
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24-ին, առաւօտեան ժամը 10:30էն 12:00 Կիլիկիան Թեմի Առաջնորդարանի կարգադրութեամբ, Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մեծ Եղեռնի յիշատակին Առաջնորդական փոխանորդ` գերաշնորհ Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեանի մասնակցութեամբ Մայր Եկեղեցւոյ եւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներու: Սրբազան Հօր կրօնաշունչ եւ միաժամանակ ազգաշունչ քարոզէն վերջ, խուռներամ բազմութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ Փաղալեան սրահ, ուր սպասարկուեցաւ մատաղ: Յետոյ սկսաւ Հ.Յ.Դ. “Արմէն Գարօ“ կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած քայլարշաւի ծրագիրը: Ելոյթ ունեցաւ քայլարշաւի կազմակերպիչներէն ընկ. Մհեր Ճանեան, որ նախ գոհունակութիւն յայտնելով ներկաներու մասնակցութեան համար նաեւ արդարօրէն պարսաւեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ ներելի պատճառներով կը բացակայէին:
Հայաստանի, Արցախի մեծաթիւ դրօշակներով եւ Ցեղասպանութիւնը խարազանող խօսքերով պատրաստուած պաստառներով ցուցարարները շարժեցան եկեղեցիէն ու քաղաքի գլխաւոր փողոցներէն քալելով հասան Մ.Ա.Կ.ի Համրշոլտ փլազան: Ապա կոմիտէի անունով խօսք առաւ ընկ. Նազարէթ Մարգարեան, որ ներածականով մը բացատրեց ցոյցի նպատակը: Քայլարշաւին կը մասնակցէր Փարիզէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող հեղինակ, հրապարակագիր “Բագին“ պարբերաթերթի խմբագիր` ընկ. Յակոբ Պալեան, որ օրինակ բերելով Իրլանտայի վաղեմի ազատագրական պայքարէն առնուած դասերը, ընդգծեց հայոց լեզուի (յատկապէ՛ս արեւմտահայերէնի) պահպանութեան եւ մեր անզիջելի պահանջները հետապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Յետոյ ելոյթ ունեցաւ ընկ. Արա Գաբրիէլեան, որ անգլերէնով կուռ ու տպաւորիչ ճառով բացատրեց, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը շատ մը պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ արդէն իսկ կատարուած փաստ է, որ մեր ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր համար ներողութիւն խնդրելը նոյնիսկ Թուրքիոյ կողմէ անիմաստ է առանց հատուցումի: Թուրքիան հետեւողականօրէն ամէն միջոցի կը դիմէ հայ ժողովուրդի բազմադարեան ներկայութեան հետքերը ջնջելու Արեւմտահայաստանէն: Հսկայական միջոցներ կը գործադրէ ժխտելու ցեղասպանութիւնը եւ բռնագրաւուած վիճակի մէջ պահելու համար մեր հայրենիքի աւելի քան 80 տոկոսը: Իսկ մենք, յարգելու համար մեր խնկելի նահատակներու անմոռանալի յիշատակը եւ ապահովելու համար Հայաստանի ապագայ զարգացումը, պէ՛տք է պայքարինք մեր հողային եւ նիւթական պահանջները ստանալու համար, որքան որ ալ երկար ու դժուար ըլլայ հատուցման ճանապարհը:
Հաւաքուած ժողովուրդը իր պաստառներն ու դրօշակները պարզած անցորդներու առջեւ ժամանակ առ ժամանակ յատուկ խօսքերով իր զայրոյթը կ՛արտայայտէր Եղեռնի դահիճներու հասցէին, միաժամանակ պահանջելով իր անժամանցելի իրաւունքները:
ԹՂԹԱԿԻՑ