Գլխաւոր

Համբիկ Սասունեան` Հայաստանի Մէջ

Հայ ժողովուրդին ուղղուած իր հետեւեալ պատգամին մէջ, Համբիկ Սասունեան յայտնեց.-

Սիրելիʹ հայրենակիցներ,

Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ պատգամս ձեզի՝ Հայաստանէն։

Մօտաւորապէս 40 տարիներ անց, պատիւը ունիմ ըլլալու հայրենի հողին վրայ, խմելու հայրենի ջուրը, շնչելու օդը եւ զգալու ընտանեկան ջերմութիւնը։

Ձեր ցուցաբերած աջակցութիւնը տարիներու ընթացքին մնայուն կերպով քաջալերած է զիս եւ դրական ներդրում ունեցած է իմ դժուարագոյն օրերուս։

Խորին շնորհակալութիւններս կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց, որոնք նամակցած են, այցելած են եւ ընդմիշտ պահած են զիս իրենց սրտերուն մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Վերջապէս հասած եմ տուն…

Սիրով՝
Համբիկ Սասունեան

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button