Հալէպահայութիւնը Նշեց Հ.Յ.Դ.-ի 126-Ամեակը

0 0
Read Time:2 Minute, 26 Second

p6-aleppo

ՀԱԼԷՊ («Գանձասար»).- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 9-ի երեկոյեան, «Յարատեւ Յանձնառութեամբ» կարգախօսով,հալէպահայութիւնը կուռ շարքերով նշեց Հ.Յ.Դ.-ի 126-ամեակը՝ իր յարգանքի տուրքը մատուցելով ժողովուրդէն ծնած ու ժողովուրդին ծառայութեան նուիրուած այն կուսակցութեան, որ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման, Հայ Դատին ու սփիւռքահայ գաղութներու գոյապայքարի նկրտումներուն մէջ հաւատարմօրէն մնաց պատնէշի վրայ՝ ժողովուրդին պահանջներուն անսալու գիտակցութեամբ ու համահայկական շահերու պահպանման նախանձախնդրութեամբ:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քահանայ Տատաղլեանի, Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանի, Պատկան Մարմնի, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական, Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովներու անդամներու, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հրաւիրեալներու:
Հանդիսականները տօնակատարութեան բացումը կատարեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով յիշատակը հայ ազատագրական պայքարի ճանապարհին իրենց ազնուագոյնը նուիրաբերած նահատակներուն, ազատազրկուած մարտիկներուն, անձնուիրութեամբ ծառայած եւ կեանքէն առյաւէտ հեռացած նուիրեալներուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ նահատակներուն:
Օրուան բանախօսն էր ազգային գործիչ Գրիգոր Տունկեան:
Ան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան օրուան առիթով, այս համախմբումը, այս բեմի վրայ զետեղուած եւ իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին մէջ Դաշնակցութեան գործով խարսխուած յարատեւ յանձնառութիւն արժէքին նուիրականացումը համարեց: Արժէք, որ կուգայ մեր ժողովուրդի փառահեղ պատմութենէն, ներկայ է նուիրական գործով, ուղենշումն է ապագայի:
Ապա ներկայացուց Հ.Յ.Դ.-ի 126-ամեայ ուղին, նշելով որ Դաշնակցութեան յենարանն ու ուժը սեփական ժողովուրդն է ու անոր կազմակերպուածութիւնը, իսկ նուաճելի հորիզոնը՝ տնտեսապէս բարգաւաճ, ընկերային արդարութեան վրայ յենուած եւ ժողովրդավար կարգերով օժտուած Հայաստանի կերտումն է, որպէս գերխնդիր, որպէս հայ ժողովուրդի ամբողջական իրաւունքներու վերատիրացումին, լիարժէք անկախութեան եւ անոր գոյերթի անվտանգ շարունակման երաշխիք:
Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձաւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան կարեւորութեան ու ըսաւ. «Հանդիսաւոր այս պահուն, առաջնային կերպով կը շնորհաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակը: Հպարտութեամբ կ՛ողջունենք նուիրական եռագոյնը, մեր անվտանգութեան երաշխիք Հայոց քաջարի բանակը եւ կը ջրդեղենք Հայաստան- Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը: Երեւան, Ստեփանակերտ թէ Հալէպ միեւնոյնն է մեզի համար, պարտական ենք բոլորին եւ տէրն ենք յանձնառութեան: Տագնապալի մեր այս օրերուն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը մեր կողքին էր իր դիւանագիտական, մարդասիրական թէ քաղաքացիական հնարաւորութիւններով: Դո՛ւք էք վկաները: Արցախը մեր կողքին էր, փաստ՝ ամիսներ առաջ այս բեմէն Արցախի խորհրդարանական մեր ընկերոջ հանդիպումը հալէպահայութեան: Մենք Հայաստանի ու Արցախի հետ էինք քառօրեայ պատերազմին անմիջական արձագանգումով, կամաւորներու օժանդակութեամբ եւ «Մենք Ենք Արցախը» նախաձեռնութեամբ: Ամբողջական Հայաստանի եւ Ամբողջական Հայութեան նուիրական գաղափարախօսութեան դաշնակցական շունչն է այս, ուր լաւագոյնս կը դրսեւորուին համայն հայութեան դիմագրաւած խնդիրները, դժուարութիւնները, տագնապները համազգային կերպով դիմագրաւելու Դաշնակցութեան խօսքին ու գործին հնչեղութիւնը»:
Տունկեան պարզելով աշխարհաքաղաքական ներկայ իրավիճակը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ սուրիահայութեան տագնապին, անոր ընթացքին յառաջացած բազում կացութիւններուն եւ այդ կացութիւններուն վերաբերող առաջնահերթ որոշումներուն:
Հուսկ սրբազան հայրը գնահատանքի, օրհնութեան եւ շնորհաւորական խօսքերով ողջունեց ներկաները: Ան յատկապէս շնորհաւորեց Հ.Յ.Դ.-ի մարտագրուած ուխտաւորները, որոնք մեր սուրիահայութեան ծառայելու համար ներկայ են այստեղ:
Գերշ. Տէր Շահան բանախօսին պատգամին եւ Հ.Յ.Դ. Մանիֆեստին միջեւ նմանութիւններ ուրուագծելէ ետք հաստատեց, որ այսօր «Յարատեւ Յանձնառութիւն» կարգախօսը պատահականօրէն չէ ընտրուած: Յանձնառութիւն կը նշանակէ պարտաւորութիւն, պատասխանատուութիւն, իսկ Սուրիոյ մէջ այս օրերուն նմանօրինակ գիտակցութեամբ օժտուած երիտասարդներ կը զոհաբերեն իրենց ամենաթանկը՝ կեանքը, յանուն մեր ժողովուրդին, յանուն մեր հաւաքական տեսլականին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles