Համազգային Նիւ Եորք.- ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹ

0 0
Read Time:1 Minute, 52 Second

3bf3160a-fbb6-45bf-ae1a-dec5c0f5aad2

Անդամուհի

1975-էն իվեր մասնաճիւղիս Գրական Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ տեղի կ՝ունենայ Աշակերտական մրցոյթ՝ Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Ամենօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու 3րդ, 4րդ, 5րդ, եւ 6րդ դասարաններու աշակերտներուն համար:
Հարցումները Յունուար ամսուն կ՝ուղարկենք: Ընդհանուր գիտելիքներու երկու տարբեր ցանկեր՝ Ամենօրեայ եւ Շաբաթօրեայ 5րդ եւ 6րդ, դասարաններու աշակերտներուն համար, որը կ՝ընդգրկէ հայոց պատմութիւն, Հայաստանի եւ Արեւմտահայաստանի աշխարհագրութիւն, գրողներու եւ բանաստեղծներու վերաբերեալ զանազան հարցումներ: Պատշաճ նկարներ ալ կը ցուցադրուին կարգ նը հարցումներու հետ:
Ամենօրեայի 3րդ եւ 4րդ, դասարաններուն կ՝ուղարկուի ուղղագրութեան ցանկ մը, իսկ Շաբաթօրեայի 3րդ, եւ 4րդ, դասարաններուն կ՝ուղարկուի բառապաշար՝ Անգլերէն-Հայերէն ցանկ մը:
Այս տարի 43 աշակերտներ մասնակցեցան Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կազմակերպած տարեկան մրցոյթին որը տեղի ունեցաւ վերոյիշեալ Համերգի յաջորդ օրը, Շաբաթ, Մայիս 30, 2016ին: Բացման խօսքը կատարեց Ատենապետուհի Ընկհ. Աստղիկ Սեւակ, շեշտելով մրցոյթի 41ամեակը, եւ հրաւիրեց Նիւ Եորքի Համազգայինի հիմնադիրներէն ընկ. Հրանդ Մարգարեանին որը հակիրճ քաջալերական խօսք ուղղեց դպրոցականներուն: Ընկհ. Ժանէթ Մարգարեան, ներկաներուն բացատրեց, մրցոյթի չորս բաժինները եւ ընթացքը: Մրցոյթը ձեռնհասօրէն վարեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Նարեկ Քհնյ. Թրթռեան, մեղմօրէն ու կատակով սրբագրելով աշակերտի սխալը:
Ինչպէս սպասելի է Ամենօրեայ Վարժարանի աշակերտները (Սրբոց Նահատակաց ) բոլորն ալ անսխալ էին, թէ ՛ուղղագրութեան եւ թէ՛ գիտելիքներու բաժիններուն մէջ անասելի ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պատճառելով մեզի:
Շաբաթօրեայի աշակերտներն ալ շատ լաւ էին: Սրբ. Սարգիսի եւ Նիւ Ճըրզիի Նարեկ վարժարաններու աշակերտներու մեծ մասը անսխալ էին իսկ մէկ երրորդը՝ հինգ հարցումէն միայն մէկ սխալ ունէին:
Մրցոյթին բոլոր մասնակցողները անխտիր, ստացան Վկայագրեր՝ Համազգայինի վարչութեան կողմէ եւ «Անմոռուկ» կրծքասեղներ, Կիլիկեան Թէմի Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ :
Ամենօրեայի գիտելիքներուն մասնակցող անսխալ աշակերտներուն նուիրուեցաւ Վահագն Դաւթեանի եւ Համօ Սահեանի բանաստեղծութիւններու «Հատընտիր» գիրքը եւ անգլերէն (The Turkish Armenocide) գիրքը, Հեղինակ՝ Joseph Guttmann: Իսկ Ամենօրեայի ուղղագրութեան մասնակցող անսխալ աշակերտներուն տրուեցաւ հանրածանոյթ Զուլալ Երրեակի կողմէ նուիրուած խտասալիկներ (CD):
Շաբաթօրեայի գիտելիքներու ն մասնակցող անսխալ աշակերտներուն նուիրուեցաւ Արիս Սեւակի թարգմանած Դանիէլ Վարուժանի «Բացիկներ» ալպոմը: Իսկ Շաբաթօրեայի Անգլերէն- Հայերէն բառապաշարի մէջ անսխալ աշակերտներուն տրուեցաւ Զուլալ Երրեակի կողմէ նուիրուած խտասալիկներ (CD):
Հոգեպարար եւ հպարտութեամբ լեցուն օր մը իսկապէս: Բոլոր աշակերտները անխտիր իրենց լաւագոյնը կատարած էին եւ լրջօրէն սորված ու պատրաստուած էին:
Ապրիք սիրելի աշակերտներ, եւ շնորհակալութիւն բոլոր դպրոցներու տնօրէնուհիներուն, ուսուցչուհիներուն եւ Մայրերուն:
…..Եւ …առատ շնորհաւորութիւններ, Համազգայինի Վարչութեան որ երկու օր յաջորդաբար, պատանիներ ու երեխաներ, քով-քովի բերելով, հայ ժողովուրդի երգն ու մշակոյթը ծանօթացուց իրենց եւ ինչու չէ նաեւ ներկաներուն: Շնորհակալութիւն ատենապետուհի Աստղիկ Սեւակին որ միութեանս մղիչ ուժն է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles