
Read Time:18 Second
ՀԱԼԷՊ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 30-ի առաւօտեան վաղ ժամերուն, ռմբակոծուեցան Հալէպի հայահոծ Նոր Գիւղ եւ Վիլաներ թաղամասերը։
Վիլաներ թաղամասին մէջ ինկած հրթիռին հետեւանքով, զոհուած են
Արման Հինտոյեանը եւ Ծիլա Ճապաղջուրեանը։ Կան նաեւ քանի մը վիրաւորներ:
Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ազգային Պատսպարանի սաները առժամաբար փոխադրուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր։
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ապահովական նկատառումներով աշակերտութիւնը անմիջապէս տեղափոխեց ներքնայարկ։