Լրահոս
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ.- ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Է. ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԱՒԱՐՏ ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը իր Է. Պատգամաւորական Ժողովին բացումը կատարեց Երեւանի մէջ, 29 Մայիս 2014-ին, ներկայութեամբ 16 շրջաններ ներկայացնող պատգամաւորներու, Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Սփիւռքի նախարարներուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան լիազօր ու արտակարգ դեսպանին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչին, Ե.Պ.Հ.-ի ռեկտորին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, ՀՕՄ-ի եւ “Արարատ“ միութեան ներկայացուցիչներուն եւ հայրենի մտաւորականներու:
Իրերայաջորդ չորս օրերու վրայ երկարող 13 նիստերով ժողովը հանգամանօրէն քննեց նախ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան քառամեայ բազմաճիւղ գործունէութիւնը, իր օրակարգին վրայ տեղ գտած կրթական եւ մշակութային նիւթերը, ապա անցաւ յառաջիկայ չորս տարիներուն համար իր համահայկական գործունէութեան ծրագիրի մշակման:

