Լրահոս
ՀԱՄԵՐԳ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՍՈՒՐԲ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Կիրակի, 22 Փետրուարին, յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ համերգ մը Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ։ Ելոյթ ունեցաւ Յարութ Պարսումեանի (կիթառ եւ դուդուկ), Շանթ Պարսումեանի (ջութակ) եւ Ալիսիա Քէօշկէրեանի (քանոն) եռեակը։

