ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Դեկտեմբերի 25-ին, հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր «Վերածնունդ» հրապարակ: Արցախցիները պահանջեցին, որ ազերի այսպէս կոչուած բնապահպանները բանան արդէն 2 շաբաթ լիակատար շրջափակման մէջ գտնուող Բերձորի միջանցքը՝ «կեանքի ճանապարհ»-ը: Հանրահաւաքին մասնակցեցան նաեւ Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեան եւ այլ գործիչներ:


