
Հինգշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2017-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին օրը, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական Մարմնին խառն նիստը, որ
ամիսներու քննարկումներէ ետք վերջնականացուց 2018 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք յոբելենական կեդրոնական ձեռնարկներուն շարքը։
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ, որ 19-29 Յուլիս 2018 երկարող օրերը հռչակուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շաբաթ եւ այս առիթով Հայաստանի մէջ իրագործուին հետեւեալ ձեռնարկները.- Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ
ընդհանուր բանակումի բացման հանդիսաւոր տողանցք Երեւանի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիր երրորդութեան բարձրաքանդակներու զետեղում Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնին մուտքին, նահատակ
Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յարգանքի տուրք Եռաբլուրի մէջ եւ մահացած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու հոգեհանգստեան պաշտօն, Վահան Չերազի արձանի կառուցում եւ զետեղում Կիւմրիի մէջ, պաշտօնական
հանդիսութիւն Օփերայի սրահին մէջ, ցուցահանդէս-գիտաժողով, 100-ամեակի նամականիշներու շնորհահանդէս եւ 100-ամեակի ճաշկերոյթ-պարահանդէս։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ միութեան 100-ամեակի կեդրոնական Մարմնին խառն նիստը քննեց նաեւ այս առիթով յառաջացուած հինգ յանձնախումբերուն (քարոզչական, տնտեսական,
ընկերային, գիտաժողովի, գործադիր) աշխատանքի ընդհանուր ուղղութիւնները եւ համապատասխան թելադրանքներ կատարեց յանձնախումբերու մօտ իր ներկայացուցիչներուն, որպէսզի 100-
ամեակի տարուան առաջին օրէն անոնք աշխատանքի լծուին յոբելինական տարին համահայկական շուքով եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական տարողութեամբ նշելու համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ