ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 47 Second

sokh  Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չը շա­րու­նա­կեց ու կը շա­րու­նա­կէ խնա­մա­տա­րա­կան իր յանձ­նա­խում­բին մի­ջո­ցով 350-500 հայ ըն­տա­նիք­նե­րու ամ­սա­կան հեր­թա­կա­նութ­եամբ յատ­կաց­նել սնն­դա­կո­ղով­նե­րու արկ­ղեր: Սնն­դա­կո­ղով­նե­րուն փո­խա­րէն, բա­խում­նե­րու սաստ­կա­ցած մէկ ամս­ուան ըն­թաց­քին, եր­թե­ւե­կի հնա­րա­ւո­րու­թեան չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով, մէկ ան­գամ­ուայ հա­մար Շրջ. Վար­չու­թիւնը սնն­դա­կո­ղո­վի փո­խա­րէն հա­մար­ժէք գու­մար յատ­կա­ցուց իր նպաս­տըն­կալ­նե­րուն:

Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նութ­եան Խա­չի Շրջ. Վար­չու­թիւնը իր ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նէ Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վար­չութ­եան, որ գթա­րար մօր նման, ամէն ջանք ի գործ դրաւ ու հե­ռա­ւոր ափեր ապ­րող մեր հա­յոր­դի­նե­րէն նուի­րա­տուու­թիւն­ներ ստա­նա­լով յատ­կա­ցուց զայն Ս.Օ.Խ.-ի խնա­մա­տա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն` եր­կու հանգր­ուա­նով:

Շնոր­հա­կա­լու­թեան յա­տուկ խօսք ու­նինք նա­եւ Սուր­ի­ա­հայ Երի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան «Ար­ցախ» մաս­նա­ճիւ­ղի երի­տա­սարդ­նե­րուն, որոնք Ս.Օ.Խ.-ի Նոր Գիւ­ղի Ըն­կե­րաբժշ­կա­կան կեդ­րոն ներ­կա­յա­նա­լով օժան­դա­կե­ցին խնա­մա­տա­րա­կան յանձ­նա­խում­բի մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն` սնն­դա­կո­ղով­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան եւ ցրուու­մի աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ:

Սուր­ի­ա­հայ Օգ­նու­թեան Խա­չը, հա­ւա­տա­րիմ իր առա­քե­լու­թեան, կը շա­րու­նա­կէ ծա­ռա­յել Հա­լէ­պի տագ­նա­պին ծանր հե­տե­ւանք­նե­րը կրող մեր ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles