

Ամերիկայի Հայոց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդարանը սկսած է վերադառնալ իր անցեալի աւանդոյթին` դառնալով որպէս Հայ մշակոյթի կեդրոն:
Այս տարուան Ս. Ծննդեան տօնը, Յունուար 6, նշուեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքով: Պատարագիչն էր Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան: Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Վարդան Մայր Տաճարի դպրաց դասը` ղեկավարութեամբ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ֆլորէնս Աւագեանի: Հաւատացեալներու յոգնախուռն բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Պատարագին եւ շատեր խոստովանանքի մասնակցեցան ու Ս. Հաղորդութիւն ստացան: Օրուան պատգամը տուաւ պատարագիչ Սրբազան Հայրը: Ջրօրհնէքի կնաքահայրն էր Առաջնորդարանի Թեմական Խորհուրդի անդամ Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան:
Յաւարտ Ս. Պատարագի` Հայկ եւ Ալիս Գավուքճեան հանդիսասրահին մէջ կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն: Նախ` տեղի ունեցաւ տնօրհնէքի արարողութիւն եւ ներկաները ստացան օրհնուած նշխարներ:

Այս առթիւ, Առաջնորդարանի կազմակերպութեամբ եւ տասը նկարիչներու մասնակցութեամբ, Առաջնորդարանի համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ նկարչական ցուցահանդէս մը` որուն պաշտօնական բացումը կատարեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Յունուար 5-ի երեկոյեան: Ցուցահանդէսին նախաձեռնողն ու կազմակերպիչն էր արուեստի գործերու ծանօթ “խնամատար“ Տիկին Շողակ Յովհաննէսեանը:
Կը ցուցադրուէին գործերը Վազգէն Գալայճեանի եւ Ռոտիկ Պետրոսեանի, որոնք ներկայ էին, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ նկարիչ Ասատուրի, շիքակոյաբնակ Շահնուրի, եւ հայրենի արուեստագէտներ Սարգիս Համալպաշեանի, Համլէթ Յովսէփեանի, Մարիամ Խաչատրեանի, Վահան Ռումէլեանի, Արարատ Սարգսեանի եւ Արթիւր Սարգսեանի: Թիւով 72 գործեր ցուցադրուած էին:
Այս ցուցահանդէսի հասոյթին քառասուն տոկոսը տրամադրուեցաւ Ս. Վարդան Շաբաթօրեայ դպրոցին: Յիշենք նաեւ որ անցեալ տարուան Հոկտեմբեր 29-ին կազմակերպուած ցուցահանդէսի հասոյթին մէկ մասը տրամադրուած էր Մայր Տաճարի Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին:
Համլէթ Յովսէփեան այս ցուցահանդէսին կը մասնակցէր ալիւմինեումով, պրոնզով եւ իւղանկարով ներկայացուած գործերով, իսկ մնացեալ նկարիչները` պաստառի կամ թուղթի վրայ գծուած գործերով: Անշուշտ` Ասատուր արդէն վարպետ նկարիչ է եւ անոր արուեստի գործերը միջազգային շուկաներու մէջ կը գնահատուին բարձր արժէքով: Հայրենի գեղարուեստի աշխարհին մէջ տակաւ բարձրացող հեղինակութիւն մըն է Սարգիս Համալպաշեանը, որ իր սրբապատկերային իւղանկարներով լուրջ հետաքրքրութիւն գրաւել սկսած է: Մինչ Արարատ Սարգսեանի խաչքարերը ուշագրաւ նորութիւն եղան ներկաներուն համար, սակայն միւս կողմէ` արդէն անոր գործերը տարածուած են Հայաստանի մէջ: Սփիւռքահայ նկարիչներէն Վազգէն իր շատ իւրայատուկ ոճովը վաւերական նկարիչ մըն է, իսկ Շահնուրի գործերը գերարդի նկարչութեան հետքերով կազմուած եւ իր ոճը գտած լուրջ նկարիչ մըն է, որ իր ժողովրդականութիւնը տակաւին չէ գտած ամերիկահայութեան մօտ: Իսկ նիւ ճըրզիաբնակ, սակայն ղարաբաղցիի արմատներով Ռուտիկին գործերը ունին հայրենի հողին եւ գոյնին գրաւչութիւնը եւ սկսած է սիրուիլ եւ յարգուիլ արուեստասէր շրջանակին կողմէ: Մարիամ անունով ծանօթ նկարչուհին ներկաներուն համար եղաւ նորութիւն մը:
Շնորհաւորելի նախաձեռնութիւն մը, որ անշուշտ առանց նախաձեռնողին` Շողակ Յովհաննէսեանին դժուար թէ կարենար յաջողութեամբ պսակուիլ:
Հայկական Ս. Ծնունդի օրերուն հաւատացեալներ եւ արուեստասէրներ հարստացուցին իրենց ներքին հոգեկան աշխարհը թէ Ս. Պատարագին մասնակցելով եւ թէ Հայ տաղանդաւոր նկարիչներու ստեղծագործութիւնները վայելելով:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Ձախէն աջ` Նատին Արեան, Ալպերթ Առաքելեան, Անի Գասպարեան, Ռուտիկ Պետրոսեան, Շողակ Յովաննէսեան (ցուցահանդէսը նախաձեռնող), Տոքթ. Ցոլինէ Քոճաօղլանեան, Լիլի Սարգիսեան
Ալեքսէյ եւ Ալեսանտրա Յակոբեաններ (Տէր եւ տիկին Տոքթ. Րաֆֆի Յովհաննէսեանի թոռները) որոնք փոխանցեցին, այս ցուցահանդէսին գոյացած գումարին քառասուն առ հարիւրը` “Սուրբ Վարդան“ Շաբաթօրեայ դպրոցին, ներկայութեամբ տնօրէնուհի Շաքէ Քատէճեանի եւ Հայր Մարտիրոս Շեւեանի