Հալէպահայ Նահատակ՝ Դաշնակցական Րաֆֆի Պչաքճեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

0 0
Read Time:51 Second

BCHAKJIAN

ՀԱԼԷՊ.- Շաբաթ, Յունիս 11-ին, Հալէպի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հալէպահայ նահատակ, Հալէպի հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան դաշնակցական ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:
Յանուն Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, արարողութիւնը գլխաւորեց Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան: Յուղարկաւորութեան ներկայ էին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան, Հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, պատկան մարմինի, Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներ, նահատակ հայորդիին ընտանեկան պարագաները, սուրիական բանակի բարձրաստիճան պատասխանատուներ, հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան նուիրեալ հայ տղաքը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբը, արի-արենուշներն ու հանգուցեալին հարազատներն ու գաղափարակից ընկերները:p15 BCHAKJIAN4p15 BCHAKJIAN3
Այնուհետեւ «Վէրքերով լի» երգով նահատակին գաղափարակից ընկերները դագաղը ուսամբարձ եկեղեցիէն դուրս բերին: Այնուհետեւ ներկաները իրենց ցաւակցութիւնը յայտնեցին նահատակ հայորդիին ընտանեկան պարագաներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն:
Րաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութան առիթով ցաւակցական նամակներ յղուած են աշխարհի չորս ծագերուն գործող դաշնակցական մարմիններու եւ պատասխանատու անձնաւորութիւններու կողմէ:
Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան կարդաց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի Անթիլիասէն յղած ցաւակցական նամակը, ապա իր սրտի խօսքը արտասանեց` լուսարձակի տակ առնելով նահատակ հայորդիին գաղափարական նուիրումը, յանուն հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան իր անձնուրաց կեանքն ու դաշնակցականի ուխտին հաւատարիմ ծառայութիւնը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles