«Համազգային»ի Ուսանողական Մշակութային 21-րդ Հաւաք

0 0
Read Time:8 Minute, 55 Second

11745376_842151655868661_4839498039785104399_n
Ստորեւ, յապաւումով եւ քաղուածաբար լոյս կ՛ընծայենք այս տարուայ «Համազգային»ի ուսանողական մշակութային հաւաքի մասին թղթակցութիւն մը:

Իր կազմակերպութեամբ եւ լրջութեամբ, այս հաւաքը օրինակելի է:

Սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ուսանողներու համար հայկական առողջ ու դաստիարակիչ մթնոլորտ ստեղծող, իրենց հայկական ինքնութեամբ եւ արժէքներով հպարտ ըլլալու մղող, հայրենիքին եւ սփիւռքահայ ուսանողին միջեւ սերտ ու անմիջական կապ հաստատելու միտող «Համազգային»ի ուսանողական 21-րդ մշակութային հաւաքը այս տարի տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ Յուլիս 11-էն 26:
Տարեկան դրութեամբ կատարուող այս հաւաքին ազդանշանը տրուած է 1994-ին, Լիբանանի մէջ: Քանի մը տարի ետք, կազմակերպիչ մարմին ու պատասխանատուները զգացին, որ այս հաւաքը լիովին իր նպատակին ծառայեցնելու համար Լիբանանի մէջ սահմանափակումներ կան, ուստի շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ, եթէ անիկա իրականանայ Հայաստանի մէջ:
Տարիներու ընթացքին ֆորումականներու միացեալ ճիգերով զանազան ձեռնարկներ կազմակերպուած են ու կը կազմակերպուին զանազան գաղութներու մէջ, հաւաքին մասնակիցները կը սկսին իրենց գաղութներուն մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծել, անոնք եւս Համազգայինին կը միանան ու այդ ճամբով կը ծառայեն մշակոյթին, եղած են նաեւ պարագաներ, երբ հաւաքի մասնակիցները իրենք կորիզ մը ստեղծած են այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր Համազգայինի միաւոր չկայ: Հիմնական նպատակը այդ ուսանողները իրենց արմատներուն մօտեցնելն է, որովհետեւ մասնակիցներուն մէկ մասը, մանաւանդ անոնք, որոնք Միջին Արեւելքէն չեն, երբեմն նոյնիսկ հայերէն չեն գիտեր, կը գիտակցին, որ իրենք հայ են, սակայն տարբեր պատճառներով հայկական դպրոց չեն գացած եւ իրենց լեզուն չեն սորված, ուստի անոնք աւելի ծարաւ ունին հայկական միջավայրի մէջ ըլլալու, հայրենիքը տեսնելու, ապրելու` անոր լաւ ու վատ կողմերով: Այս հաւաքը միայն զբօսաշրջային նախաձեռնութիւն մը չէ, ինչ որ ներկայիս սովորութիւն դարձած է ընել, այլ հաւաքը ունի հայրենիքի ճանաչողական միտում, այսինքն հաւաքին մասնակիցը հայրենիքը պէտք է ճանչնայ այնպէս, ինչպէս որ է` բոլոր իրականութիւններով եւ կողմերով: Այս նպատակով կը կազմակերպուին այնպիսի այցելութիւններ եւ ծրագիրներ, որոնք պարզ զբօսաշրջիկին համար մատչելի պիտի չըլլան, ինչպէս` Երեւանի պետական համալսարանի նախագահին հետ հանդիպում, Արցախի խորհրդարան, բանակային զօրամասեր այցելութիւններ, որոնք կ՛ըլլան յատուկ դասաւորումով: Ուսանողները կ՛այցելեն նաեւ Ծաղկաձորի «Հայաստան» ճամբար, ուր երեխաներուն հետ օրը կ՛անցնեն, կը տեսնեն, որ հայրենիքի մէջ եւս դժուարութիւններ դիմագրաւողներ կան, առկայ են զանազան մարտահրաւէրներ եւ այլն:

10431517_842151975868629_1528798063218844042_n
Համազգայինի Ուսանողական 21-րդ հաւաքը սկսաւ Երեւանի մէջ Շաբաթ, Յուլիս 11, 2015-ի առաւօտեան, համախմբելով թիւով 35 երիտասարդներ, Հայաստանէն, Արցախէն, Վրաստանէն, Միացեալ Արաբական էմիրութիւններէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն ու Աւստրալիայէն։ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ Նիւ Ճըրզիի շրջանէն Թամար Սամուէլեան:
Բացումը կատարուեցաւ «Եւրոպա» պանդոկին մէջ. մասնակցողներու կողքին ներկայ էին նաեւ Համազգայինի Հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութենէն ընկերներ Սպարտակ Ղարաբաղցեան եւ Թամար Հաշողլեան, Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան եւ Կարօ Յովհաննէսեան։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիլիթ Գալստեան, ապա հերթականութեամբ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին Սպարտակ Ղարաբաղցեանն ու Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը, ինչպէս նաեւ այս տարուայ հաւաքի ընթացիկ տարուան վարիչներ՝ Արա Բարսեղեան եւ Թամար Տօնապետեան։
Հաւաքին մասնակիցները երկու շաբաթ անցուցին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, եւ վերադարձան իրենց երկիրները: Այդ երկու շաբաթները անոնց կեանքին մէջ որեւէ երկու շաբաթուան չնմանեցան: Այդ օրերը ուրոյն դրոշմ մը ձգեցին մասնակիցներուն վրայ: Փաստ է, որ նախորդ երկու տարիներու հաւաքին մասնակցած անձերուն միջեւ կապը այնքան ամուր եւ սերտ եղած է, հայրենիքի նկատմամբ սէրն ու կառչածութիւնը այնքան մեծ եղած է, որ իրենք անձնական նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուին եւ կը համախմբուին հայրենիքի մէջ: Նախորդ տարի երեք տարբեր տարիներու ֆորումականներ համախմբուած էին հայրենիքի մէջ, այս տարի եւս նոյն նախաձեռնութեամբ համախմբում մը կատարուեցաւ: Դեռ աւելին, տակաւին կան տարբեր երկիրներ տրուած այցելութիւններուն ընթացքին ֆորումականներուն զիրար փնտռել-գտնելու, տեսակցելու եւ միասին ժամանակ անցնելու երեւոյթը:
Ընթացիկ տեսարժան վայրեր տրուած այցելութիւններուն եւ յատկանշական հանդիպումներուն կողքին, Ֆորումի պարագային կարեւոր են դասախօսութիւններն ու քննարկումները, յատկապէս` «Ո՞վ է հայը» հարցումին շուրջ եղած քննարկումները, որոնք ընդհանրապէս բաւական աշխուժ կ՛ըլլան, որովհետեւ Հայաստանէն եւ սփիւռքի զանազան գաղութներէ մասնակից երիտասարդներէն իւրաքանչիւրը տարբեր մօտեցումներ ունի, նոյնիսկ կարծիքներու հակասութիւններ կ՛արձանագրուին, մօտեցումներու մեծ տարբերութիւններ, սակայն իսկապէս շատ հետաքրքրական կ՛ըլլայ այս բաժինը, որ խորքին մէջ նաեւ դժուար է եզրակացնել, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ ճշդել, թէ ո՛վ է հայը: Դասախօսութիւններ կը տրուին գաղութներու մասին, անոնց ծագման եւ ներկայ կացութեան, ինչ որ ոմանց քով հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ, մանաւանդ որ հայկական դպրոց չյաճախած անձեր կը զարմանան, թէ այլ գաղութի մէջ հայեր ինչպէս կ՛ապրին հայօրէն, կը խօսին միայն հայերէն եւ այլն:
Այս տարի «Սփիւռքի պատմութիւնը» խորագրին տակ, Կարօ Յովհաննէսեան սեղմ վայրկեաններու մէջ լիամփոփ ձեւով ներկայացուց Սփիւռքի պատմութիւնը առիթ տալով հարցումներու եւ զրոյցի։10405418_841427642607729_2240450923613451389_n

Կարօ Յովհաննէսեան վարեց խիստ հետաքրքրական զրոյց մը, «Ո՞վ է հայը» թեմայով. ուշագրաւ էր լսել զանազան ու երբեմն իրարու հակազդող կարծիքները այս նիւթին շուրջ. բարդ հարցում մը, որ մաս կը կազմէ մեր բարդ իրականութեան։
Յովհաննէսեան նաեւ վարեց «Ո՞վ է ղեկավարը» խորագիրը կրող զրոյցը. նիւթ մը, որուն շուրջ ֆորումականները աշխուժօրէն արտայայտուեցան, իսկ դասախօսը սահիկներու միջոցով ծանրացաւ ինը յատկանիշներու վրայ, որոնց շուրջ տուաւ բացատրականներ, բազմաթիւ օրինակներ բերելով համաշխարհային հաստատութիւններէն ու դէմքերէն։
Խումբը այցելեց Երեւանի Պետական Համալսարան, ուր ընդհանուր նախագահ ու պատմաբան՝ Դոկտ. Արամ Սիմոնեան իր սուղ ժամանակէն տրամադրեց Համալսարանին մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու, հետաքրքրութիւն արթնցնելով շատերու մէջ հոն դասաւանդուող ծրագիրներուն մասին։ Խօսք առին նաեւ Դոկտ. Լիլիթ Գալստեան, որ յիշեցուց ներկաներուն Համազգայինի յառաջացուցած հայերէնի ուսուցիչներ, կրթական մշակներ պատրաստելու մագիստրոսի ծրագիրին մասին ու Դոկտ. Հրանդ Մարգարեան, որ դասապահերու փոխանակումներուն մասին հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Ապա հայագիտական հետազօտութիւններու բաժնի փոխ-տնօրէն՝ Դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեանի առաջնորդութեամբ ֆորումականները լսեցին առցանց հեռաուսուցման ծրագիրին մասին տեղեկութիւններ ու շրջեցան զանազան սենեակներ, օրինակ՝ հայոց պատմութեան հետ առնչուող հետազօտութիւններու թուայնացման սենեակ, հայ-օսմանական յարաբերութիւններու, հայ-քրտական յարաբերութիւններու եւ այլ սենեակներ, ուր հետազօտութիւններու հետ առնչուող աշխատանքներ կը կատարուին։11745586_840979129319247_8681291886032285417_n (1)

Արուեստի բնագաւառն ալ անպակաս էր: Հայ գեղանկարչութեան մասին տպաւորիչ դասախօսութիւն մը, Դոկտ. Սաթենիկ Չուքասզեանի կողմէ: Դասախօսը կեդրոնացաւ 19-20-րդ դարու հայ գեղանկարիչներուն ու իրենց գործերուն վրայ:
Հաւաքի աւարտի օրերուն, մասնակցողները վայելեցին հերոսական Արցախը։ Ճանապարհին, Արարատը իր ալեհեր գլուխը պարզած էր բոլորին։ Խոր Վիրապի շուրջ կանգ առաւ հանրակառքը. հակառակ կիզիչ արեւին, բոլորը խանդավառ վազեցին դէպի Արարատ…։ Ոմանք, մանաւանդ անոնք, որոնց համար առաջին փորձառութիւնն էր հայրենիք այցը, լուռ էին, գերյուզուած եւ լռակեաց:
Զօրաւոր զգացում մը պատած էր բոլորը. «Ազատ անկախ Արցախը ողջունում է ձեզ»ը բոլորը յուզեց։ Ու անկէ յետոյ, հայկական լեռնաշղթայի հրապոյրը գրաւեց բոլորը. լեռ ու ձոր, գունագեղ մարգեր, մերթ ընդ մերթ ճամբան անցնող կովեր, ձիեր. իսկ ամէնէն հրապուրիչը՝ արցախեան լեռները։ Ի՜նչ հրաշալի են իրարու գիրկ ինկած այդ լեռները. ու կանա՜չ…։ «Գետաշէն»ը հնչեց ու արդէն ֆորումականները հասած էին Շուշի, որմէ ետք երեւացին Ստեփանակերտի լոյսերը, ու ծափերը թնդացուցին հանրակառքը։
Կատարուեցաւ այցելութիւն՝ Ասկերանի զօրամասը։ Ճանապարհին, Գնդապետ Մուրատեանը զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեց շրջանին ու ապա զօրամասին մասին։ Մուտք գործելով երկաթեայ դռներէն, բոլորին առջեւ պարզուեցան ազգային հերոսներու լուսանկարներ՝ իրարու ետեւէ շարուած, ու Արցախեան պատերազմին իրենց կեանքը զոհաբերած ազատամարտիկներու յուշակոթողը. սուր մը, մէջտեղը յաւերժութեան նշանը, երեքական պատեր աջին ու ձախին, իւրաքանչիւր պատի վրայ՝ քանակով հազար փոքր քար, իւրաքանչիւր հայդուկի յիշատակին։ Փոխ-գնդապետ Քամալեանն ու գնդապետ Մուրատեանը առաջնորդեցին խումբը դէպի զօրամասի դրօշին մօտ, ուր բացատրութիւններ տրուեցան զօրամասին մասին։ Ապա, խումբը առաջնորդուեցաւ դէպի զօրամասի այն շրջանը, ուր պաշտպանողական փորձեր տեղի կ՚ունենան։ Խումբը հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց խրամատներու, հրաձիգներու, թաքստոցներու, փշալարերու ու այլ տուեալներու մասին տեղեկութիւններ ու ապա, յառաջացաւ դէպի նորակոչ զինուորներու բաժինը, ու խումբէն տղաք քաղցրեղէններու տուփեր եւ տոպրակներ յանձնեցին զինուորներուն, շէնքի մուտքին, մինչ փողային նուագախումբը նուագեց զանազան երաժշտութիւններ։ ։ Շէնքէն ներս, բացատրութիւններ տրուեցան առօրեայ կեանքին մասին, խումբը պտըտեցաւ հսկայ ննջարանը, ուր նեղլիկ մահճակալներ, բարակ անկողիններով օժտուած կողք-կողքի շարուած են։ Նկատելի էին կանոնաւորութիւնը, կարգապահութիւնը, մաքրութիւնը։11755669_840263152724178_6887961551388576606_n
Մատուռին մէջ աղօթելէ ետք, արցախեան քայլերգը բարձր հնչեց զօրամասին մէջ, փողերախումբին առաջնորդութեամբ. բոլորը ոտքի ու հպարտ՝ յուզիչ պահեր ապրեցան եւ երկար խօսեցան իրենց զգացումներուն մասին յաջորդող ժամերուն ընթացքին։ Դէպի պանդոկ ճանապարհին, Արցախի խորհրդանիշ՝ Տատիկն ու Պապիկը, գեղեցիկ բլուրի մը վրայ դիմաւորեցին բոլորը։ Անհամար լուսանկարներու շարքէն ետք, հասաւ ճաշի ժամը ու ապա, խումբը Ստեփանակերտի մաքուր ու գեղեցիկ փողոցներէն քալելով ուղղուեցաւ դէպի գեղեցիկ հրապարակը, ուր կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի շէնքը։ Շէնքէն ներս, խումբը ուղղուեցաւ դէպի ժողովասրահ. հոն շահեկան ու լիամփոփ բացատրութիւններ փոխանցուեցան Արցախի մասին. ընթացքին, ֆորումականներէն՝ Դալար Պաղտասարեանն ու Արամ Պարթեւեանը իրենց զգացումներն ու տպաւորութիւնները բաժնեցին Արցախի հեռուստակայանի անձնակազմին հետ, ու խումբը ճանապարհ ինկաւ դէպի Շուշի։ Ֆորումականներէն, Արցախի Մարտունի շրջանի ծնունդ՝ Արտակը, այնքան համեստ սակայն հպարտ ոգիով հայորդին, բացատրութիւններ տուաւ ճանապարհին գտնուող կոթողներուն, շէնքերուն ու շրջանին մասին ընդհանրապէս։10437618_840684079348752_48030420717010580_n
Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ, խումբը աղօթեց ու շրջանին ու Եկեղեցւոյ մասին տրուած բացատրութիւններուն ուշի ուշով հետեւեցաւ։ Դուրսը, Արցախցի արեւի պէս շողուն երեխաներ, անդին դէպի Եկեղեցի ուղղուող ընտանիքներ, իսկ հեռուն՝ մեր վերամբարձ ու հզօր լեռներէն հասնող զով ու մեղմիկ հովը… Անբացատրելի է պահը. այդ վայրկեանին, ոչ մէկը ուզեց տեղէն շարժիլ։ Շուշիի բերդին առջեւ լուսանկարուելու առիթը յափշտակելէ ետք, ընթրիքի պահը հասած էր արդէն ու պանդոկին համադամ ընթրիքը ճաշակելէ ետք, ֆորումականները ուղղուեցան դէպի հրապարակ, միանալու ու միասնաբար զբօսնելու Ստեփանակերտի բնակչութեան հետ։
Կատարուեցաւ նաեւ այցելութիւն, շրջանի Տիգրանակերտ շչջանը:11745570_840979455985881_2899245523672345437_n
Տիգրան Մեծի կողմէ կառուցուած Արցախի մէջ գտնուող Տիգրանակերտը հնագէտներ ու պատմագէտներ յայտնաբերեցին 2000-ի կիսուն եւ մինչ օրս, պեղումները միայն տաս առ հարիւրով է որ կատարուած են։
Անյայտ կորածներու թանգարանին մէջ, խումբը դիմաւորեց Տիկ. Վերա Գրիգորեան, ինքն ալ անյայտ կորած հայորդիի մը մայրը։ Շատ յուզիչ էր մթնոլորտը. անթիւ անհամար անյայտ կորածներու լուսանկարներ ծածկած են սենեակներուն պատերը, աղօթքի անկիւն մը հոս, ծաղիկներու կոյտ մը հոն…։ Տիկ. Գրիգորեանը բացատրեց եւ հարցումներու պատասխանեց ու իր գրած գիրքերուն պարունակութենէն տողեր ընթերցեց։ Ազդեցիկ ու տխուր այս իրողութեան մէջ ինչպէ՞ս կարելի է յոյսն ու հաւատքը պահել, թէ օր մը տուն պիտի դառնայ անյայտ կորած ազատամարտիկ մը. սակայն այս մայրերը կ՚ապրէին այդ յոյսով ու հաւատքով։
Ֆորումականները նաեւ ուղղուեցան դէպի Գանձասար։ Հրաշքի համազօր երկիր է Արցախը. անծայրածիր լեռներուն հզօրութիւնն ու կանաչութիւնը իսկապէս կը կախարդէ անցորդը… ։ Ճամբու վրայ, հանրակառքը կանգ առաւ Վագրի լերան առջեւ. խանդավառութիւնը մեծ էր, արկածախնդիրներն ալ շատ էին։
Գանձասարը իր գրաւիչ տեսքով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին։
Կատարուեցաւ նաեւ այցելութիւն՝ Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարան։
Վերջին խմբային ընթրիքն էր. երազ օր մը կը հասնէր իր աւարտին։ Դժուար էր համոզուիլը:
Այսպէս երազ օրեր. երազ հայրենիք՝ Հայաստան ու Արցախ։10502529_840684189348741_5552905392844249543_n

Առաւօտեան վաղ ժամերուն իրարանցում մը սկսած էր արդէն… պայուսակներու պատրաստութիւն, «բան չմոռնաք»ներու շարան, Ստեփանակերտի «Փարք» պանդոկին մէջ եռուզեռը բացայայտ էր…։ Արցախը մեր ետին ձգելը դիւրին պիտի չըլլար. Արցախին հետ միասին մեր սիրելի ֆորումականներէն՝ Մարտունիի ծնունդ Արտակէն բաժնուիլը դիւրին պիտի չըլլար։ Բոլորը հաւաքուած էին շուրջը ու փաթթուկներու շարքը երկար էր։ Ազնիւ հայորդիին երակներուն մէջ կար միայն հայութիւն, կար միայն հայրենիք, ու կար անսահման սէր իր հասակակից ֆորումականներուն ու լրիւ խումբին նկատմամբ։ Մինչ նոր հանդիպում Արտակ ջան։ Լուռ էր խումբը, թէ՛ անքնութեան ու թէ տխրութեան նշանները նախաճաշի ժամանակ արդէն յայտնի էին։11215810_841431015940725_6619841276776208026_n

Հանրակառքը լուռ ու մունջ անցաւ մեր հզօր լեռներուն միջով:
Դէպի Հայաստան սահմանը քանի մը վայրկեան կենալէ ետք, ահաւասիկ քիչ անց գունագեղ ու գողտրիկ Գորիսը իր գեղեցկութիւնը պարզեց բոլորին առջեւ… ու մէկը միւսին ետեւէ մտանք Սիւնիքի մարզ, Հալիձոր ու վերջապէս Տաթեւի ճոպանուղիի տարածաշրջանը։ Նոյնիսկ հարուստ լեզուին մէջ կը պակսին ածականները. պէտք է տեսնել ու ապրիլ այն զգացումը երբ հինն ու նորը իրարու խառնուած ու միաժամանակ կը ներկայանան. դարերու պատմութիւն ունեցող Տաթեւը, որ նաեւ համալսարան եղած է ժամանակին, ու հոն դասաւանդուող նիւթերէն էր հայ մանրանկարչութիւնը։ Արեւը պայծառ կը շողար, թեթեւ զեփիւռը իր ջանքը կը թափէր կարծէք որ տաք օդը քիչ մը զովացնէ։ Երկուքի բաժնուելով, խումբը յառաջացաւ դէպի ճոպանուղի ու ճամբայ ելաւ դէպի Տաթեւի վանքը:
Ֆորումականները Տաթեւով հմայուած էին. Սուրբ Պօղոս Պետրոս տաճարին մէջ կնունքի արարողութիւն էր որ տեղի կ՚ունենար:
Հանրակառքով խումբը ուղղուեցաւ դէպի Երեւան։
Այնքան յիշատակներ հիւսուեցան երկու շաբթուան մէջ, այնքան զգացումներ արթնցան. կեանք մըն էր որ անցաւ, իր ետին թողնելով անսահման սէր՝ հանդէպ հայրենիքի` Հայաստանի ու Արցախի ու հանդէպ իրարու՝ իբրեւ ֆորումականներ։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles