Նիւ Ճըրզիի Մէջ .- ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ ՄՇԱԿՈՅԹ…
Թղթակից
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղը, հաւատարիմ իր անունին, հաւաքական ձեռնարկ մը կազմակերպեց, ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, համախմբելով տարբեր կազմակերպութիւններ, մշակութային միութիւններ, պարախումբեր եւ երգիչ-երգչուհիներ։
Հակառակ դուրսը տիրող կլիմայական դժուար պայմաններուն, սրահը լեցուած էր խուռներամ բազմութեամբ մը։
Յայտագիրը, գեղարուեստական ծրագիրէ մը անդին անցնելով, միասնական ոգեկոչումն էր Մեծ Եղեռնին։ Ոգեկոչումը՝ նահատակուած ու տարագրուած ժողովուրդի մը, բռնագրաւուած հայրենիքի մը, յափշտակուած ու անհետացման վտանգի
պառնալիքին ենթարկուած մշակոյթի մը։




Միեւնոյն ատեն ան փաստն էր ձախողութեան մատնուած ցեղասպանութեան մը։ Վերակենդանացած ժողովուրդի մը վկան, նոր սերունդը՝ նախանձախնդիր իր մշակոյթի պահպանման, հարիւր
ներով իրարու մօտ եկած, ձեռք ձեռքի բռնած, թնդացուց սրահը հայ երգով ու պարով։
Մշակութային այս երեկոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի “Մեղրի“ (Ֆիլատելֆիա) եւ “Նայիրի“ (Նիւ Ճըրզի) պարախումբերը, Հ.Բ.Ը.Միութեան “Անդրանիկ“ պարախումբը, Հայ Տունի “Աղթամար“ պարախումբը, Վանուշ Խանամիրեան Պարի Դպրոցը (Նիւ Եորք եւ Քէնէթիքէթ)։ Ինչպէս նաեւ երգերով հանդէս եկան Համազգայինի Արեգակ մանկապատանեկան երգչախումբը, “Յոյսեր“ Անսամպլը եւ Նիւ Եորքէն մեներգչուհի Յուշեր։
Բացումը կատարեցին ՀՄԸՄի սկաուտները, որոնք ջահերով տողանցեցին եւ բեմ բարձրանալով զանոնք տեղաւորեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը շատ հարազատօրէն ներկայացնող բեմայարդարանքին դիմաց։ Երկու ժամ տեւող յայտագիրը ընթացաւ հեզասահ։ Մասնակիցները շատ արհեստավարժ ու գեղարուեստական ճաշակով ներկայացուցին իրենց բաժինները։
Յատկանշական էին երգ ու պարը ընդմիջող թատերական կարճ հատուածները, կատարողութեամբ Թ.Մ.Միութեան Մհեր Մկրտչեան թատերախումբի դերակատարներուն, որոնք ներկայացուցին հայ ժողովուրդի արդի պատմութիւնը, սկսեալ Մեծ Եղեռնի ջարդի ու ողբերգութեան օրերէն, նշելով հայկական ապստամբութիւններն ու ինքնապաշտպանութիւնները, ապա տեղահանումը հայ ժողովուրդին իր պատմական հայրենիքէն, մինչեւ Սարդարապատի ճակատամարտ, Հայաստանի Անկախութեան կերտումը եւ ի վերջոյ հայ վրիժառու բազուկներով արդար հատուցումը Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներուն։



Հանդիսատեսներուն մօտ մեծ յուզում եւ խանդավառութիւն ստեղծեց փակման պարը, երբ մօտ երկու հարիւր մանուկներ, պատանիներ ու երիտասադներ բեմ բարձրացան ու կողք կողքի պար բռնեցին։ Մեծ Եղեռնի դարադարձին մեր նոր սերունդը այսպէս համախմբուած տեսնելը նոր յոյս կը ներշնչէ մեզի՝ թէ մեր մշակոյթը անտէր պիտի չմնայ, նոր պահապաններ պատրաստ են բծախնդրութեամբ պահել ու պահպանել զայն։
Այս հանդիսութեան հեղինակն ու բեմադրիչն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Վաստակաւոր արուեստագէտ՝ Գագիկ Կարապետեանը, որ հմտօրէն ղեկավարեց յայտագիրը։ Ձեռնարկի պատրաստութիւնը վստահուած էր այս առիթով կազմուած յանձնախումբի մը, որուն անդամները ամիսներ առաջ սկսած էին դասաւորել կազմակերպչական աշխատանքները եւ համագործակցաբար
հսկեցին բոլոր մանրամասնութիւններուն։



Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք դեր ունեցան այս յայտագրի
իրականացման համար։






