Գլխաւոր

ՀԱԼԷՊ…ՊԱՇԱՐՄԱՆ ՏԱԿ

syria-armenians_1  Հալէպի վիճակը կը շարունակէ մտահոգութիւն ստեղծել: Այսօր շատ աւելի ուժգին դարձած է ահազանգը:

Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծուած է որ, Սուրիոյ երբեմնի տնտեսական մայրաքաղաքը կը գտնուի սնունդի եւ վառելանիւթի պաշարման մէջ:

Սակայն հակառակ այդ ամէնուն, հալէպահայութիւնը կը շարունակէ կառչած մնալ իր աւանդութիւններուն:

Վերջին շաբաթներուն, Սուրիոյ նահանգներէն դէպի Հալէպ ելքն ու մուտքը փակ է: Սնունդի հարցին մէջ մեծագոյն խնդիրը ալիւր ձեռք բերելն է, փակ են գրեթէ բոլոր հացատուներն ու փուռերը: Դեռ աւելին, բժիշկներն ալ պակսած են քաղաքէն ներս…նաեւ շտապ բուժման դեղերն ու պիտոյքները:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button