ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150-ԱՄԵԱԿԸ
Անի Փանոսեան-Մուրատեան
Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան, Քոլումպիա Համալսարանի Հայկական Կեդրոնին եւ Հայկական Ուսումնասիրութիւններու եւ Հետազօտութիւններու Միութեան, Ուրբաթ, Փետրուար 8-ին հանդիսաւոր յոբելինական միջոցառումով նշուեցաւ հայկական երաժշտութեան հսկայ Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակը, Նիւ Եորքի Քոլումպիա Համալսարանէն ներս։

Օրուան հանդիսավարն էր Քոլումպիա Համալսարանի դասախօս՝ Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան։ Երաժշտական յայտագրով հանդէս եկան տաղանդաւոր երաժիշտներ` Լուսին Մուսայէլեան (սոփրանօ), Վաղարշակ Օհանեան (պարիթոն) եւ Արսէն Կետիկեան (ջութակ), կատարելով Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն։
Օրուան բանախօսն էր Ֆրէնքլըն եւ Մարշըլ Համալսարանի Երաժշտական Ամպիոնի Վարիչ Փրոֆ. Սիլվիա Ալաճաճի։ Ան գեղեցիկ կերպով ներկայացուց Կոմիտասի կեանքն ու գործունէութիւնը՝ Պոլիսէն Էջմիածին ու Եւրոպա, նրա կատարած մշակումները, հազարաւոր հայ ժողովրդական երգերու նոթագրումը եւ կորուստէ փրկումը, անոր ունեցած մեծ ներդրումը հայ հոգեւոր երաժշտութեան մէջ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Կոմիտասի ունեցած ոգեղէն ներգործութեան՝ ինչպէս ամէն հայ ընտանիքի, նոյնպէս ալ իր ընտանիքին վրայ։ Դոկտ. Ալաճաճի նշեց, որ Կոմիտասը հայութեան բոլոր հատուածները իրար միացնող կամուրջ մը եղած է, հաւասարապէս պատկանելով Արեւելահայութեան եւ Արեւմտահայութեան, ինչ որ բացառիկ իրողութիւն մըն է։ 
Բանախօսութեան աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղել դասախօսին ու տեղի ունեցաւ միտքերու հակիրճ փոխանակում։
Հանդիսութենէն ետք, Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեանի բնակարանին մէջ կայացաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակի եզրափակման եւ արժանաւոր անձանց պարգեւատրման միջոցառումը: 

Տիգրան Թնկրեան (Նիւ Ճըրզի) պարգեւատրուեցաւ ճարտարապետական մանրակերտերու կառուցման մէջ իր մասնագիտական նուաճումներու, նաեւ հայ համայնքի կեանքին տեւական մասնակցութեան համար: Նուպար Երեմեանը (Ֆիլատելֆիա) գնահատանք վաստակած է անխոնջ ու բազմակողմանի մասնակցութեամբ Հայ համայնքի կեանքին՝ նուիրուած գործունէութեամբ եկեղեցւոյ եւ ազգային միութիւններու մէջ: Արմինէ Մինասեան (Նիւ Եորք) եւս վաստակած է իր պարգեւը թէ՛ որպէս Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հիմնադրութիւնից մինչ օրս միութեանը ի սպաս դնելով իր մասնագիտական ու անձնական կարողութիւնները, եւ թէ՛ լաւագոյնս աշխատելով այլ միութիւններու մէջ: Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան (Նիւ Եորք) որ մեծ ու կարեւոր դեր ունի Համազգայինի ArtLinks արուեստի ու գրականութեան ամենամեայ աշխատանոցների կազմակերպման մէջ: 

Համազգայինի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Արեւիկ Գաբրիէլեան կարեւորեց Համազգայինի դերը ազգապահպանման մէջ. “Ազգը յաւերժանում է իր մշակոյթով: Իսկ առանց մշակոյթի ոչ թէ ազգ, այլ ընդամէնը մարդկանց հաւաքականութիւն կարող է լինել: Մշակոյթը ոչ միայն մեր ինքնութեան պահպանման գրաւականն է, այլև աշխարհի առջև մեր ուրոյն դէմքը: Առանց գիտակցուած հենքի ու հիմքի աճող սերնդին ազգային պատկանելիութիւն ներշնչելն անհնարին է:
Այդ հենքն ու հիմքը հէնց մեր մշակոյթն է, գրականութիւնը, ազգային ժառանգութիւնը: Մեր մասնաճիւղերի ջանքերով է, որ երեխաներն ու պատանիները հաղորդուում են մեր գրականութեանը, պարարուեստին, երաժշտութեանն ու նաև հայագիտական գիտելիքներ ձեռք բերում ամենամեայ Համազգայինի Գիտելիքների Մրցոյթի միջոցաւ (Hamazkayin Armenian Knowledge Bowl): Մի՛ զլացէք ձեր զաւակներին հայ մնալու, գիտակից հայ լինելու հնարաւորութիւնը տալ: Համազգայինի միջոցով հայ մշակոյթին ծառայելը ստուգապէ՛ս բոլորիդ կողմից ազգային նախանձախնդրութեան փայլուն դրսեւորումն է”, ըսաւ ան:
Ջերմ մթնոլորտի ու հիւրասիրութեան կողքին ներկաները վայելեցին իրարու ընկերակցութիւնը, տօնելով Համազգայինի 90-ամեայ վաստակն ու դէպի 100-ամեակը տանող ծրագրերու սկիզբը։


Խորին շնորհակալութիւն ԱՄՆ-ի ԱՐև. Շրջանային Վարչութեան և յատկապէս ընկհ. Արևիկ Գաբրիէլեանին պատուելու Համազգային-ի ընկեր-ուհիներին, ովքեր տարիներ սիրայօժար իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ մշակոյթը ապրեցնելու և պահպանելու համար:
Յաջողութիւն և Յարատևութիւն ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻՆ: