ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- Հ.Օ.Մ. Մասնակցեցաւ Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի 54-րդ նիստին

0 0
Read Time:38 Second

ars2

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ընկերային Յառաջդիմութեան Յանձնաժողովի (CSocD) 54րդ նիստը տեղի ունեցաւ Փետրուար 3-12, 2016-ին, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնատեղիին մէջ։ Այս նիստին առաջնահերթ նիւթն էր.- «Վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ», որուն միտք բանին է ստուգել տեւական յառաջդիմութեան միտող նորանոր կարելիութիւնները, եւ ձեւակերպել շօշափելի, յառաջամէտ քաղաքականութեան մղող յանձնարարութիւններ։
Մանրամասնութեամբ քննուեցան տեւական յառաջդիմութեան առընչուող ընկերային, տնտեսական եւ շրջապատային ազդակներու միջեւ ընթացիկ միջ-յարաբերութիւնները։ars1
Նաեւ, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչները Փետրուար 1-2-ին, ներկայացան Քաղաքակիրթ Հասարակութեան ատեանի «Անհաւասարութիւններ եւ 2030 Օրակարգ՝ տեւական յառաջդիմութեան համար. վերանայիլ ու զօրացնել ընկերային յառաջդիմութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ» օրակարգի նիստերուն։ Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչները, ունեցան իրենց գործնական մասնակցութիւնը, եւ հիմնական առաջարկներ ներկայացուցին յանձնաժողովին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles