ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ԱՒԱՆ­ԴԱ­ԿԱՆ 16-ՐԴ ՆԱ­ՒԱՊ­ՏՈՅՏ.- ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՄԱՍ­ՆԻԿ ՄԸ`ԳԱ­ՐԻՊ­ԵԱ­ՆԻ ԲԱ­ՑԵ­ՐԸ

0 0
Read Time:16 Minute, 7 Second

ahc1  ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Քնա­րեր­գա­կան իր կո­չու­մը լի­ո­վին ար­դա­րաց­նող MSC POESIA իտա­լա­կան զբօ­սա­նա­ւը, 16-րդ տա­րին ըլ­լա­լով, ամ­բողջ շա­բաթ մը ճախ­րեց Գա­րիպ­եան լազ­ուարթ ջու­րե­րուն մէջ, հա­զա­րի մօտ հայ նա­ւագ­նաց­նե­րով, որոնց կա­րե­ւոր մէկ մա­սը, տասն­եակ տա­րի­նե­րէ ի վեր, կա­րօ­տա­կէզ սրտով, Ֆորթ Լո­տըր­տէյ­լի նա­ւա­հան­գիս­տը կը փու­թայ, վայրկ­եան առաջ նաւ բարձ­րա­նա­լու ու ամ­բողջ շա­բաթ մը վե­րա­նա­լու հայ­կա­կան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ: Կ՛աճա­պա­րէ ան հան­դի­պե­լու հին ու նոր բա­րե­կամ­նե­րու, անոնց հետ կի­սե­լու ար­ձա­կուր­դա­յին հա­ճե­լի պա­հե­րը ու ամ­բողջ եօթ օրեր հա­ղորդ­ուե­լու հայ մշա­կոյ­թով, երաժշ­տու­թեամբ, պատ­մու­թեամբ ու նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան հրամ­ցու­ցած բարձ­րո­րակ յայ­տա­գիր­նե­րով ու հա­ճե­լի ժա­ման­ցով:

ahc2Ար­դա­րեւ, այս տար­ուան նա­ւապ­տոյ­տը հե­տեւ­եալ կղզի­նե­րը կ՛ընդգր­կէր` Քո­զիւ­մէլ, (Մէք­սի­քօ) Իզո­լա տէ Ռո­թան (Հան­տու­րաս), Ճորճ­թաուն (Քէյ­մէն Այ­լընտ), Մոն­թէ­կօ Պէյ (Ճա­մա­յքա) եւ կա­րե­լի է ան­վա­րան աւելց­նել թէ ամէն տե­սա­կէ­տով նա­ւապ­տոյ­տը հե­զա­սահ ըն­թա­ցաւ:

Տե­ղի ու­նե­ցան բազ­մա­թիւ ձեռ­նարկ­ներ` քա­ղա­քա­կան, պատ­մա­գի­տա­կան, ար­ուես­տի, գրա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ըն­կե­րա­յին եւ պէտք է շեշ­տել` իրենց տե­սա­կին մէջ` բարձ­րո­րակ ելոյթ­ներ:

Ստո­րեւ եօթ­նօր­եայ ձեռ­նարկ­նե­րու ցան­կը.-

 

Շա­բաթ, Յուն­ուար 12

Տօ­նա­կան մթնո­լոր­տի մէջ մեկ­նում` Ֆորթ Լո­տըր­տէյ­լի նա­ւա­մա­տոյ­ցէն:

Նոյն օրը` բա­րի գա­լուս­տի երե­կոյ` հիւ­րըն­կա­լու­հի­ներ` Շա­քէ Պաս­մաճ­եան եւ Մար­իա Դա­ւի­թեան:

 

Կի­րա­կի, Յուն­ուար 13

Առա­ւօտ Ս. Պա­տա­րագ` Նիւ Եոր­քի Առա­քե­լա­կան թե­մի տե­ղա­պահ առաջ­նորդ` Անու­շա­ւան Սրբա­զան Դանի­էլ­եա­նի, որ իր հե­զու­թեամբ ու իմաս­տա­լից քա­րոզ­նե­րով գրա­ւեց նա­ւագ­նաց­նե­րուն սրտե­րը ու անոնց խոր յար­գան­քին ար­ժա­նա­ցաւ:

Հա­յե­րէն լեզ­ուի առա­ւօտ­եան դա­սըն­թացք` Արա Գաբրի­էլ­եան: Դա­սա­կան մա­կար­դա­կի ու­րիշ երախ­տա­ւոր մը:

Նարտիի մրցոյթ: Անդ­րա­նիկ Պու­տաք­եա­նի հսկո­ղու­թեան տակ:ahc21

Դա­սա­խօ­սու­թիւն` Յով­սէփ Սա­րաֆ­եան. “Պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի Ճար­տա­րա­պե­տա­կան գլուխ գոր­ծոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցում“:

Հայ­կա­կան աւան­դա­կան պա­րի դա­սըն­թացք, պա­րու­սոյց` Մար­կօ Քաֆ­թաճ­եան:

Գրքի ներ­կա­յա­ցում եւ գի­նե­ձօն` Ռա­ճըր Գու­բէլ­եա­նին “Ռազ­մի Աստ­ուած­ներ“ կրա­ֆի­քա­կան վէ­պին: Գիր­քը ձեռն­հա­սօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց հա­մակ­րե­լի մտա­ւո­րա­կան` Այ­տա Տէ­մէճ­եան, իսկ երի­տա­սարդ ար­ուես­տա­գէ­տ ի­նինք­նա­տիպ կեն­սագ­րու­թիւնը ակն­յայտ յու­զու­մով կար­դաց` Մա­րօ Փա­փազ­եան: Խօսք առաւ նա­եւ հե­ղի­նա­կին հայ­րը:

“Տը Սկայ­լարք Ֆարմ“ Ան­թոն­իա Արս­լա­նի ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­յող վէ­պին թե­մա­յով շար­ժան­կա­րի ցու­ցադ­րու­թիւն ու ներ­կա­յա­ցում` դոկտ. Սի­ո­պան Մար­շա­լի

“Ար­մինի­էն Նեթ­ուըրք օֆ Ամե­րի­քա“ հայ երի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պութ­եամբ` շամ­բայ­նի ըն­դու­նե­լու­թիւն:

Ամե­րի­կա­յի Հայ Դա­տի թէ­յա­սե­ղան եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ներ­կա­յա­ցում` Քէն Խա­չիկ­եան:

Հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս` մին­չեւ առա­ւօտ­եան ժա­մե­րը երա­ժիշտ­ներ` Խա­չիկ Ճին­կիր­եանի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ` “Օլ Սթար“ նուա­գա­խում­բին:

 

Եր­կու­շաբ­թի, Յուն­ուար 14

Գո­զիւ­մէլ կղզի այ­ցե­լու­թիւն, ցե­րե­կը: Առա­ւօտ­եան պաշ­տա­մունք: Հայ­կա­կան Ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թիւն: Հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս:

 

Երեք­շաբ­թի, Յուն­ուար 15ahc13

Առա­ւօտ­եան պաշ­տա­մունք: Հայ­կա­կան Ֆիլ­մի ցու­ցադ­րու­թիւն: Գի­նե­ձօն եւ Ան­թոն­իա Արսլ­եա­նի The Skylark Farm գրքի ներ­կա­յա­ցում: Փրոֆ. Սի­ոպ­հան Մար­շալ:

Նարտիի եւ Պլո­թի մրցա­շարք:

Club 39 AHS ամու­րի­նե­րու հան­դի­պում տիս­քո­յի մէջ:

Աւան­դա­կան նա­ւապ­տոյ­տի ներ­կա­յա­ցում եւ 2014-ի նա­ւապ­տոյ­տի յայ­տա­րա­րու­թիւն: Որուն յա­ջոր­դեց 16-րդ տար­ուան տօ­նախմ­բու­մը:

Հայ­կա­կան աւան­դա­կան պա­րի ներ­կա­յա­ցում:

Հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս:

 

Չո­րեք­շաբ­թի, Յուն­ուար 16ahc10

Այց` Քէյ­մէն Այ­լընտ:

Առա­ւօտ­եան պաշ­տա­մունք:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն եկող տար­ուան:

Հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի ցու­ցադ­րու­թիւն:

Հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս:

 

Հինգ­շաբ­թի, Յուն­ուար 17

Այց` Մոն­թէ­կօ Պէյ, Ճա­մայ­քա:

Առա­ւօտ­եան պաշ­տա­մունք:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն:

Շար­ժա­պատ­կե­րի ցու­ցադ­րու­թիւն:

Նարտիի եւ Պլո­թի մրցոյթ:ahc11

Կլոր սե­ղան “Ի՞նչ են մեր ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն“ շա­հե­կան թե­մա­յով, մաս­նակ­ցու­թեամբ` Գա­նա­տա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տոս` Ար­մէն Եկան­եա­նի, Քէն Խա­չիկ­եա­նի եւ փրոֆ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նի: Հա­մադ­րող` “Հայ Կեանք“ շա­բա­թա­թեր­թի խմբա­գիր` Աբօ Չա­փար­եան:

Հայ­կա­կան աւան­դա­կան պա­րի երե­կոյ:

Հայ­կա­կան պա­րա­հան­դէս:

 

Ուր­բաթ, Յուն­ուար 18

Ծո­վու բա­ցը:

Առա­ւօտ­եան պաշ­տա­մունք:

Ար­ձա­նագ­րու­թիւն:

Հա­յե­րէն լեզ­ուի դա­սըն­թացք:

Նարտիի եւ Պլո­թի մրցում:

 

ahc12Դա­սա­խօ­սու­թիւն` հիւ­պա­տոս Ար­մէն Եկան­եա­նի` նիւթ “Հա­յաս­տա­նի երկ­քա­ղա­քա­ցիու­թեան հար­ցը“:

Դա­սա­խօ­սու­թիւն` Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եա­նի, Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ իրա­վի­ճա­կի մա­սին:

Փա­ռա­տօն` աւա­զա­նի շուրջ եւ հայ­կա­կան երաժշ­տու­թիւն` Խա­չիկ Ճին­կիր­եա­նի:

Հայ­կա­կան եռա­գոյն հան­դեր­ձան­քի մրցոյթ` աւա­զա­նի շուրջ: Ղե­կա­վար` Պար­պը­րա Յա­րու­թիւն­եան:

Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւն` թէ­յա­սե­ղան-ըն­դու­նե­լու­թիւն:

Նարտիի եւ Պլո­թի մրցոյթ ու բա­ժա­կի տու­չու­թիւն:

Վար­դա­նանց Աս­պետ­նե­րու հան­դի­պում եւ գոր­ծու­նէ­ու­թեան ներ­կա­յա­ցում:ahc3

Հա­մա­հայ­կա­կան Ֆոն­տի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ` բժշկա-գի­տա­կան հան­դի­պում: Ներ­կա­յա­ցում` Իրի­նա Լա­զար­եա­նի, մաս­նակ­ցու­թեամբ ներ­կայ հայ բժիշկ­նե­րու: Ցու­ցադ­րուե­ցան նա­եւ վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէն­ներ:

Հայ­կա­կան Երաժշ­տու­թեան երե­կոյ` “Օլ Սթար“ նուա­գա­խում­բի մաս­նակ­ցու­թեամբ:

Փորձ մը կա­տա­րե­ցինք ամ­փոփ կեր­պով, մէկ շաբթ­ուան յայ­տա­գի­րը ներ­կա­յաց­նե­լու, ըն­թեր­ցո­ղին գա­ղա­փար մը տա­լու հա­մար, թէ ինչ­պի­սի՞ մա­կար­դա­կի ու չա­փա­նիշ­նե­րու հա­սած է հայ­կա­կան աւան­դա­կան նա­ւապ­տոյ­տը, առանց հաշ­ուե­լու նա­ւա­յին ըն­կե­րու­թեան հրամ­ցու­ցած բարձ­րո­րակ “շօյ“երը:

 

***

Իսկ այս տար­ուան պատ­ւոյ հիւ­րե­րուն եւ յայտ­նի նա­ւագ­նաց­նե­րուն եր­կար շար­քին մէջ կա­րե­լի է առանձ­նաց­նել հե­տեւ­եալ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րը.-

ahc4Նիւ Եոր­քի Առաջ­նոր­դի տե­ղա­պահ Անու­շա­ւան Սրբա­զան Դանի­էլ­եան, որ իր սրտամօտ, հա­մեստ ան­հա­տա­կանու­թեամբ սիր­ուե­ցաւ բո­լո­րէն:

Գա­նա­տա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի հիւ­պա­տոս` Վսեմ. Ար­մէն Եկան­եան եւ իր հա­մակ­րե­լի կո­ղա­կի­ցը` Մար­ի­ան, իրենց եր­կու ան­չա­փա­հաս ման­չուկ­նե­րով, որոնց սե­ղա­նա­կից ըլ­լա­լու պատիւը ու­նե­ցանք: Պա­րոն հիւ­պա­տո­սը կլոր սե­ղա­նին իր հմուտ մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րե­լու կող­քին, երկ­քա­ղա­քա­ցիու­թեան թե­մա­յով շա­հե­կան ելոյթ ու­նե­ցաւ, մաս­նա­գի­տա­ցած իր խօս­քո­վ ու դիւա­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով խո­րա­պէս տպա­ւո­րե­լով դա­սա­խօ­սու­թեան ներ­կայ ըն­տիր հա­սա­րա­կու­թիւնը:

Հայ Դա­տի ատե­նա­պետ Քէն Խա­չիկ­եան, փայ­լուն կեր­պով մաս­նակ­ցե­ցաւ կլոր սե­ղա­նին, առան­ձին դա­սա­խօ­սու­թեամբ ելոյթ ու­նե­նա­լու կող­քին:

Դոկտ. Անդ­րա­նիկ Գաս­պար­եան` նա­խա­գահ “Թիւ­ֆէնքճ­եան Հիմ­նադ­րամ“ի: Անի­կա նոյն­պէս կլոր սե­ղա­նին իր մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րե­լու կող­քին, հմտօ­րէն դա­սա­խօ­սեց Ար­ցա­խի ու Հա­յաս­տա­նի ներ­կայ գո­յա­վի­ճա­կի մա­սին:

Ծա­նօթ գրող ու “Տը Սքայ­լարք Ֆարմ“ գրքի հե­ղի­նակ` Ան­թոն­իա Աս­լան, որուն հա­տո­րին գի­նե­ձօ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ ու նոյն թե­մա­յով ժա­պա­ւէ­նը քա­նի մը ան­գամ ցու­ցադր­ուե­ցաւ հայ եւ օտար նա­ւագ­նաց­նե­րուն:ahc5

Փրոֆ. Սի­ոպ­հան Մար­շալ, երի­տա­սարդ ու հա­մակ­րե­լի ամե­րի­կա­ծին մտա­ւո­րա­կա­նը, որ Ան­թոն­իա Աս­լա­նի “Տը Սքայ­լարք Ֆարմ“ վէ­պը մեծ կա­րո­ղու­թեամբ ներ­կա­յա­ցուց:

Ծա­նօ­թա­ցանք նա­եւ նախ­կին ռու­մա­նա­հայ ու այժմ Մա­սա­չու­սէց նա­հան­գի բնա­կիչ` գոր­ծա­րար Օրէլ­եան եւ Անա­հիտ Մար­տի­րոս շատ հա­մակ­րե­լի զոյ­գին, որոնք իրենց շրջա­նէն ներս ծա­նօթ անուն դար­ձած են իրենց ազ­գա­յին գոր­ծու­նէ­ու­թեամբ ու բա­րե­րա­րու­թիւն­նե­րով:

Տոքթ. Արամ եւ Ռի­թա Ֆէ­րէ­շէ­թեան հա­յու­թեամբ տագ­նա­պող հա­մակ­րե­լի զոյ­գը, (որոնց հետ վեր­ջին պա­հուն կնոջս կող­մէ խնա­մի ելանք): Անոնք հա­մա­հայ­կա­կան Հիմ­նադ­րա­մին կազ­մա­կեր­պած դա­սա­խօ­սու­թեան շօ­շա­փած հիմ­նա­հար­ցե­րը կա­րե­ւո­րե­լով, խոս­տա­ցան նոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի մէջ հե­տապն­դած կան­խար­գե­լիչ բժշկու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն իրենց աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւնր բե­րել:

Յայտ­նի գոր­ծա­րար` ըն­կեր Կայ­ծակ Զէյթլ­եա­նին եւ իր տիկ­նոջ Ծո­վի­նա­րին, որոնք շատ հա­մակ­րե­լի ու մար­դա­մօտ ըն­կե­րա­կից­ներ յայտն­ուե­ցան եւ յատ­կա­պէս ըն­կեր Կայ­ծա­կը իր սրամ­տու­թիւն­նե­րով ճո­խա­ցուց նա­ւապ­տոյ­տի ըն­կե­րա­կան մթնո­լոր­տը: Մոնթ­րո­զի մե­ծա­գոյն Car Wash-ի սե­փա­կա­նա­տէր` Գա­լուստ եւ Տա­լի­լա Բան­տա­զօս զոյ­գը, որոնք իրենց բա­րե­րա­րու­թիւն­նե­րու կող­քին, աշ­խոյժ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ցոյց տուին Կլէն­տէյ­լի հայ կա­թո­ղի­կէ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ կազ­մու­թեան մէջ: Իսկ Տա­լի­լա­յի պա­րա­գա­յին, անի­կա եր­կա­րօ­րէն վա­րեց եկե­ղեց­ւոյ կից Տիկ­նանց Միու­թեան ատե­նա­պե­տի հա­մակ զո­հո­ղու­թիւն պա­հան­ջող պաշ­տօ­նը:

ahc7Սա­կայն ամե­նէն յու­զի­չը` ըն­կեր Անդ­րա­նիկ Պու­տաք­եա­նին անակն­կալ ժեստն էր, երբ անի­կա հե­ռա­ւոր իր բնա­կա­վայ­րէն, Կա­րօ Գէ­որգ­եա­նի “Ամէ­նուն Տա­րե­գիրք“ին 1960ի հա­մա­րը բե­րած էր անար­ժա­նիս նուի­րե­լու: Երբ խու­նա­ցած հա­տո­րը ձեռ­նե­ցի, յու­զու­մէս աչ­քերս լեց­ուե­ցան, քա­նի որ 1960 տա­րին բե­կու­մա­յին էր ին­ծի հա­մար, երբ Լի­բա­նա­նի ան­հոգ կեանքս ետին ձգե­լով քայ­լերս կ՛ուղ­ղէի դէ­պի Ափ­րի­կէ, դէ­պի անո­րո­շը ու միւս կող­մէ գրքին սի­րե­լի հե­ղի­նա­կին հետ դուռ-դրա­ցի­ներ էինք հա­յա­շատ Էշ­րէֆիէ (Լի­բա­նան): Այդ պայ­ման­նե­րու տակ գո­հու­նա­կու­թիւնս ու յու­զումս չկա­րե­նա­լով քօ­ղար­կել, վե­թե­րան ըն­կե­րոջ խոս­տա­ցայ, հա­տո­րը ու­սում­նա­սի­րե­լէ ետք “Աս­պա­րէզ“ի խմբա­գիր Աբօ Պօ­ղիկ­եա­նին յանձ­նել զայն, կամ ալ թեր­թին կից կեր­պա­րանք առ­նող գրա­դա­րա­նին:

Խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս հա­ւա­տա­ւոր ըն­կե­րոջ ու հայ գի­րի բա­րե­կամ` ազն­ուա­կան մար­դուն:

Խօ­սե­լով “Աս­պա­րէզ“ի մա­սին, կնոջս հետ յու­զում­նա­խառն պա­հեր ապ­րե­ցանք, երբ զբօ­սա­նա­ւուն վրայ հան­դի­պե­ցանք թեր­թին այժմ ող­բաց­եալ խմբա­գիր` ըն­կեր Վա­հիկ Կիւրճ­եա­նի այրի­ին` Լուի­զին եւ անոր Հ.Օ.Մ.ու­հի ղե­կա­վար ըն­կե­րուհի­ին հրա­պա­րա­կա­գիր` Մա­գօ Մկրտիչ­եա­նին:

Կ՛ար­ժէ յի­շա­տա­կել թէ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով նա­ւապ­տոյ­տին ելոյթ ու­նե­ցան Հայ­կա­կան Բժշկա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ Հայ­կա­կան Ֆոն­տի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Տասն­եակ­նե­րով այս­պի­սի կա­րե­ւոր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցանք հայ­րե­նա­սէր ու ազ­գա­յին կեան­քի մէջ գոր­ծուն­եայ զոյ­գե­րու հետ:

Զոյգ մը հան­րա­յայտ երաժշ­տա­կան խում­բեր` Խա­չիկ Ճին­կիր­եա­նի եւ Ռի­չըրտ Պէր­պէր­եա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ, ինչ­պէս նա­եւ Խո­րէն Մու­րատ­եան եւ վար­պետ երա­ժիշտ­նե­րու հոյլ մը առանց բա­ցա­ռու­թեան ամէն երե­կոյ խան­դա­վա­ռե­ցին հայ­կա­կան եր­գի ու պա­րի երկր­պա­գու­նե­րը:ahc8

Հայ­կա­կան աւան­դա­կան ու ֆո­լոք­լո­րիկ պա­րե­րով ելոյթ ու­նե­ցան “Ախ­թա­մար“ պա­րա­յին հռչա­կա­ւոր խում­բին պա­տա­նի ու պար­ման աստ­ղե­րը ու հմա­յե­ցին ներ­կայ հա­սա­րա­կու­թիւնը:

Մե­զի հա­մար նա­եւ հա­ճե­լի անակն­կալ էր, վեց-եօ­թը տար­ուայ հայ մա­նուկ­նե­րու պա­րա­յին խում­բին յու­զիչ եւ առինք­նող ելոյ­թը:

“Հայ­կա­կան Եռա­գոյն“ ան­ուան տակ ծա­նօթ փա­ռա­տօ­նի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւնը հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ լո­ղա­ւա­զա­նի շրջա­պա­տը` որ նա­ւուն 13-րդ յար­կի ցռու­կը կը գտնուի, կլա­նե­լով ու յու­զա­կան պա­հեր ստեղ­ծե­լով ամ­բողջ յետ­մի­ջօ­րէ մը: Եռա­գոյն լա­ւա­գոյն հան­դեր­ձան­քը կրող տար­բեր տա­րի­քի մաս­նա­կից­նե­րը ար­ժա­նա­ցան մրցա­նա­կի:

Իսկ Նարտիի եւ Պլո­թի վար­պետ­նե­րը այս տա­րի եւս ճա­կա­տե­ցան առա­ջին մրցա­նա­կին ու ատոր ըն­կե­րակ­ցող դրա­մա­կան նուէր խլե­լու:

Հայ­կա­կան պատ­կերաս­փիւ­ռի կա­յան մը պի­տի նշա­նակ­ուի առօր­եայ ծրա­գիր­նե­րը եւ ձեռ­նարկ­նե­րը հե­ռար­ձա­կե­լու:

Հայ երի­տա­սարդ փոր­ձա­գէտ­նե­րէ կազմ­ուած The Armenian Network of America խում­բը տա­րե­կան իր հան­դի­պում­նե­րը կազ­մա­կեր­պած էր նա­ւուն վրայ:

ahc9Իսկ ամե­նէն անակն­կալ ու ցնցիչ դէպ­քը պա­տա­հե­ցաւ երբ նա­ւապ­տոյ­տի խոր­հուր­դին կող­մէ տրուած երե­կոյ­թին, կազ­մա­կեր­պու­թեան տաս­նը­վե­ցամ­եայ նա­խա­գա­հը` ընկ. Պետ­րոս Պան­տազ­եան իր հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցուց ու իրեն յա­ջոր­դեց վար­չու­թեան փոխ նա­խա­գա­հը, մտա­ւո­րա­կան շնորհ­նե­րով օժտ­ուած յայտ­նի իրա­ւա­բան ու ազ­գա­յին գոր­ծիչ` ընկ. Վազ­գէն Այ­վազ­եան, իսկ նոր վար­չու­թեան ան­դամ նշա­նակ­ուե­ցան` զոյգ մը երի­տա­սարդ նուիր­եալ­ներ, յան­ձինս Ռի­չըրտ Պէր­պէր­եան եւ Ճիմ Ճին­կիր­եան:

Ար­դէն անց­եալ տար­ուան պաշ­տօ­նա­կան իր խօս­քին մէջ, ըն­կեր Պան­տազ­եան բա­ցա­յայ­տօ­րէն կ՛ակ­նար­կէր սերն­դա­փո­խու­թեան ան­յե­տաձ­գե­լի պա­հանջ­քին ու խօս­քէն գոր­ծի անց­նե­լով ի՛նք ան­ձամբ փոր­ձեց օրի­նակ ծա­ռա­յել վար­չա­կան կազ­մի վաս­տա­կա­ւոր իր ըն­կեր­նե­րուն:

Եր­կա­րամ­եայ ծա­ռա­յու­թե­նէն ետք իրենց հրա­ժա­րա­կա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցին նա­եւ Ճորճ եւ Շա­քէ Պաս­մաճ­եան­նե­րը: Անոնց զար­գա­ցու­ցած “թաքն­ուած տա­ղանդ­նե­րու երե­կոն“ շա­տե­րուս կող­մէ նա­խա­սիր­ուած “շօ“ն էր:

Միւս կող­մէն, շնոր­հիւ վար­չա­կան նոր ու տի­նա­միք կազ­մին, Հայ­կա­կան Աւան­դա­կան Նա­ւապ­տոյ­տը կը շա­րու­նա­կէ վստա­հու­թեամբ նա­յիլ սխրանք­նե­րով լե­ցուն ապա­գայ իր իրա­գոր­ծում­նե­րուն:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles