
Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը 9 սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին, պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 90-ամեակը` յոբելենական յատուկ հանդիսութեամբ, որ տեղի պիտի ունենայ Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ:
Հանդիսութենէն առաջ թատրոնի նախասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի հրատարակչական գործունէութեան նուիրուած ցուցահանդէս:
Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի համերգային-թատերական ինքնատիպ ներկայացում, որուն պիտի մասնակցին Գ. Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնը, Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնը, Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը, Հայաստանի պարարուեստի պետական «Բարեկամութիւն» համոյթը, «Պրոֆ Արտ» պարային համոյթը, Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբը, «Միայն աղջիկներ» վոքալ խումբը, «Էմմանուէլ Յովհաննիսեան եւ ընկերներ» տուտուկահարներու խումբը, «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթը: Ցուցադրուելիք գծանկարային ժապաւէնը պատրաստած է «ՄաշՌում» սթիւտիոն, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին հեղինակն ու բեմադրիչն է Վարդան Մկրտչեան: