ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՇԻԼ ԿՈՐՔԻԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 0 Second

Ան­մո­ռա­նա­լի օր մը պի­տի մնայ բո­լոր անոնց հա­մար, որոնք մի­ա­ցան Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նի կազ­մա­կեր­պած ճամ­բոր­դու­թեան Շա­բաթ, Դեկտ. 26ին, այ­ցե­լե­լու Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Ար­ուես­տից Թան­գա­րա­նը`  ուր Ար­շիլ Կորքիի 180ի մօտ կտաւ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւնն էր:  Ճիշդ մէկ շա­բաթ առաջ Դեկտ. 19ին ծրագր­ուած ճամ­բոր­դու­թիւնը յե­տաձգ­ուած էր ձիւ­նամր­րի­կին պատ­ճա­ռով:

Ճամ­բան  ըն­կե­րա­կան հա­ճե­լի մթնո­լորտ կը տի­րէր, երաժշ­տու­թիւն եւ ան­խու­սա­փե­լի անեք­տոթ­ներ: Սա­կայն անս­պա­սելի­օ­րէն եղաւ նա­եւ դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան: Ռու­ման­իա­յէն պրն. Գրի­գոր Գրի­գոր­եան հա­կիրճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տուաւ Ար­շիլ Կորքիի կեան­քին եւ ար­ուես­տին մա­սին, տե­սակ մը նա­խա­պատ­րաս­տե­լով մեզ աւե­լի ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու:

Պէտք է նշել որ թան­գա­րա­նին կող­մէ Հոկ­տեմ­բե­րէն մին­չեւ Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը շարք մը դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կազ­մա­կե­րեպ­ուած էր հան­րու­թիւնը լու­սա­բա­նե­լու եւ ճանչց­նել տա­լու Կորքի­ին: Ի շարս այ­լոց, դա­սա­խօ­սած են Ատոմ Էկոյ­եան եւ Փի­թըր Պա­լաք­եան: Հա­մերգ­նե­րէն մէ­կը` Դեկ­տեմ­բեր 4-ին եղած է Վա­նի եւ Կորքիի ծննդա­վայր Խոր­գո­մի ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու մա­սին: Թան­գա­րա­նին կող­մէ հրա­տա­րակ­ուած էր նա­եւ մե­ծա­ծա­ւալ եւ պատ­կա­ռե­լի գիրք մը, որ կ՛ընդգր­կէր Կորքիի նկար­նե­րը:

Մե­ծա­գոյն հա­ճոյ­քով եւ ան­սահ­ման հպար­տու­թեամբ պտտե­ցանք սրա­հէ սրահ մեր ու­ղե­կից-առաջ­նոր­դին հետ, որ նախ ծան­րա­ցաւ Կորքիի “Մայր ու Զա­ւակ”ի եր­կու նկար­նե­րուն վրայ որոնք փոխ առն­ուած էին Նիւ Եոր­քի Ուիթ­նի թան­գա­րա­նէն ու Ուա­շինկ­թը­նի Ազ­գա­յին Պատ­կե­րաս­րա­հէն: Եր­կու նկար­նե­րը  իրա­րու քով զե­տեղ­ուած էին, որ դիւ­րա­ցուց  ու­ղե­կից-առաջ­նոր­դի  բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն ըմբռնումը, բաղ­դա­տա­կա­նը եւ նուրբ տար­բե­րու­թիւն­նե­րը եր­կու կտաւ­նե­րուն մի­ջեւ:

Ապա ամ­բողջ եր­կու ժամ եւ ամէն քայ­լա­փո­խի մեր ու­ղե­կից-առաջ­նոր­դէն մենք լսե­ցինք կրկին ու կրկին Վա­նի մա­սին, (Թուրք­իա բա­ռըչկար):  Լսե­ցինք կրկին ու կրկին Ցեղասպանութեան մա­սին,  շեշտ­ուե­ցաւ կրկին ու կրկին որ Կոր­քին ՀԱՅ էր, Ոս­տա­նիկ Ադոյ­եան անու­նով եւ ոչ թէ ռուս, ինչ­պէս որ կարծ­ուած  եւ ըն­դուն­ուած էր, իր գոր­ծա­ծած Կոր­քի ան­ուան պատ­ճա­ռաւ: Ներ­կա­յա­ցուց մեզ Կորքիի կեն­սագ­րա­կա­նը, Վա­նի մէջ իր տա­ռապ­եալ պա­տա­նու­թե­նէն մին­չեւ իր եղե­րա­կան մա­հը` անձ­նաս­պա­նու­թիւնը:

Այս նոյն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը կը կար­դաց­ուէր նա­եւ իւ­րա­քան­չիւր սրա­հի մուտ­քին տե­ղադր­ուած ցու­ցա­նակ­նե­րուն վրայ:

Անդ­րա­դառ­նա­լով անոր ար­ուես­տին, ու­ղե­կից-առաջ­նոր­դը նշեց որ սկզբնա­կան շրջա­նին, Կոր­քին  կրած է տպա­ւո­րա­պաշտ­նե­րու  (impressionists) ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, սա­կայն յե­տա­գա­յին իրա­պէս ակօս բա­ցած եւ մեծ ազ­դե­ցու­թիւն է ու­նե­ցած ամե­րիկ­եան եւ հա­մաշ­խար­հա­յին նկար­չու­թեան վե­րա­ցա­կան ար­ուես­տի (abstract) զար­գաց­ման վրայ:

Այո՛ բա­ցա­ռիկ ու հա­ճե­լի դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան եւ ին­չու չէ նա­եւ հպար­տու­թիւն պատ­ճա­ռող օր մը եղաւ բո­լո­րիս հա­մար: Մե­ծա­գոյն հա­ճոյք էր տես­նել մա­նա­ւանդ չորս երե­խա­նե­րու (Եփ­րեմ­եան եւ Խրիմ­եան) ամոլ­նե­րու զա­ւակ­նե­րը, որոնք ամե­նայն լրջու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան, մտիկ ըրին ու­ղեկ­ցին եւ վեր­ջա­ւո­րու­թեան Կորքիի “Մայր ու Զա­ւակ” նկա­րը վեր­ցու­ցած հպար­տու­թեամբ տուն դար­ձան:

Շնոր­հա­կա­լու­թիւն Հա­մազ­գա­յի­նին այս անկրկ­նե­լի առի­թը եւ ան­մո­ռա­նա­լի օրը մեզ ըն­ծա­յե­լուն հա­մար:

Ճամ­բորդ մը

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles