Հալէպի «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի Հիմնադրութեան Յոբելենական Շքեղ Հանդիսութիւն

0 0
Read Time:12 Minute, 54 Second


Գէորգ Պետիկեան

Հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Ազգային «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանականներու Ընկերակցութեան Յոբելենական յանձնախումբին, Կիրակի, Հոկտեմբեր 29-ին, Կլէնտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Ճեմարանի հիմնադրութեան 70-ամեակի եւ Լոս Անճելըսի իր անունը կրող Ընկերակցութեան հիմնադրութեան 40-ամեակի զոյգ առիթներուն նուիրուած յոբելենական շքեղ ու յատուկ հանդիսութիւն, որ նշուեցաւ հանդիսաւոր շքեղութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ:
Հալէպի մէջ 1947-ին ծնունդ առած Ազգային «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի հիմնադրութեան նուիրուած այս հանդիսութեան՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին ներկայ էին նաեւ Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տոնոյեան, Տ. Ղեւոնդ քհն. Քիրազեան, օրուան գլխաւոր բանախօս (յատկապէս Փարիզէն հրաւիրուած) ծանօթ հրապարակագիր՝ Յակոբ Պալեանն ու իր տիկինը, Ընկերակցութեանս վարչութեան ատենապետ Գէորգ Գորթոշեանն ու իր տիկինը, իբրեւ եզակի եւ պերճախօս վկայութիւն՝ Ճեմարանի (1952-1953 տարեշրջանի) Ա. Հունձքի հինգ շրջանաւարտներէն երկուքը, յանձինս Երան Ջաղացպանեան-Կա-րապետեանի եւ իր ամուսինը,(այս առթիւ ժամանած Ճէքսըն Թէնըսիէն), եւ Հրայր Աւետեանն ու իր տիկինը, ինչպէս նաեւ նախկին տնօրէն Վարդգէս Նալպանտեանն ու իր տիկինը, շրջանի Հ.Յ.Դ. Կ.Կ. ներկայացուցիչ՝ Տարօն Տէր Խաչատուրեանն ու իր տիկինը: Այս առթիւ կարկինը լայն բանալով, օրուան հանդիսավարը բարի յիշեց, թէ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը զաւակն էր Ճեմարանի տարիներու ուսուցիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ աւելցուց, թէ սրահէն ներս ներկայ էին նաեւ նախկին հոգաբարձական կազմի անդամներու զաւակները, նախկին տնօրէններու հարազատները, նախկին ուսուցիչ ուսուցչուհիները, Հալէպի Շրջանային Ընկերակցութեան Յանձնաժողովի տարիներու անդամուհի Սեդա Հալլաճեանը, ու նաեւ շրջանի քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներն ու աւելի քան 300 հիւրեր, ճեմարանասէրներ եւ ճեմարանականներ:
Երեկոյի բացումը կատարեց ատենապետ Գէորգ Գորթոշեան, որ իր բարի գալուստի եւ շնոր-հակալութեան խօսքերէն ետք շեշտեց ըսելով.-«Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր անկիւններուն, բոլորովին անծանօթ չեն սուրիահայութիւնն ու իր անմոռանալի եւ անզուգական Հալէպը ու յատկապէս ազգային իր Ճեմարանը»: Եւ ապա յիշեց, թէ Ընկերակցութիւնը Ճեմարանական իր սաներով միատեղ ոչ միայն ապրեցաւ Սուրիոյ անցնող հինգ եւ աւելի տարինե-րու պատերազմի արհաւիրքը, այլեւ միշտ եւ իր կարելի բոլոր միջոցներով անսակարկ զօրա-վիգ կանգնեցաւ անոր ցաւերուն եւ դարմանումի ճիգերուն:
«Այս բոլորը կատարուեցան Սփիւռքի տարածքին եւ յատկապէս այս շրջանէն ներս ապրող ճեմարանականներու եւ ճեմարանասէրներու նիւթական եւ բարոյական աջակցութեամբ եւ զօրակցութեամբ, որոնց համար կը հրապարակենք մեր շնորհակալական խօսքերը»:
Ապա երախտագիտութիւն յայտնելէ ետք բոլոր հին ու նոր նուիրատուներուն, եւ Ճեմարանի բարերարներուն, բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար Գէորգ Պետիկեանը:
Իր կարգին, առաջին իսկ առիթով, հանդիսավար Պետիկեան սրահը հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան, առ ի յարգանք յաւէտ բաժնուած Ճեմարանի հիմնադիրներուն, տնօրէն-ներուն, հոգաբարձական կազմի անդամներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, պաշտօնէու-թեան եւ աշակերտներուն յիշատակին եւ այս առթիւ յատկապէս յիշեց նորոգ հանգուցեալ ճեմարանականներ՝ Հրանդ Աճեմեանը, Արմէն Տոնոյեանն ու Յարութիւն Գաբրիէլեանի անունները:
Բարի գալուստի իր խօսքերէն ետք, Պետիկեան իր միտքը պարզեց, ըսելով.- «յոբելենական թուականներ կան, որոնք անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ, կ՚ապահովեն նաեւ տուեալ հաստատութեան, միութեան եւ կամ նոյնիսկ անհատին յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։ Այդ թուականներէն երկուքն են, որոնք այսօր մեզ այս սրահին մէջ համախմբած են: Այլ խօսքով՝ Հալէպի Ազգային «Քարէն Եփփէ» մեր Ճեմարանի հիմնադրութեան 70 եւ իր անունը կրող Լոս Անճելըսի Ընկերակցութեան 40-ամեակներու յիշատակումները, որուն ներկայ կը գտնուիք»:
Ապա, իբրեւ հայաշունչ կրթարան ան վեր առաւ Ճեմարանի յստակ վաստակն ու ստեղծա-գործ իրականութիւնը եւ աւելցուց ըսելով, «Ահա թէ ինչո՞ւ քառասուն տարիներ առաջ, կեանքի ճեղքուածքներու մէջէն, իբրեւ երախտապարտ սաներ, իրմէ հազարաւոր մղոններ հեռու, իր իսկ անունով, հո՛ս, այս գաղութէն ներս, իրմով մտահոգ եւ գուրգուրացող ընկերակ-ցութիւնը հիմնեցինք, որպէսզի մեր կարելիով ալ, ինք կենդանի մնայ, ու շարունակէ իր երթն ու աւանդը»:
Իր խօսքի աւարտին հանդիսավարը կոչ ըրաւ շարունակելու աջակցութիւնն ու զօրակցու-թիւնը այս հայակերտ ամրոցին ու հայապահպան փարոսին՝ յանուն գալիք բոլոր ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար ու այս առթիւ շնորհաւորեց Ճեմարանն ու ճեմարանականները:
Անցնելով յայտագրի գործադրութեան Պետիկեան իրենց կարգով, բեմ հրաւիրեց մասնակիցները, անոնց հակիրճ նկարագրական-կենսագրականը փոխանցելէ ետք ներկաներուն, միշտ Ճեմարանի առաքելութեան նուիրուած խօսքերու զարդարանքներով:
Այսպէս առաջին իսկ հերթին բեմ հրաւիրուեցաւ Թեմի Առաջնորդ սրբազան հայր՝ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որուն հովանաւորութիւնը կը վայելէր այսօրուան հանդիսութիւնը: Պետիկեան նախ շնորհաւորեց սրբազան հօր կուսակրօն քահանայութեան 40-ամեակն, եւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակը, ինչպէս նաեւ իբրեւ թեմակալ առաջնորդ՝ աւելի քան 20 տարուան ծառայութիւնը ու բարի մաղթանքներ փոխանցեց:
Իր կարգին առաջնորդ սրբազան հայրը իր հայրական պատգամի սկիզբին նախ փառք տուաւ Աստուծոյ , որ բաժնեկից կը դառնար այս ուրախալի եւ հպարտութիւն առթող ձեռնարկին:
Մանրամասնելով օրուան իմաստին տուն տուող պատճառները, սրբազանը շարունակեց.-
«Առաջին իսկ հերթին, յարգանքով կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ այն սերունդին, որ հիմը դրաւ պատմական ու պատմակերտ այս ուսումնարանին: Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադ-րութիւնը խորքին մէջ գործնական վկայութիւն մըն էր մեր եկեղեցական ու ազգային հարստութեանց ու աւանդներուն մեր ժողովուրդի ու մտաւորականններու հաւատարմութեան»:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ այս առթիւ բարի յիշեց երանաշնորհ Զարեհ սրբազանը, որ խումբ մը գաղափարական գրծակիցներու հետ, ազնիւ գաղափարը ունեցած էր ուսումնարանը կոչելու բարեսէր Քարէն Եփփէի անունով:
Անդրադռանալով տօնակատարութեան, սրբազան հայրը ըսաւ, որ ներկայիս սուգի եւ աւերումի լուրեր չեն հասնիր Հալէպէն:
«Հալէպի հայութիւնը դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով կը յառաջանայ դէպի իր վէրքերու ամոքումը, դէպի վերականգնում եւ վերահաստատում: Ու պատահական չէ, որ Ճեմարանը այս բոլորին մէջ կը գրաւէ կորիզային տեղ, իբրեւ մեր ուսումնարաններուն առաջատարը»:
Մուշեղ սրբազան իր պատգամին մէջ նաեւ վեր առաւ Լոս Անճելըսի ճեմարանականներու ընկերակցութեան անցնող չորս տասնամեակներու վրայ երկարող ճիգերը, իրենց հեռաւոր կրթական կեդրոնը միշտ վառ պահելու անսակարկ զոհաբերութիւնները եւ վաղուան յատուկ նոյն աշխատանքը շարունակելու առաքելութիւնը:
«Պատիւ եւ օրհնութիւն բոլորիդ: Անմար մնայ յիշատակը Ճեմարանի հիմնադիրներուն եւ անոնց վառած ջահը բարձր պահողներուն, որոնք գործած են ու կը գործեն խաղաղութեան թէ տագնապի պայմաններու մէջ», պատգամեց Սրբազանը:
Իր հայրական պատգամէն ետք ան նաեւ յայտնեց, թէ «այս հանդիսութեան յատուկ պատիւի կ՚արժանանայ Ճեմարանի բազմամեայ ծառայող մը, որ աճած է Ճեմարանի անդաստանին մէջ եւ իր գործնական երախտագիտութիւնը արտայայտած զինք կերտած հաստատութեան թէ անոր ծառայելով իբրեւ տնօրէն եւ դաստիարակ եւ թէ Ճեմարանին առաքելութեան համապատասխան վաստակ կերտելով գաղութիւն մէջ»:
Ան նաեւ աւելցուց, թէ իր իսկ առաջարկով, այս պատմական հանդիսութեան առթիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով կը պարգեւատրէ Ճեմարանի շրջանաւարտներէն եւ ներկայիս Ազգային Ֆերահեան վարժարանի փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեանը, առ ի գնահատանք ազգային վարժարաններու մէջ տարիներու իր ծառայութեան եւ հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած իր նուիրումին:
Բեմ հրաւիրուեցան տնօրէն Նալպանտեանն ու ատենապետ Գորթոշեանը: Վեհափառ հայրապետի կոնդակը սրահի յոտնկայս ունկնդրութեամբ կարդաց Թորգոմ Ծ. Վարդապետը: Նախկին տնօրէն Նալպանտեան սրահի ջերմ ծափողջիւններու մէջ ստացաւ շքանշանը:
Ապա իբրեւ գլխաւոր բանախօս եւ այս հանդիսութեան յատուկ Փարիզէն հրաւիրուած հանրածանօթ մտաւորական եւ հրապարակագիր Յակոբ Պալեան, որ միաժամանակ Ճեմարանի չորրորդ հունձքին կը պատկանի, տպաւորիչ եւ նոյնքան ալ իմաստալից ելոյթ մը ունեցաւ:
Իր խօսքի սկիզբին ան ըսաւ.- «Երբ կը յիշենք ճեմարանը կը նշանակէ որ դեռ կը մնանք հիմնադիրներու ազգային-քաղաքական հեռանկարային գիծին վրայ»: Իր միտքերը համեմելով ժամանակակից եւ հանրայայտ իմաստասէրներու խօսքերով, եւ միտքերով, բանախօս Պալեան աւելցուց.- «միշտ մտածած եմ, որ հայ դպրոցը, ուր որ ալ գտնուի ան, ընթացիկ կրթարան չէ: Ապա անդրադառնալով Ճեմարանի ծնունդին ան յիշեց.- «Աստեղային պահու մը, այսպէս երազած էին հիմնադիրները, երբ Քարէն Եփփէ այրիանոցի բակին մէջ տնազուրկներու բնակարան մը դարձուցած էին դասարան եւ սկսած էր սփիւռքեան անորոշութեան ովկիանոսին մէջ ազնուական արկածախնդրութիւնը, որուն մեծութիւնը կը տեսնենք այսօր երբ կը դիտենք տարիներու հեռաւորութենէն»:
Ան նաեւ մէկ առ մէկ յիշեց երկրորդական այս վարժարանի հիմնադիրներու անունները միաժամանակ պարզելով անոնց էական «գիծերը»: Այսպէս իրարայաջորդ կերպով տողանցեցին Զարեհ Կաթողիկոս Փայասլեան, Հրաչ Փափազեան, Ստեփան Ինճէեան,Սեդրակ Յովսէփեան եւ Բիւզանդ Թիւֆէնքճեան: Բոլորն ալ Հալէպի հաւատաւոր փաղանգին պատկանող անուններ:
Շարունակելով իր խօսքը Պալեան շեշտեց, որ «Ճեմարանի իրականացումը յառաջացած էր թերահաւատութեան մթնոլորտի մէջ, նման բոլոր երազներու, որոնք ցնորք կը թուին ըլլալ եւ սակայն յաջողելէ ետք կը համարուին բնական սեփականութիւն»: Այս առթիւ մէջբերեց նաեւ Մարսէյի Ճեմարանի հիմնադրութեան պարագան:
«Գալով մեր Ճեմարանին, տասնեակ մը աշակերտներով սկսած մեր դպրոցը մեծցաւ, սերունդ հասցուց, չշեղեցաւ այն նպատակէն, որուն համար ստեղծուած էր, հայ սերունդ հասցուց, տղաք եւ աղջիկներ, որոնք տիրապետեցին գեղեցիկ արեւմտահայերէնին, որոնք ուսուցիչ դարձան Սուրիոյ դպրոցներուն մէջ, ապա Լիբանան եւ յետոյ Ամերիկաներ, Աւստրալիա, Ֆրանսա եւ այլուր: Մէկ խօսքով՝ հիմնադիրներու նախատեսած առաքելութիւնը յաջողցուցին յաջորդական սերունդներ: Ապա այս ձեւով ալ Ճեմարանը նպաստեց սուրիահայութեան հոգեկան միացման»: Պալեան յիշեց նաեւ աշխարհացրիւ ճեմարանականներու առաքելութիւններն ալ:
Ծանրանալով հայրենի գրագէտ Վիգէն Խեչումեանի իմաստուն խօսքին թէ.- «ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ» Պալեան շեշտը դրաւ հայրենիքէն դուրս ապրելու եւ մնալու դժբախտ իրականութեան եւ վտանգին վրայ: «Որքան որ Սփիւռքի մէջ ապահով ապրինք, ուրիշի դուռն ենք» շեշտեց շարունակ:
Անցնելով մայրենի լեզուի էականութեան, բանախօսը «մատը վէրքին վրայ դնելով» ըսաւ «Լեզուն է մեր ինքնութեան անփոխարինելի պատուանդանը՝ իբրեւ տոկալու եւ տեւելու զէնք»: Ու հաստատելու համար իր խօսքը ան շեշտաւորեց՝ «առանց ինքնախաբէութեամբ մէյ մը դիտենք մենք մեզ, եւ մեր շուրջը հիւսուող առօրեան»: Կրկին անգամ անցնելով օրուան խորհուրդին բանախօսը ըսաւ «Ճեմարանի հիմնադիրներու երազն էր, որ ըլլանք «նախկինի շարունակութիւնը: Այսօր որքանով կը պահենք այդ մեծ երազը» հարց տուաւ ան:
Խօսելով հայրենասիրութեան մասին, հիւր բանախօսը նաեւ աւելցուց, թէ «հայրենասիրու-թիւնը Պէվըրլի Հիլզ կամ Քոթ Տ՚Ազիւր նստած Արարատի գագաթին վառած մոմով ջերմանալ չէ: Հայրենասիրութեան այսօրուան կարգախօսը պէտք է ըլլայ եւ ճեմարանականը անոր կրողը, ոչ միայն ազնուական բացատրութիւններով, այլ՝ յանձնարութիւն ստացած ժառանգութեան թելադրութեամբ»:
Դարձեալ խօսելով դպրոցի էականութեան մասին Պալեան աւելցուց, «Դպրոցը պէտք է պահել հայ սերունդը հայ պահելու, եւ վերադարձի համար, ոչ որպէս ամառնային զբօսաշր-ջիկ: Հարկ է միշտ յիշել Խեչումեանի խօսքը «Ուրիշի դրան…: Տարին անգամ մը Հայաստան երթալ գալ հայրենասիրութիւն չէ. փուչիկ է. իրաւ հայրենասիրութիւնը կ՚ենթադրէ այլ որակ: Ու մեր փոխարէն, ուրիշներ պիտի չստեղծեն այդ որակը: Միշտ վառ պէտք է պահել այն միտքը որ ճեմարանականներու ծննդոցին մէջ է, եւ այնքան դիպուկ սահմանուած է Նիկոլ Աղբալեանի կողմէ «Ազգ եւ գրականութիւն մեռնում են այն ժամանակ երբ դադրում են իրենց լեզուն խօսիլ եւ այդ լեզուով ու գրաւոր արտայայտել իրենց ներաշխարհը»:
Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Պալեան շեշտեց.- «Ճեմարանականներու ճիտին պարտքն է ըլլալ իրենք իրենց դատաւորը, պահել եւ փոխանցել աւանդը, զայն հարստացնելով առանց տուրք տալու սուտուփուտ արդիականութեան, հաւատարիմ պարզին-վսեմութեան տօնական հրավառութիւններէն առաջ, եւ վերջ, այսօր եւ վաղը, աստ եւ անդ»:
Բանախօսի պատգամ-խօսքը ջերմ ծափահարութիւններու արժանացաւ:
Իր կարգին Լոս Անճելըսի Ճեմարանականներու Ընկերակցութեան անունով խօսք առաւ, հայ լեզուի վաստակաշատ ուսուցչուհի Ծովինար Մելքոնեանը, որ առաջին իսկ առիթով նախ մեծապէս գնահատեց օրուան հանդիսավար Գէորգ Պետիկեանի ճիգերը, անսակարկ նուիրումը եւ այս ձեռնարկ-հանդիսութիւնը յաջողութեամբ վարելու իր անսակարկ աշխատանքները:
«Շնորհիւ Լոս Անճելըսի ճեմարանականներու Ընկերակցութեան, ո՛չ թէ մէկ, հարիւրաւոր հալէպահայ աշակերտներու ճակատագիրներ շրջուած են ցարդ, յանուն անոնց ուսման եւ փայփայած երազներու իրականացման: Ամերիկեան բազմազբաղ եւ կլանիչ առօրեայի հեւքին մէջ, բոլորս ալ գիտենք որքան դժուար է ընտանեկան թէ աշխատանքային պարտաւորութիւն-ներու կողքին ժամանակ գտնել, հոգի ու ճիգ վատնել ձեռնարկներ կազմակերպելու կամ միութենական արդիւնաւէտ գործունէութիւն կատարելու համար։ Մեր նախկին թէ նոր վարչականները տարիներու ընթացքին, իրենց հանգիստէն մեծ բաժին զոհելով երախտաշատ աշխատանք տարած են՝ կատարած են սիրով եւ հաւատալով իրենց ճեմարանականի առաքելութեան: Այս անքակտելի կապով մեզ իրարու զօդող, 40 տարի առաջ սկսած առաքելութիւնը կը շարունակենք այսօր եւ պիտի շարունակենք վաղը եւ հեռաւոր ապագային ալ»։
Ապա Մելքոնեան յիշեց հիմնադիրներու անունները՝ յանձինս Յակոբ Յակոբեանի, Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեաններուն, Մակի Բարսեղեանի, Ազատուհի Շիթիլեանի, Հրանդ եւ Մարի Աճէմեաններուն, Մինաս Մարգարեանի միժամանակ յետադարձ ակնարկով արժեւորելով քառասնամեայ այս յոբելեարը, որուն հաւատոյ հանգանակն էր, նեցուկ կանգնիլ հայապահպանման խարիսխ դարձած ճեմարանին:
Մելքոնեան աւելցուց նաեւ, թէ Ընկերակցութիւնը իր նուիրատւութեան ծիրէն ներս ընդգրկած էր այլ յատկացումներ.- ինչպէս Ազգային վարժարաններու հայերէն դասագիրքերու վերահ-րատարակման, Հայ Դատին, վերջերս Սուրիոյ Օժանդակութեան ֆոնտին (SARF), միշտ առաջնահերթութիւն համարելով Հալէպի ազգային վարժարաններու միակ Երկրորդական՝ Քարէն Եփփէ Ազգ.Ճեմարանը: Ան բարի յիշեց նաեւ 1991-ին կազմակերպուած հաւաքը որուն ներկայ եղած էին Ճեմարանի նախկին բոլոր տնօրէնները: Այսպէս՝ Մինաս Թէօլէօլեան, Ստեփան Գարամարտեան,Ժոզէֆ Պայրամեան, Պետրոս Հաճեան, Կարպիս Նալպանտեան, Գէորգ Տօնապետեան, Անդրանիկ Խաչատուրեան, Ստեփան Ինճէյեան (խնամակալ), Մկրտիչ Մկրտիչեան (Հայ Գրականութեան Ուսուցիչ), որոնք Ընկերակցութեան 15ամեակին նուիրուած հանդիսութեան տուած էին պատմական փայլ մը:
«Այսօր երախտիքի օր է: Չկայ շրջանաւարտից ընկերակցութիւն մը, որ այսքան սէր ու խանդաղատանք ցոյց տայ իր աւարտած վարժարանին: Ու չկայ ճեմարանական մը, որ չուզէ օգտակար դառնալ ճեմարանին: Ի պատիւ բոլոր կամաւորներուն, գումարները հեզասահ կերպով կ՛ապահովուին հասնելով հեռաւոր Պոսթընէն, Ֆլորիտայէն, Վերճինիայէն կամ Նիւ Եորքէն: Ու անկասկած, այս աւանդը պիտի շարունակուի յանուն ճեմարանի աշակերտութեան ամրակուռ կեանքի վերահաստատման»:
Յիշենք, որ տարիներու ընթացքին, Ընկերակցութեան նուիրատուութիւններու գումարը գլած է չորս հարիւր հազար տոլարը, դառնալով Ճեմարանի արժանաւոր սաներու գլխաւոր հովանաւորը:
Իր տպաւորիչ ելոյթի աւարտին, Մելքոնեան ըսաւ.- «Բոլորիդ վարձքը կատար. անուններ յիշելէ կը զգուշանամ, որեւէ անհատ մոռացութեամբ չանտեսելու համար: Ձեր բոլորին բիւրապատիկ վարձատրութիւն ու հաւատացէ՛ք, որ մարդիկ միայն տալով կը ստանան, Թէքէեանի խօսքերով «ինչ որ տուի ուրիշին վերադարձաւ անուշցած»,այն բաւարարութիւնը, որ կը զգանք անփոխարինելի է ու այդ հաճոյքը միայն քիչերու շնորհուած է, ձեզի շնորհուած է շատ սիրելի ներկայ ու բացակայ երախտաւոր ճեմարանականներ»:
Պէտք է անպայման յիշել, որ պատմական եւ յոբելենական այս հանդիսութիւնը ունէր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, կոկիկ եւ իւրայատուկ՝ պատրաստուած Ճեմարանի սաներով: Այս բոլորի սկիզբին ցուցադրուեցաւ գեղեցիկ եւ դիպուկ տեսաերիզ մը Հալէպէն ուղարկուած եւ որ պատրաստուած էր Հալէպի Ճեմարանականերու Շրջանաւարտից Միութեան ճիգերով եւ յատկապէս պատրաստուած՝ Պերճ Պողիկեանի գեղեցիկ ծրագրումով եւ շնորհալի մտայղացումով:
Ցուցադրութենէն ետք սրահը ստացած էր տարբեր գոյն եւ մթնոլորտ: Տարբեր ոգեւորութիւն: Բոլորը տեսաերիզի բաժնի այդ տասը վայրկեաններու ընթացքին անկասկած եւ ինքնածին ապրած էին իրենց հեռու եւ մօտիկ անցեալը, իրենց իսկ թիթեղածածկ կամ քարաշէն դասարաններով կառուցուած Ճեմարանէն ներս:
Յայտագրի ամէնէն հետաքրքրական եւ անակնկալ բաժիններէն մէկն ալ նաեւ Ընկերակցութ եան վարչութեան այս առթիւ առաջին շրջանաւարտներէն երկու ներկաները՝ յուշանուէրով մը գնահատելն էր: Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Երան Ջաղացպանեան-Կարապետեանն ու Հրայր Աւետեանը, որոնք ձեռամբ ատենապետ Գորթոշեանի ստացան իրենց պատմական յուշանուէրները:
Անցնելով յայտագրի գեղարուեստական բաժնի գործադրութեան, առաջին հերթին ելոյթ ունեցաւ Ճեմարանի 1963-64ի շրջանաւարտներէն հանրածանօթ երգչուհի Հեղինէ Հարպոյեանը, որ դաշնակի ընկերակցութեամբ Գոհար Թորանեանի գեղեցկօրէն մեներգեց «Ոստան Հայրենի»ն: Ապա ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս՝ 1981 շրջանաւարտներէն եւ ասմունքի վարպետ՝ Մարալ Վարժապետեան հրամցուց Վահան Տէրեանի «Երկիր Նայիրի»ն մեծապէս տպաւորելով սրահը:
1990 շրջանաւարտներէն Յովիկ Սերայտարեան, դաշնակի վրայ ընկերացաւ իր տաղանդաւոր դուստրին՝ 16 ամեայ Նանորին, որ ջութակի վրայ նուագեց Կոմիտասի «Ծիրանի Ծառը», ապշեցնելով բոլոր ներկաները: Իսկ Հալէպի «Զուարթնոց» երգչախումբի տարիներու մեներգուհի եւ Ճեմարանի 1980ի շրջանաւարտներէն Լուսին Պէրպէրեան-Ճէրէճեան դաշնակի ընկերակցութեամբ յայտնի դաշնակարուհի Կարինէ Վարուժանյանի մեներգեց «Սիրելի Ուսուցիչ»ը, որուն հանդիսատեսը ջերմեռանդ ծափերով ողջունեց:
Պէտք է յիշել նաեւ բոլոր ելոյթները ընդունուեցան ներկաներու մեծ ուրախութեամբ ու խանդավառ ծափողջիւններով եւ բարձրաձայն գնահատականներով:
Յայտագրի աւարտին, Ընկերակցութեան վարչութեան անունով Լենա Գորթոշեան մէկական ծաղկեփունջ նուիրեց յայտագրի գեղարուեստական բաժնի բոլոր մասնակիցներուն:
Վերջին՝ բեմ հրաւիրուեցաւ տէր Ղեւոնդ քահանան, որ իր սրտի խօսքով ձեռնարկի փակումը կատարէ: Տէր հայրը նախ մեծապէս գնահատեց ձեռնարկը եւ անոր շուրջ համախմբուած ոգին, վեր առաւ հայ դպրոցի էականութիւնը եւ Հոկտեմբեր մշակոյթի ամսուան նուիրուած յոբելենական այս հանդիսութիւնը արժեւորեց: Ապա «պահպանիչ» ով փակելէ ետք խնդրեց սրահէն որ միասնաբ ր երգէ «Կիլիկիա» ն:
Աւարտին հանդիսավար Պետիկեան իբրեւ վերջաբան շեշտեց ըսելով.- «Ճեմարանը բոլորիս համար այն մաքուր եւ զուլալ աղբիւրն է, որուն համար պատրաստ ենք պահել նոյն ակէն սնած ըլլալու մեր յիշողութիւնը, որովհետեւ դուք էք Ճեմարանը եւ Ճեմարանն ալ հայութիւնն է»: Ապա ան յատուկ շնորհակալութիւններ եւ երախտագիրութիւն յայտնեց ներկաներուն, յայտագրին մաս կազմողներուն եւ յատկապէս սրահի մուտքին հիւրընկալող Ճեմարանաւարտներէ բաղկացած խումբին, որոնք պարտաճանաչ կատարեցին իրենց պաշտօնը: Վերջին հրաւիրեց ներկաները Ընկերակցութեան կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան սեղանին մասնակից ըլլալու, որմէ ետք սրահը առիթ ունեցաւ զրուցելու եւ յիշատակի նկարներ վերցնելու օրուան բանախօսին եւ արուեստագէտներուն հետ: Այս խանդավառ ու պատմական մթնոլորիտն մէջ կատարուեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Կազմակերպիչ յանձնախումբը պատրաստած էր նաեւ հանդիսութեան յատուկ գրքոյկ մը, որուն մէջ իբրեւ բովանդակութիւն տեղ գտած էին հակիրճ տեղեկութիւններ Ճեմարանի յայտնի ու նշանաւոր հիմնադիրներու մասին, ինչպէս նաեւ սրտի խօսքեր՝ երկու աԱաջնորդ սրբազան հայրերէն, «Ասպարէզ» օրաթերթէն եւ «Գանձասար» շաբաթաթերթէն, Ճեմարանի ներկայ տնօրէնութենէն, առաջին շրջանաւարտ՝ Երան Կարապետեանէն եւ առաւել պատմական վկայութիւններ ու շնորհակալիք:
Աւանդական Պարահանդէս
Շաբաթ, 4 Նոյեմբեր, 2017ի երեկոյեան, Կլէնտէյլի Իրանահայ միութեան շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ճեմարանականներու Ընկերակցութեան աւանդական պարահանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն երկու սաները՝ Երան Ջաղացպանեան-Կարապետեանն ու իր ամուսինը,(այս առթիւ ժամանած Ճէքսըն Թէնըսիէն), եւ Հրայր Աւետեանն ու իր տիկինը, ինչպէս նաեւ նախկին տնօրէն Վարդգէս Նալպանտեանն ու իր տիկինը, 70.ամեակի հանդիսութեան գլխաւոր բանախօս Յակոբ Պալեանն ու իր տիկինը, Հալէպի Շրջ. Ընկերակցութեան Յանձնաժողովի տարիներու անդամուհի Սեդա Հալլաճեանն ու իր ամուսինը, Ընկերակցութեան հիմնադիրներ, բարերարներ, բարեկամներ, եւ աւելի քան 200 ճեմարանականներ, նախկին ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ եւ ճեմարանասէրներ: Երեկոն խանդավառեց երգիչ Արշամ:
Պարահանդէսի պաշտօնական բաժնին Ընկերակցութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Գորթոշեան բարի գալուստի, շնորհակալական եւ սրտի խօսքերէն ետք, բեմ հրաւիրեց Ընկերակցութեան հիմնադիրները, եւ անոնց յանձնեց շնորհակալութեան յատուկ յուշանուէրներ: Այսպէս իրարայաջորդ կերպով իրենց համար յատկապէս պատրաստուած կարկանդակին շուրջ հաւաքուեցան Մհեր եւ Սալթիկ Տէր Յովհաննէսեաններ, Մովսէս եւ Այտա Պաղտոյեաններ, Մակի Բարսեղեան-Սարգունի, Մեսրոպ Գազանճեան եւ Կարօ Մարգարեան: Յիշենք, որ Ընկերակցութեան հիմնադիրներէն՝ այս ձեռնարկին կը բացակայէին Ռիթա Որբերեան, Յակոբ Յակոբեան, Հրանդ Աճէմեան (մահացած), Նելլի եւ Գօգօ Մանուէլեաններ, Ազատ Շիթիլեան- Ղազարեան, եւ Կարպիս Տէր Յովհաննէսեան (մահացած), որոնց յուշանուէրները յանձնուեցան իրենց հարազատներուն:
Տարեդարձի յատուկ ուրիշ կարկանդակներ ալ պատրաստուած էին նաեւ Ճեմարանի 1967 եւ 1972 տարեշրջաններու շրջանաւարտներուն համար, որոնք հաւաքուելով անջատաբար տօնախմբեցին իրենց 50- եւ 45-ամեակները:
Նաեւ տեղի ունեցան նաեւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles