Այլազան

“ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ“Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱՆՍԻ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ

 Հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ Ֆրանսայի Լօրէն շրջանի Նանսի քաղաքին մէջ հիմնուած է “Համազգային“ի մասնաճիւղ:

Արդարեւ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 27-ին, տեղւոյն հայ համայնքի “Հայասա“ հիմնարկի հրաւէրով, Նանսի ժամանեցին “Համազգային“ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ`Վաչէ Փափազեան, Սուրէն Սարգիսեան եւ Մկրտիչ Եափուճեան: Նոյն օրը տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի հիմնադիր ժողովը` ներկայութեամբ երեսուն անձերու: Ժողովի ընթացքին Կեդրոնական Վարչութեան անդամները ներկայացուցին Համազգայինի առաքելութիւնը, նպատակը, կանոնագիրը եւ ժողովավարական օրէնքները:

Ժողովի աւարտին միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ մասնաճիւղի առաջին վարչութիւնը` բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Աւետեան Արթուր, Մովսիսեան Կարէն, Միրզոյեան Արման, Ադամեան Ռուզաննա, Պապայեան Անժելա, Շիրվանեան Թինա, Առաքելեան Աննա:

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button