը:
http://www.soas.ac.uk/programmes/prog50981.html
ԱՐՇԱԿ ԼԱՏԻԿԷՐԵԱՆ
(Լոնտոն)