ՀԱ­ՍԱՆ ՃԵ­ՄԱԼ ԱՅ­ՑԵ­ԼԵՑ ՆԻՒ ԵՈՐՔ

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

p11 jemal  Վեր­ջերս, Նիւ Եորք այ­ցե­լեց թուրք լրագ­րող ու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Ճե­մալ փա­շա­յի թոռ` Հա­սան Ճե­մա­լը: Հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ “Թէ­քէ­եան“ միու­թեան Նիւ Ճըրզիի կեդ­րո­նին մէջ: Ներ­կայ էին Հայ­կա­կան Հա­մա­գու­մա­րի, Վար­դա­նանց Աս­պետ­նե­րու հա­մախմ­բու­մի եւ “Թէ­քէ­եան“ի պա­տաս­խա­նա­տու անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ:

Այ­նու­հե­տեւ խօսք առաւ Վար­դա­նանց Աս­պետ­նե­րու ան­դամ Հրանդ Կիւլ­եան, որ հա­կիրճ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց օր­ուան հիւ­րը, որ յատ­կա­պէս եկած էր ներ­կայ գտնուե­լու այս եւ նա­խորդ երե­կոյ­եան Սրբոց Ղե­ւոնդ­եանց եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ժո­ղովր­դա­կան հան­դիպ­ման, որուն ներ­կայ գտնուած էին 250 ազ­գա­յին­ներ:

Պրն. Ճե­մալ անգ­լե­րէն լե­զուով կար­դաց իր խօս­քը իր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիր­ուած հա­մա­նուն գիր­քին հրա­տա­րա­կու­թեան դրդա­պատ­ճառ­նե­րուն մա­սին տա­լով լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ:

Յա­ւուր պատ­շա­ճի իր խօս­քը փո­խան­ցեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Մ.Ա.Կ.-ի մշտա­կան ներ­կա­յաց­չու­թեան դիւա­նա­գէտ­նե­րէն Սա­հակ Սարգս­եան, որ ար­ժե­ւո­րեց նման հան­դի­պում­նե­րու կա­րե­ւո­րու­թիւնը հան­րա­յին կար­ծիք կազ­մե­լու հա­մար Ցե­ղաս­պա­նու­թեան շուրջ, մա­նա­ւանդ` Մեծ Եղեռ­նի դա­րա­դար­ձի նա­խօ­րէ­ին:

Առիթ տրուե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն սրտբա­ցօ­րէն ար­տա­յայտ­ուե­լու եւ հար­ցադ­րում­ներ կա­տա­րե­լու:  Ներ­կա­նե­րը, ամե­նայն հա­մար­ձա­կու­թեամբ, կրցան իրենց եր­բեմն զգա­ցա­կան եւ եր­բեմն քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րը տալ հիւ­րին: Հա­սան Ճե­մալ այդ հար­ցե­րուն պա­տաս­խա­նեց ամե­նայն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles