
ՀԱԼԷՊ («Գանձասար») .- Շաբաթ, Ապրիլ 23-ին, Սուրբ Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ սրահին մէջ, կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչումը: Օրուան յատուկ խորհուրդը կը կրէր «Պիտի Յիշենք եւ Պահանջենք» խորագիրը։
Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կողմէ, համայնքապետներուն կողքին ներկայ էին Հ.Հ. Հալէպի հիւպատոսը, Հ.Հ. մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչը, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանը, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ներկաներուն իր պատգամը ուղղեց Վերապատուելի դոկտ․ Յարութիւն Սէլիմեան, համայնքապետ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին։ Ան թուեց դարերու ընթացքին թուրքին գործած ոճիրներն ու հայաջինջ քաղաքականութիւնը, որ հասաւ մինչեւ սուրիական հողեր: «Կը դատապարտենք Թուրքիան, որ մեզմէ խլեց մեր ժառանգութիւնը, մեր ժողովուրդին մեծ տոկոսը ցեղասպանութեան ենթարկեց։ Դատապարտելու կողքին մենք պիտի պահանջենք, որովհետեւ մեր դատը արդար է եւ ուշ կամ կանուխ անիկա պիտի ունենայ իր արդար լուծումը», ըսաւ դոկտ․Սէլիմեան։
Հանդիսութիւնը կ՛ընդգրկէր գեղարուեստական յայտագիր:
Օրուան բանախօսն էր քաղաքական վերլուծաբան դոկտ․ Սարգիս Պուրունսուզեան, որ պատմական փաստերով նախ ներկայացուց Օսմանեան Կայսրութեան մէջ հայութեան տնտեսական կարողութիւնները ու ցեղասպանութեան դրդապատճառները՝ ոչնչացնելու հայ ազգն ու կողոպտելու անոր իրաւունքները։ Բանախօսը դիտել տուաւ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չի նմանիր այլ ազգերու ցեղասպանութիւններուն, որովհետեւ Օսմանեան Կայսրութեան, հետագային նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավար տարրը ոչ միայն ծրագրեց սպանել մեր ազգը, կողոպտել անոր եկեղեցական, մշակութային, սեփական կալուածները, ինչքերը, մեր թագաւորութիւններու օրերէն հաստատուած ամրոցները, գանձերը, պատմական մեր հողերը, այլեւ հայրենազուրկ դարձուց մեր ազգը՝ զայն բռնագաղթի ենթարկելով։
Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ մշակութային ցեղասպանութեան եւ մարդկային ու նիւթական կորուստներուն կողքին, հայ ժողովուրդին ոչ-նիւթական հարստութեան կորուստին, օրինակ բերելով արեւմտահայերէնն ու անոր կորուստի վտանգը եՈՒՆԵՍՔՕ-ի տուեալներով։
Ապա շեշտեց, որ Թուրքիոյ անպատիժ մնալը հետագային հիմնական խթանը եղաւ այլ ցեղասպանութիւններու կազմակերպման, օրինակ բերելով Ատոլֆ Հիթլերի խօսքը․ «Այսօր ո՞վ կը յիշէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։ Ուրացումը կրկնակի ոճիր համարեց ան, յատկապէս շեշտելով որ ցեղասպանութեան հետեւանքները կը շարունակուին։
Այս բոլորը յիշելով դոկտ․ Պուրունսուզեան հարց տուաւ, թէ այս բոլորէն ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը կարելի՞ է համարել միայն հայութեան վերաբերող հարց։ Ցեղասպանութեան ճանաչումը համամարդկային հարց է, որովհետեւ ցեղասպանական նմանօրինակ ոճիրներ, միջոցներ կրկնուեցան ապագային այլ ազգերու ցեղասպանութիւններուն ընթացքին։
Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Զօպուեան իր պատգամով շեշտեց այն միտքը, որ թէեւ մեր ժողովուրդը ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, սակայն վերապրողները ուր որ գացին յարգանքի արժանացան, կառուցեցին ու ծաղկեցուցին իրենց ապրած վայրերը։ Սրբազանը շեշտեց, որ թուրք ազգին վզին դրուեցաւ ամօթի խարանը ու մինչեւ չճանչնայ իր պետութեան ծրագրած ու գործադրած ոճիրը, այդ խարանը պիտի չվերանայ։
Օրուան եզրափակիչ պատգամը յղեց Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց։
Ան ըսաւ, որ այն ժողովուրդը, որ կը մոռնայ իր անցեալը, ապագայ չունի։ Այն ժողովուրդը, որ չի յիշեր իր պատմութիւնը, դատապարտուած է ձուլումի։ Մենք կը յիշենք մեր կողոպտուած իրաւունքները, մեզ մեր արմատէն պոկեցին ու ջարդեցին, հետեւաբար մենք պիտի շարունակենք պահանջել արդար հատուցում։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ հայ երեք համայնքապետներու միասնական աղօթքով։