
ԵՐԵՒԱՆ․- Պսակաձեւ Ժահրի համաճարակին պատճառով աշխարհին մէջ ստեղծուած սահմանափակումներուն եւ անբնական կացութեան պատճառով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան աւանդութեան վերածուած նախաձեռնութիւններէն` Համազգայինի ուսանողական հաւաքը տարի մը կատարուեցաւ առցանց դրութեամբ, բայց այս տարի անիկա վերադարձաւ իր աւանդական ձեւին: Արդարեւ, Յուլիս 8-ին ընթացք առաւ եւ խանդավառութեամբ ու հետաքրքրութեամբ կը շարունակուի ուսանողական 26-րդ հաւաքը, որուն կը մասնակցին Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ուսանողներ:
Այս հաւաքներուն նպատակն է հայրենիքը աւելի մօտէն ծանօթացնել հայ ուսանողներուն, զանոնք հաղորդակից դարձնել ազգային ժառանգութիւններուն ու մշակոյթին, առիթ տալ համախմբուելու եւ միասնաբար պեղելու հայրենիքի գաղտնիքները:
Ֆորումի բացման հաւաքին մասնակիցները ծանօթացան Համազգայինի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` ֆորումի ծրագիրին, նպատակին եւ օրէնքներուն:
Ֆորումին երկրորդ օրը սկիզբ առաւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան այցելութեամբ: Մասնակիցները ծանօթացան մեր հայրենիքին հարուստ պատմութեան եւ ինքնատիպ մշակոյթին, որմէ ետք խումբը այցելեց Եղիշէ Չարենցի կամար: Ինչպէս Չարենց կը սիրէր այս վայրի ցնցող տեսարանը, Ֆորումականներն ալ պահ մը վայելեցին դէպի Արարատի գիրկը բացուող յիշարժան տեսարանն ու բոյրը:
Կէսօրին մասնակիցները առիթը ունեցան տեսնելու մեր միակ հեթանոսական տաճարը Գառնիի մէջ: Մասնակիցները առիթը ունեցան տեսնելու նաեւ Գառնիի «Քարերու սիմֆոնիա»-ի արտակարգ գեղեցկութիւնը, ապա ուղղուեցան դէպի Գեղարդ: Գեղարդի բնութեան աղօթքով ու օրհնութեամբ մասնակիցները վերադարձան մայրաքաղաք:
Յուլիս 10-ին Հայաստան, Արցախ ու սփիւռք միասնական ուժով ու հաւատքով ֆորումականները իրենց պարտքը կատարեցին եւ այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ ու Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան: Ապա խումբը այցելեց արցախեան պայքարի հերոսներու պանթէոնը` Եռաբլուր: Ֆորումականներու յուզուած աչքերն ու ծաղիկները թրջեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմի նահատակներէն, նախկին ֆորումական Արտակ Իշխանեանի սուրբ հողը:
Յուլիս 13-ին ֆորումականները առաւօտեան այցելեցին Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերէն մին` Ծաղկաձոր: Բնութեան զուլալ օդն ու կանաչազարդ լեռները վայելելով` ճոպանուղիին վրայ, անոնց հոգիները յագեցան հայրենիքի բնութեան ջերմութեամբ:
Ապա ուսանողները այցելեցին «Տիրամայր Հայաստանի» ճամբարը, ուր փոքրիկներուն հետ կէսօրեայ յայտագիր մը ունեցան, որ կ՛ընդգրկէր ճաշ եւ զանազան մարզական ու երաժշտական խաղեր: Իւրաքանչիւր երեխայի սէրն ու ժպիտը ֆորումականներուն սիրտն ու հոգին կը լեցնէին: Անոնք միասնաբար ուրախ եւ օգտաշատ ժամեր անցուցին:
Երեկոյեան ուսանողները առիթը ունեցան սորվելու հայկական ազգագրական պարեր, աւելի մօտէն ծանօթացան պարարուեստի գաղտնիքներուն` «Արէնի տենս սթիւտիօ»-ին մէջ, ուր անոնց ուսուցուեցաւ հայկական քոչարին ու թամզարան:
Երեկոյեան ֆորումականները իրենց մասնակցութիւնը բերին «Ո՞վ է հայը» զրոյցին: Զրուցավարն էր պատմաբան Վարագ Գեթցեմանեան: Միտքերու փոթորկումի պահեր ապրեցան երիտասարդները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը այս հարցին վերաբերող տարբեր մօտեցում եւ ընկալում ունի, յատկապէս` մեկնելով այն իրողութենէն, որ իւրաքանչիւրը կու գայ տարբեր երկրէ, տարբեր միջավայրէ: Ծաւալեցաւ հետաքրքրական եւ շինիչ զրոյց մը, որ մտածելու, անձնական փորձառութիւններու մասին արտայայտուելու, ապրումներ փոխանակելու առիթ եղաւ:
Ֆորումի 11 օրերու ընթացքին հայ ուսանողները առիթ կ՛ունենան հանդիպելու հայ մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, լսելու պատմամշակութային թեմաներով դասախօսութիւններ, քննարկելու հայ ժամանակակից երիտասարդները յուզող տարաբնոյթ հարցեր: