ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԹԻՐԱԽԸ ՌՈՒՍԻԱՆ Է

0 0
Read Time:3 Minute, 20 Second

Ա.Ա.
Մեծ վտանգները կ՛ունենան անձայն եւ անաղմուկ ձեւաւորման հանգրուան մը, որուն ընթացքին կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ ամէն ինչ ճիշդ եւ լաւ ընթացքի մէջ կը գտնուի եւ ոչ մէկ վտանգ կը սպառնայ իրավիճակին։ Պատմութեան մէջ ժողովուրդներու ճակատագրին եւ գոյութեան սպառնացող ահաւոր վտանգներ անցած են այս հոլովոյթը եւ օրինակները բազմաթիւ են։
Այդ վտանգներուն մեծագոյններէն է համաթուրանականութիւնը, որուն գաղափարախօսական եւ ռազմաքաղաքական բաղադրիչները Թուրքիոյ իշխանութիւններուն ծաւալապաշտական ծրագրերուն եւ շահերուն կարեւորագոյն զէնքերն են՝ աշխարհի տարածքին ապրող թրքախօսները մէկ դրօշի եւ գաղափարի տակ միաւորելու համար։ Թուրանականութիւնը, իբրեւ թրքախօսներու շահերու եւ ապագայի ու կեցութեան ապահովման միակ եւ լաւագոյն հարթակը ներկայացնելու թրքական քարոզչութիւնը եւ տարուող աշխատանքները առաւել հասկնալու համար՝ պէտք է յստակ պատկերացում մը ունենալ համաթուրանականութեան աշխարհագրական – ժողովրդագրական դրութեան մասին։ Ներկայ Թուրքիայէն մինչեւ Իրան եւ Ատրպէյճան, ապա Կասպից ծովու ափերէն դէպի հիւսիս- արեւելք՝ հասնելով ու անցնելով Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը, Թուրքմենիստանը, Տաճիկիստանը եւ Խըրխըզիստանը։ Այսպէս հասած չենք ըլլար համաթուրանականութեան միւս ծայրամասի աշխարհագրական սահմանին։ Տակաւին պիտի կտրենք Չինաստանի սահմանը ու հասնինք արեւմտեան շրջաններ՝ Ալթայ, որ կը համարուի թրքախօս ցեղերու բնօրրանը։
Աշխարհագրական այս տարածքը ութ պետութիւն կ՛ընդգրկէ։Եւ հոս պէտք է շեշտել, որ համաթուրանականութեան ստեղծման հոլովոյթը ունի արգելակիչ երկու տարրեր, որոնք կը խանգարեն ցամաքային ամբողջութիւնը այս չափազանց վտանգաւոր «կայսրութեան»։ Հայաստան եւ Ռուսիա։
Այս ծիրին մէջ պէտք է նշել կարեւոր հանգամանք մը։Չեչենիոյ, Տաղստանի եւ Հիւսիսային Կովկասի միւս ժողովուրդները իսլամ եւ թրքախօս են եւ բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուին Թուրքիոյ քաղաքամշակութային եւ տնտեսական ազդեցութիւններուն տակ։Աշխահագրական այս շրջանին մէջ միակ խոչընդոտը խորքին մէջ Հայաստանն է, որ կ՛արգելակէ համաթուրանականութեան ստեղծման նպատակին ծառայող ծրագրերու իրականացումը։Բայց նաեւ՝ ռուսական գործօնն ալ կ՛արգելակէ ու կը խանգարէ համաթրքական երազը։
Համաթուրանականութեան գաղափարախօսները եթէ հայկական արգելքին մասին բացայայտօրէն կը խօսին, ակնարկութիւններ կը կատարեն, կը նշեն Նախիջեւանեան դարպասին՝ Հայաստանի հարաւի վրայ բանալու եւ այդ միջոցով համաթուրանականութեան ընդարձակման ու ծաւալման կարեւորութիւնները, շատ զգուշ են Ռուսիոյ պարագային։ Այս խնդիրը ներկայիս ամէն բանէ աւելի եւ ամէնէն շատ մտահոգութիւններու աղբիւր է Թուրքիոյ վարիչներուն համար, որոնք լաւապէս կը գիտակցին, որ համաթուրանականութեան ստեղծման ծրագրերու բացայայտ գործողութիւնները առաջին հերթին պիտի բախին ռուսական շատ ուժգին հակազդեցութեան մը, որ խաղին բոլոր կանոնները կրնայ տակնուվրայ ընել։
Ռուսիա ամբողջ աշխարհի մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը՝ թրքացեղ ժողովուրդներու քանակով եւ այն տարածքներով, որուն վրայ այդ ժողովուրդները կ՛ապրին։ Տիվացիներ, պաշքիրներ,թաթարներ, ալթացիներ, եաքուտներ, պալքարներ, խակասներ, գարաճայներ եւ ալթացիներ Ռուսիոյ տարածքին ունին իրենց ցեղագրական- ժողովրդագրական կառոյցները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք Թուրքիոյ համապատասխան կառոյցներու եւ նախարարութիւններու ուշադրութեան եւ հոգածութեան մնայուն առարկաներն են։Այս ժողովուրդներուն կ՛աւելնան Խրիմի թաթարները, վրաստանի թուրք մսխեթները, գումիկները, տոլկանները եւ տասնէ աւելի թրքացեղ միւս ժողովուրդները՝ շուրջ տասնհինգ միլիոն։Այսպիսով՝ ինչպէս համաթուրանականութեան հարցերով զբաղող փորձագէտներ կը նշեն, Ռուսիոյ ներկայ ընդհանուր բնակչութեան, առաւել Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդները, 16,9 առ հարիւրը թուրք է։Այս իրողութեան մասին խօսելով է, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին օրերուն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով առանց բառերը ծամծմելու յայտարարեց, որ Մոսկուա չի կրնար անտեսել Ռուսիոյ թրքացեղ եւ թրքախօս բնակչութեան զգացումները եւ ներկայութիւնը։
Անշուշտ պէտք է ընդգծել, որ այս ժողովուրդները Թուրքիոյ վարիչներուն համար պարարտ հող են՝ համաթուրանականութեան գաղափարախօսութեան տարածման համար։ Թէեւ թուրք գործիչներուն բոլորը չէ, որ բացայայտօրէն կը խօսին այս մասին, նախագահ Ռեճէփ Էրտողան առիթով մը մէջբերելով Ապտիւլհալուք Չայի գաղափարները, յայտարարեց, որ Թուրքիա չի կրնար կամք չդրսեւորել աշխարհի տարածքին երեք հարիւր միլիոն թուրքերը միաւորելու համար։Չայ տարիներ առաջ Պաքուի մէջ կայացած՝ Թրքախօս պետութիւններու համագործակցութեան ընկերակցութեան հիմնադիր համագումարին ընթացքին յայտարարած էր։ «Աշխարհի տարածքին ապրող 300 միլիոն թուրքերը պէտք է խօսին նոյն լեզուով, ունենան միասնական տնտեսութիւն եւ իրականացնեն միասնական քաղաքականութիւն»։Այլ խօսքով պէտք է ստեղծել համաթուրանական կայսրութիւնը։Իսկ թէ 300 միլիոն թուրք ըսելով՝ Չայ եւ Էրտողան որո՞ւ կ՛ակնարկեն,շատ յստակ է։Անգարայի իշխանութիւնները նկատի ունին նաեւ Ալպանիոյ, Պուլկարիոյ, Յունաստանի, Կիպրոսի, Մոլտովայի, Պոսնիոյ, Քոսովոյի, Իրանի, Իրաքի, Վրաստանի, Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Չինաստանի, Մոնկոլիոյ եւ անշուշտ Ռուսիոյ տարածքին ապրող թրքացեղ ժողովուրդները, որոնցմէ օրինակ մըն են Սուրիոյ թուրքմէնները, որոնք զինեալներ հայթայթեցին Արցախեան երկրորդ պատերազմին ընթացքին։Այսինքն չեն բաւարարուած Թուրքիոյ, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներով։
Ռուսիա ամէնէն աւելի եւ բոլորէն աւելի կը գիտակցի համաթուրանականութեան վտանգին։Ճիշդ այս պատճառով ալ Մոսկուա ներկայիս մէկ ձեռքով բարեկամական, միւս ձեռքով ալ զգուշացման նշաններով կը վարուի Թուրքիոյ հետ։ Զսպելով եւ դարպասելով։ Գնահատելով եւ յանդիմանելով։ Ռուսական այս քաղաքականութիւնը մինչեւ երբ կրնայ նոյն ձեւով շարունակուիլ, օրերը ցոյց պիտի տան։

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles