
Հ.Բ.Ը.Միութեան Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանէն ներս տօնախմբութիւն էր Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2013-ին: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, այդ օրը պիտի նշուէր Հայաստանի անկախութեան տօնն ու պանծացուէր հայ մշակոյթը: Հանդէսին մաս կազմող նախակրթարանի ու աւարտական 12-րդ դասարանի աշակերտները լրջօրէն կը պատրաստուէին այդ օրուան, որովհետեւ անոնք կը գիտակցէին, որ սա ոչ միայն դպրոցական սովորական ձեռնարկ մը պիտի ըլլար այլ գաղութային հնչեղութեամբ միջոցառում մը: Ի վերջոյ գաղութային շատ հազուադէպ ձեռնարկներուն է որ ներկայ կ՛ըլլան նոր սերունդի ներկայացուցիչները: Այդ օր, վարժարանի 400 աշակերտներէն ու 50 հայ եւ օտար ուսուցիչներէն բացի ներկայ պիտի ըլլային նաեւ ծնողներ, որոնք պիտի հորդեցնէին դպրոցի հանդիսասրահը:
Հանդիսութիւնը բաղկացած էր երկու մասէ: Առտուան յայտագիրը նախակրթարանի աշակերտներուն համար նախատեսուած էր, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 2-ի յայտագիրը` միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն համար:
Դպրոցը այդ օր անակնկալ հիւր մըն ալ ունէր: Հայաստանի Հ1 հեռուստաընկերութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ի կողմէ ֆինանսաւորուող “Օտար ամայի ճամփէքի վրայ“ հաղորդման կողմէ պրն. Արման Անանեան կը նկարահանէր զոյգ հանդիսութիւնները:
Նախակրթարանի հանդիսութեան բացումը կատարեց տնօրէնուհի օրդ. Տայիանա Գըզըլեան: Ապա, դպրոցի հայկական բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Սեպուհ Աւետիքեան ներկայացուց ու ընթացք տուաւ յայտագրին: Նախակրթարանի աշակերտները իրենց ծնողներու գուրգուրոտ եւ հպարտ հայեացքներուն ներքոյ, ելոյթ ունեցան խմբային արտասանութիւններով: Անոնք դիտեցին նաեւ Հայաստանին` ինչպէս նաեւ հայկական այբուբենին նուիրուած տեսաերիզներ:
Անշուշտ հանդիսութեան սպասուած պահը 5-րդ դասարանի ներկայացումն էր: Անցնող երկու տարիներուն, պրն. Աւետիքեանի սաները երաժշտախառն մեկնաբանութեամբ յաջողութեամբ բեմականացուցեր էին մեծանուն գրող Յովհաննէս Թումանեանի “Անխելք Մարդը“ եւ “Կիկոս“ գործերը: Այս տարի, դարձեալ անմահ Թումանեանէն, պիտի ներկայացուէր “Մի Կաթիլ Մեղրը“ ստեղծագործութիւնը: Ալեքսանտր Սպենդիարեանի ու Աւետ Տէրտէրեանի երաժշտութեամբ համեմուած այս ներկայացմանը գերազանց հանդէս եկան Ամերիկա ծնած ու մեծցած 11 տարեկան այս մանուկները: Անոնք ոչ միայն ընկալած էին նիւթը, այլ իրենց հայկական աւանդական տարազներով կարծես նոր եկած էին Հայաստանէն, ծանօթացնելու հայկական ամենասիրուած ստեղծագործութիւններէն մին իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն:
Հանդիսութեան աւարտին տնօրէնուհի օրդ. Գըզըլեան մեծապէս գնահատեց դպրոցի հայերէն բաժանմունքի ուսուցիչներ` տիկիններ Ա. Թումաճանի, Թ. Տագէսեանի, Ս. Վէնտըվէլտի եւ պրն. Տ. Թումաճանի աշխատանքը: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց պրն. Աւետիքեանին իր ձեռնհաս ղեկավարութեան ու այսպիսի գեղեցիկ ձեռնարկներ հրամցնելուն համար:
Կէսօրէ ետք ժամը 2-ին, Հայաստանին նուիրուած տեսաերիզով սկսաւ միջնակարգի ու երկրորդականի հանդիսութիւնը: Պրն Աւետիքեանի աւարտական 12-րդ դասարանի աշակերտները նախ անդրադարձան հայ գիրերու գիւտի նշանակութեան, ապա` Հայաստանի անկախութեան եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամութեան, որ սկիզբ կ՛առնէր 1918 թուականէն, Ուոտրօ Ուիլսընի նախագահութեան օրերէն: Երկու երկիրներու այս բարեկամութեան ու գործակցութեանն էր նուիրուած կեդրոնական Երեւանի մէջ նկարահանուած flash mob-ը, ուր Միացեալ Նահանգներու Հայաստանի դեսպան Ճոն Հէֆըրն կը պարէր հայ երիտասարդներուն հետ: Այս տեսաերիզին յաջորդեց տիկ. Թումաճանի 8-րդ դասարանի աշակերտներուն խմբային ելոյթը: Անոնք ոգեւորութեամբ արտասանեցին Մարօ Մարգարեանէն “Հայոց Տառեր“ եւ Վահան Թէքէեանէն “Տաղ Հայերէն Լեզուին“ գործերը: Ապա, աւարտական դասարանի աշակերտներ, Անի Փափազեանն ու Սելին Հանան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով ապրումով արտասանեցին Եղիշէ Չարենցի “Ես իմ Անուշ Հայաստանի“ բանաստեղծութիւնը:
Յայտագրի երկրորդ մասը նուիրուած էր տաղանդաւոր երգահան, երգիչ եւ դերասան Շարլ Ազնաւուրին: Մէկը միւսին ետեւէն աւարտական դասարանի աշակերտներ` Կրէյս Թորոսեանը, Ճանըթըն Քէյքոսը, Իթըն Ստեփանեանը, եւ Այրին Փեթուն արտասանեցին Ազնաւուրի երգերուն անգլերէնի թարգմանուած տարբերակները, որմէ ետք աշակերտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ կը դիտէր Ազնաւուրի տարբեր տարիներու կատարումներուն տեսաերիզները: Ոգեւորութիւնը իր գագաթանկէտին հասաւ երբ Ազնաւուրի յայտնի “Dance in the old fashioned way“ երգի ունկնդրութեան ժամանակ, 12-րդ դասարանի աշակերտներ` Քրիս Քըրճեանը, Ճանըթըն Քէյքոսը, Վիգէն Երանոսեանը, Իթըն Ստեփանեանը եւ Քրիս Ազնաւուրեանը բեմ հրաւիրեցին իրենց համադասարանցի աշակերտուհիներ` Այրին Փեթուն, Սելին Հանան, Րվանտա Շըմեմին, Թամար Գալանճեանն ու Թամար Գրիգորեանը պարելու:
Հանդիսութեան աւարտին, դպրոցի երկրորդական բաժնի տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագրի բոլոր մասնակիցներուն: Ան մեծապէս գնահատեց պրն. Աւետիքեանին նուիրուած աշխատանքը, որ ջանք չէր խնայեր որակեալ եւ ուսանելի ձեռնարկներ հրամցնելու դպրոցի աշակերտութեան:
Այս առնչութեամբ պէտք է խոստովանիլ, որ Բարեգործականի այս կրթօճախը, յատկապէս վերջին եօթ տարիներուն, երբ դպրոցի հոգաբարձութեան իմաստուն որոշման համաձայն տնօրէններ նշանակուեցան օրդ. Տայանա Գըզըլեանն ու դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը, հսկայաքայլ յառաջդիմութիւն արձանագրեց բոլոր մարզերէն ներս: Վերջին տարիներու պետական քննութիւններու բարձր արդիւնքները մեծապէս բարձրացուցին դպրոցին վարկը հայ եւ ոչ հայ շրջանակներէն ներս: Երկու տնօրէններուն մեծ ուշադրութիւնը հանդէպ հայկական նիւթերու դասաւանդումը, խթան հանդիսացաւ դպրոցէն ներս ունենալու որակեալ եւ արդիւնաւէտ հայկական ծրագիր: Երկու տարին մէկ կազմակերպուող դէպի հայրենիք ուղեւորութիւնը ուրիշ ազդակ մըն էր հայկականութեան մթնոլորտը շեշտադրելու: Ապրիլ 2014-ին, 30 աշակերտ-աշակերտուհիներ պիտի մեկնին Հայաստան ուխտագնացութեան: Ի վերջոյ երկու տնօրէնները եւ իրենց հետ հոգաբարձութիւնն ու բարերար Ռիչըրտ Մանուկեանը կրնան արդարօրէն հպարտանալ, որ շնորհիւ իրենց ջանքերուն, այսօր Մանուկեան վարժարանը դարձած է շրջանի լաւագոյն դպրոցներէն մին: Այս փաստի վառ ապացոյցն է նաեւ, Մանուկեան վարժարանի երկրորդական բաժնի յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով անուանումը, որպէս Ամերիկայի լաւագոյն երկրորդական վարժարաններէրն մին:
Վարձքը կատար բոլորին:
Թղթակից