ԼրահոսՀայաստան

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՖՈՐՈՒՄԻ ԲԱՑՈՒՄ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

hamazk forum

Յուլիս 13, 2009ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ բացումը Համազգայինի 15րդ Ֆորումին, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ութ երկիրներէ քսանըվեց ուսանողներ: Բացման հանդիսութեան խօսք առին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մ. Եափուճեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լ. Գալստեան, Ֆորումի դաստիարակչական ծրագիրի պատասխանատու Խաչիկ Մուրատեան («Արմինիըն Ուիքլի»), Ֆորումի հիմնադիրներէն դոկտ. Հ. Մարգարեան: Հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեան:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Համազգայինի նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւն:
Ուսանողները այցելեցին Երեւանի պետական համալսարան եւ հանդիպումզրոյց ունեցան համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեանի հետ: Յուլիս 14ին  մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ դասախօսութիւն՝ Հայ գիրերու գիւտին մասին: Դասախօսը՝ Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, համապարփակ ձեւով ներկայացուց գիրերու գիւտի պատմութիւնն ու անոր վճռորոշ դերակատարութիւնը՝ զայն դնելով երրորդ եւ հինգերորդ դարերու պատմական պարունակին մէջ:
Յետմիջօրէին, ուսանողները այցելեցին Օշական եւ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին առջեւ: Ներկաները նաեւ այցելեցին Բիւրականի աստղադիտարան եւ Վիկտոր Համբարձումեանի տունթանգարան:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button