
Read Time:42 Second

10էն 12 Մարտին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հ.Յ.Դ. մամլոյ եւ տեղեկատուական այլ միջոցներու եւ հանրային կապերու պատասխանատուներու խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցէին 12 երկիրներէ շուրջ 40 խմբագիրներ եւ հանրային կապի պատասխանատուներ:
Խորհրդաժողովը անդրադարձաւ Հ.Յ.Դ. աշխարհատարած լրատուամիջոցներու գործունէութեան, արձանագրեց յաջողութիւններն ու գոյութիւն ունեցող հիմնահարցերը, քննարկեց հայաստանեան եւ համահայկական հարցերու լուսաբանման պարագան, արդի աշխարհի մէջ տեղեկատուական դաշտի դիմագրաւած մարտահրաւէրները, Հ.Յ.Դ. հանրային կապերու ռազմավարութեան սկզբունքները եւ իրականացման կառուցակազմերը:
Առանձին քննարկման նիւթ դարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու հարցը՝ կուսակցական լրատուամիջոցներու ընելիքներու դիտանկիւնէն:
Խորհրդաժողովը կարեւոր համարեց գործակցութիւնը հայ մամուլի միւս միջոցներուն հետ՝ Հայաստանի, Արցախի, ազգային այլ հարցերու հետապնդումը համադրուած ջանքերով իրականացնելու գործին մէջ:
Մերժելով հակապետական, ապազգային, արտաքին եւ ներքին ապակառուցողական հակաքարոզչութիւնը, խորհրդաժողովը միաժամանակ կարեւոր համարեց մամուլի բազմակարծութիւնը, այլակարծութեան իրաւունքը եւ դատապարտելի համարեց ազատ խօսքի նկատմամբ դրսեւորուող որեւէ կաշկանդում:
Հ.Յ.Դ. ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
12 Մարտ 2018
Երեւան