
…Եւ յետոյ մշակոյթի վերյուշը աստանդական, բնաւեր դարձած ու հայրենիք երազող ժողովրդի բնազդական ճիգն է, ապրելու եւ յարատեւելու հզօրագոյն իղձը, երբ նա հողից կտրուած, կախւում է իր ցեղային հոգուն, իր հայրերի, իր պապերի ստեղծագործ զօրութեան մէջ կենսական աւիշներ փնտռելով:
Ես մի հայ գաղթական զանգուած գիտեմ, որ իր ցեղային նկարագիրը, իր հաւատը, իր լեզուն, իր աւանդութիւնները, իր հոգին անաղարտ պահպանելու համար չորս դար պայքարեց շքեղօրէն եւ հակառակ իր պարտութեան՝ տակաւին մինչեւ այսօր իր ջղաձիգ տանջանքների ցնցումներն ունի. խօսքս Լեհաստանի հայ գաղթականութեան մասին է, որ 17-րդ դարից սկսեալ հայրենի հորիզոններից դուրս նետուելով եւ Լեհաստան ապաստանելով միայն 17-րդ, դարի վերջերից սկսեց ուծանալ:
Չորս դարերի պայքարը նա տարաւ անօրինակ յամառութեամբ, վասնզի իր հայրենիքից բերել էր իր հետ կուռ, հզօր ազգային աւանդութիւններ եւ մի շքեղ մշակոյթ, որին յենուած՝ ուժգնօրէն մարտնչեց իր ցեղային նկարագրի պահպանումին համար:
Ժողովուրդների հոգին մի անսպառ շտեմարան է հազար ու մի քնած ուժերի, որոնք սպառնացող փոթորկի ժամին կայծակների պէս ակօսում են մռայլ երկինքը:
Հայրենական արժէքների սրտապնդիչ գիտակցութիւնը, ցեղային կորովն ու կուռ խառնուածքը, լեզուն ու բարձր բարոյականը հայրենազուրկ ժողովրդի համար անխոցելի զրահներ են այնքան ժամանակ, որ հեռաւոր հայրենիքը կայ, որ կանչում է իր ցաք ու ցրիւ զաւակներին:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ
»ՀԱՅՐԵՆԻՔ« ամսագիր, Մայիս 1951
Լուսանկարները՝ Հաուըրտ Թորոսեանի
Մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած »Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ« փառատօնը, որ ժամեր շարունակ խանդավառեց աւելի քան 1200 հաշուող ներկաները:
Բծախնդրօրէն կազմակերպուած այս ձեռնարկը, ամիսներ շարունակ գործի լծած էր ենթայանձնախումբեր որոնք ամէնայն նուիրումով կատարած էին իրենց պարտականութիւնը:
Այս առթիւ, տեղւոյն Շրջանային Վարչութիւնը կապի մէջ մտած էր նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեանի հետ որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը: Այս առթիւ, Սփիւռքի նախարարը յատուկ խտասալիկ մը պատրաստած էր, որուն մէջ քանի մը վայրկեան խօսք առնելով, իր կարգին փոխանցած էր օրուան խօսքն ու շնորհաւորութիւները: Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ սոյն խտասալիկը, որուն մէջ նախարարը կը յայտնէր թէ այս առաջնահերթ գործը՝ կրթութիւնը եղաւ Համազգայինի ութսունամեայ գործունէութեան առանցքը՝ պահպանելու համար սփիւռքահայ զանգուածին հայկականութիւնը՝ սկսելով հայոց լեզուի պահպանումէն մինչեւ ամէնէն աւելի արդի մշկութային մէկ բնագաւառը, որոնք Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր անկասկած թեւակոխած են իր զարգացման մէկ նոր փուլ:
Նախարար Յակոբեան յայտնեց թէ Համազգայինը գաղափարական սերունդի մը մտածումին եւ աշխատանքին արգասիքն է, ազգային գաղափարախօսութեան պտուղ՝ հարազատ ու անկեղծ: Որքան ալ ծայրայեղ նիւթապաշտութեան դարաշրջանի գագաթնակէտին հասած ըլլանք, անձնական ու հաւաքական զոհողութիւն պէտք է, որպէսզի խօսքը իսկապէս գրաւիչ ու համոզիչ ըլլայ: Յակոբեան եզրակացուց որ Համազգայինի գոյառումը իր էութեան մէջ անմոռանալի արարք մըն է, որ կը ներկայացուի իր գործունէութեան ձեւով ու բովանդակութեամբ:
Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Զարմայր Սեդրաքեան խօսք առնելով, յայտնեց թէ Համազգայինի ծնունդը արդիւնք էր քաղաքական ազդակներու, նաեւ նպատակաուղղուած էր քաղաքական հանգանակի մը« որ կ°արտայայտուի »Հայաստանի ու համայն հայութեան գոյատեւման առաքելութեամբ« բառերով:
»Այսօր, Մեծ եղեռնէն գրեթէ աւելի քան դար մը ետք, նոյնիսկ ազատ ու անկախ Հայաստանի առկայութեան, հայութիւնը իր երկու երրորդով ցրուած է աշխարհի չորս ծագերուն եւ կը գտնուի դարձեալ իր ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ: Սփիւռքահայութիւնը՝ այս աշխարհացրիւ մեծամասնութիւնը մեր ժողովուրդին« անտարակոյս անբաժանելի մասը կը կազմէ հայ ազգին ու կ°աւելցնէ անոր տեսակարար կշիռը՝ թէ° իբրեւ քանակ եւ թէ° իբրեւ որակ. հայութեան եւ Հայաստանի գոյութիւնն իսկ կը վտանգուի, եթէ անհետանայ Սփիւռքը, իսկ այս վերջինին գոյութիւնը կը դառնայ անհեթեթ՝ առանց Հայաստանի: Հայրենիքը եւ Սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն են, եւ Համազգայինի դերը այդ ամբողջութիւնը պահելու, այդ ամբողջութեան գիտակցութիւնը պահպանելու տեսակէտէն ճակատագրական է: Շատ խօսուած է մշակոյթի ճամբով Հայ Դատին ծառայելու առաքելութեան մասին, որ Համազգայինինն է եղած միշտ՝ մեր ժողովուրդը ու մեր մշակոյթը մեր ապրած երկիրներու միջավայրին ծանօթացնելու ի խնդիր: Խօսքս ատոր չի վերաբերիր, կամ՝ միայն ատոր չի վերաբերիր« այլ ատկէ անդին կ°անցնի, կ°ակնարկէ աւելի ընդհանրական երեւոյթի մը« որ հայութեան գոյութեա°ն պահպանումն է: Ահա ա°յս իմաստով
պէտք է ընկալել Համազգայինի պատմութիւնը՝ ազգային անվտանգութեան տեսակէտէն իր ունեցած ու դեռ ունենալիք դերակատարութեան համայնապատկերին առջեւ«, ըսաւ Սեդրաքեան որ աւելցուց թէ Համազգայինի առաքելութիւնը նոյնիսկ դուրս կու գայ զուտ ազգային շրջագիծէն ու կը դառնայ համամարդկային նպատակ, քանի որ մշակութային ինքնութեան պահպանման խնդիրը միայն հայուն խնդիրը չէ:
Սեդրաքեան աւելցուց թէ Մշակութային այլազանութեան հարցը միջազգային մտահոգութեան առարկայ է, եւ շատ մեծ ու յառաջադէմ երկիրներէն ամէնէն աւելի յետամնաց երկիրները անհրաժեշտութիւնը զգացին այս վերջին տարիներուն միջազգային պայմանագրերով պաշտպանելու սեփական դիմագիծը պահելու իրենց իրաւունքն ու ճիգերը: »Վարչութեանս նպատակն է հասարակութեան, այլ եւ մանաւանդ միջավայր, տուն ու առիթ ստեղծելու մատաղ եւ երիտասարդ սերունդներուն, բացուելու եւ ծանօթանալու համար ազգային հարուստ մշակոյթին:Շրջանային Վարչութիւնս, այսօր, առաջին անգամ ըլլալով քաջալերուած եւ խթանուած շրջանի մասնաճիւղերու տարած աշխատանքներէն, նախընթացը չունեցող մեծ չափերով, հայ մշակոյթի հարուստ եւ բազմաթիւ բնագաւառները ի մի բերելով, որպէս ազգային մշակոյթի անդաստանէն քաղուած ծաղկեփունջ մը կը ներկայացնէ զայն Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ փառատօնով«, եզրակացուց Սեդրաքեան:
Յատուկ այս ձեռնարկին համար երաժշտագէտ, յօրինող, խմբավար եւ Հայաստանի Երգահաններու եւ Երաժշտագէտներու Միութեան անդամ Պրն. Գրիգոր Փիտէճեան, Համազգայինին նուիրած իր »Մաղթերգ Համազգայինի« երգչախմբային ստեղծագործութեան անդրանիկ ունկնդրութիւնն ու ներկայացումը կատարեց: Իր իսկ ղեկավարութեամբ կատարուեցաւ այս գործին ներկայացումը, որ մեծ տպաւորութիւն ձգեց:
Միւս կողմէ, բանաստեղծ Աւիկ Տէյիրմէնճեանին (Պոսթըն) այս առթիւ գրած էր »Ձօն Համազգայինի« (տեսնել աջին) բանաստեղծութիւնը, որ նաեւ երաժշտութեան վերածուած էր Սամուէլ Աւետիսեանի (Հայաստանէն) կողմէ: Այս գործն ալ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ, որ իր կարգին մեծ տպաւորութիւն ձգեց:
Յատուկ ներդրում ունեցած էր պարուսոյց Գագիկ Կարապետեան, իր անսակարկ ցուցմունքներով եւ նուիրումով: Իսկ Արիս Սեւակ, կատարած էր թարգմանական աշխատանք, Կարինէ Քոչարեան՝ Բանաստեղծական գործ եւ Ալֆրէտ Եզնայեան՝ ձեռնարկի առթիւ կատարած էր գրքոյկի բծախնդիր պատրաստութիւն: Յարութ Պարսումեան կատարած էր բացման երաժշտութեան համադրման աշխատանքը:
Անշուշտ օրուան առիւծի բաժինը խլած էր հայրենի երգն ու պարը, սկսելով յատուկ այս առթիւ Հայաստանէն ժամանած եւ մետասաներորդ պահուն միայն Միացեալ Նահանգներու մուտքի արտօնութիւն ստացած Ալլա Լեւոնեանէն եւ Լոս Անճէլըսէն ժամանած ժողովրդական երգերու մեկնաբան Պապին Պօղոսեանէն մինչեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի »Անդրանիկ« պարախումբը, Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Թովմաս Եկեղեցւոյ »Աղթամար« պարախումբը, Լոնկ Այլընտի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ »Երազ« պարախումբը, Նիւ Ճըրզիի Համազգայինի »Նայիրի« պարախումբը, »Արեգակ« փոքրիկներու երգչախումբին եւ Դհոլի նուագախումբը:
Այս ձեռնարկը փաստ մը եղաւ որ Համազգայինը իր միջոցներով այսօ°ր ալ կը փորձէ ամբողջացնել գաղափարական մարդոց հետզհետէ աւելի նօսրացող շարքերը. կրթութեամբ, դաստիարակութեամբ եւ նմանօրինակ ձեռնարկներու կազմակերպութեամբ: Ատլանտեանէն անդին ալ Լեւոն Շանթերու եւ Նիկոլ Աղբալեաններու գործը շարունակուեցաւ:
Ահաւասիկ ութսուն տարուան փորձառութենէ ետք, պատճառ չկայ ձախողելու, մանաւանդ որ ներկայիս գոյութիւն ունեցող միջոցները անբաղդատելիօրէն եւ կայծակնային ոստումով աւելի բազմազան ու բազմաթիւ են, քան՝ սփիւռքեան կեանքի առաջին օրերուն: Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզիի օրուան ձեռնարկը, ինքնին խօսեցաւ իր մասին ու ապացուցեց ու վկայեց թէ՝ Համազգային տեսիլքի տէր հիմնադիրներուն նետած կամ ցանած հունտերը, ինկած են ոչ թէ ժայռի վրայ, այլ բերրի հողի վրայ, հայու հոգիին մէջ, որ կը շարունակուի ցայսօր եւ որուն արդիւնքը, վայելեցին քանի մը ժամ:
Ձեռնարկի աւարտին, կատարուած հիւրասիրութեան ընթացքին, խօսք առաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Նազարեան, որ շնորհաւորեց Համազգայինը իր կատարած ժրջան աշխատանքին համար:
Այս ձեռնարկին առթիւ, անգամ մը եւս տեղին է նշել թէ ութսուն տարիներ առաջ ծնունդ կ°առնէր Համազգայինը, 1928 Մայիս 28-ին, Գահիրէի մէջ: Իր բնօրրանէն արտաքսուած ժողովուրդը հիւրընկալ երկիրներէն ներս տակաւին կը գտնուէր գաղթակայաններու հիւղակներուն մէջ՝ թշուառ ու անպատսպար: Հասուն սերունդը ինկած էր առօրեայ ապրուստին ետեւէն, իսկ նոր սերունդը իր հոգեկան սնունդը սկսած էր առնել օտար միջավայրերու մէջ, շատ անգամ՝ գաղթակայաններու նեղ ու ծուռ փողոցներուն մէջ՝ նեղ ու ծուռ ազդեցութիւններու տակ: Ամէն տեղ նախակրթութիւնը սկսած էր տարբեր պայմաններու տակ կազմակերպուիլ:Համազգայինի հիմնադիրները, որոնց կարգին էին՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, կը գիտակցէին այդ իրողութեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ