ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՆՈՐ ԲԱ­ՆԱ­ՁԵՒ ՄԸ ԿԸ ՆԵՐ­ԿԱ­ՅԱՑ­ՈՒԻ ՖՐԱՆ­ՍԱ­ՅԻ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ ԺՈ­ՂՈ­ՎԻՆ

0 0
Read Time:4 Minute, 16 Second
Վալէրի Պուայէ...
Վալէրի Պուայէ…

  ՓԱ­ՐԻԶ.- Պուշ տը Ռոն շրջա­նի երես­փո­խան Վա­լէ­րի Պուա­յէ, Ֆրան­սա­յի խորհր­դա­րա­նին ներ­կա­յաց­ուցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող նոր նա­խա­գիծ մը: Նա­խա­գի­ծը հիմն­ուած է Եւ­րո­պա­յի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ որ­դեգր­ուած “Ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ զի­նուո­րա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու ժխտման քրէ­ա­կա­նա­ցում“ նա­խա­տե­սող յօդ­ուա­ծին հի­ման վրայ: Նոր նա­խա­գի­ծով կը նա­խա­տես­ուի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը ժխտո­ղը եր­կու տար­ուան բան­տար­կու­թեան դա­տա­պար­տել կամ 45 հա­զար եւ­րօ դրա­մա­կան տու­գան­քի են­թար­կել:

Գոր­ծակ­ցե­լով հա­յազ­գի փաս­տա­բան Ֆի­լիփ Գրի­գոր­եա­նի հետ, Պուա­յէ, հինգ այլ պաշ­տօ­նա­կից­նե­րու հետ, Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վին ներ­կա­յա­ցու­ցած են Ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պատ­ժե­լիու­թեան մա­սին օրէն­քի այս նոր բա­նա­ձե­ւը (թիւ 690): Բա­նա­ձե­ւը ներ­կա­յաց­նող միւս հինգ երես­փո­խան­ներն են` Մար­սէլ Պո­նօ, Օլիվիէ Օտի­պէր-Թրուէն, Շարլ Տը լա Վէր­փիլի­էր, Կի Թէսիէ եւ Տո­մի­նիք Թի­ան:

Ըստ փաս­տա­բան Գրի­գոր­եա­նի` նշեալ որո­շու­մին պատ­շա­ճե­ցու­մը կրկնա­պէս ստի­պո­ղա­կան է սահ­մա­նադ­րա­կա­նօ­րէն. նախ‘ ըստ ֆրան­սա­կան Սահ­մա­նադ­րու­թեան յօդ­ուած 88-1ին, ապա նա­եւ Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան օրէնսդ­րու­թեան առու­մով:

եւ հայազգի փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեան

եւ հայազգի փաստաբան Ֆիլիփ Գրիգորեան

Պուա­յէի հե­ղի­նա­կած Ցե­ղաս­պա­նու­թեան քրէ­ա­կա­նաց­ման մա­սին նա­խորդ օրի­նա­գի­ծը Ֆրան­սա­յի ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ որ­դեգր­ուած էր, սա­կայն Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուր­դը զայն հա­կա­սահ­մա­նադ­րա­կան քու­է­ար­կած էր: Նշենք թէ նախ­կին օրի­նա­գի­ծը Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման հա­մար մէկ տար­ուան բան­տար­կու­թիւն կամ քա­ռա­սուն հա­զար եւ­րո­յի տու­գանք կը նա­խա­տե­սէր:

Երե­ւա­նի մէջ, տե­ղա­կան “Report.am“ կայ­քը, հար­ցում մը ուղ­ղած էր Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով գրա­սեն­եա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նոյ­եա­նին` յայտ­նե­լով թէ մի­եւ­նոյն ան­ձի կող­մէն ներ­կա­յաց­ուած օրի­նա­գի­ծը արդ­եօ՞ք իր նա­խոր­դի ճա­կա­տագ­րին չի՞ կրնար ար­ժա­նա­նալ, հա­կա­ռակ անոր որ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Հո­լանտ, ինչ­պէս նա­եւ նախ­կին նա­խա­գահ Սար­քո­զի, այդ օրի­նա­գի­ծը հաս­տա­տե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն կը յայտ­նէր: Մա­նոյ­եան պա­տաս­խա­նած է.- “Ըսեմ, որ Ֆրան­սա­յի հայ հա­մայն­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը, որուն մաս կը կազ­մեն նա­եւ Հայ Դա­տի Ֆրան­սա­յի յանձ­նա­խում­բը եւ հայ հա­մայն­քի կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը, յստակ յայտ­նած է, թէ ցան­կա­լի չէ, որ այ­սօր այդ օրի­նա­գի­ծը ներ­կա­յաց­ուի ընդ­դի­մա­դիր պատ­գա­մա­ւո­րի կող­մէ, որ­պէս­զի հար­ցը չքա­ղա­քա­կա­նաց­ուի: Նա­եւ տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ իրենք ար­դէն կ՛աշ­խա­տին  նա­խա­գի­ծի մը վրայ, որ կ՛անդ­րա­դառ­նայ այն հար­ցե­րուն, որոնք Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուր­դը գտած էր խո­ցե­լի: Հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դը ճիշդ է հա­մա­րել աշ­խա­տի­լը Էլի­զէի պա­լա­տի (Խմբ.- Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հա­կան պա­լատ) աշ­խա­տա­կազ­մի հետ, որ­պէս­զի Ֆրան­սա­յի նա­խա­գա­հը խոս­տու­մը կա­տա­րէ, այլ ոչ թէ ան­տե­սէ“:

Նշենք թէ Ֆրան­սա­յի նա­խա­գահ Ֆրանս­ուա Հոլ­լանտ եւս բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ խոս­տա­ցած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մը քրէ­ա­կա­նաց­նող նոր օրէնք ներ­կա­յաց­նել: Ան իր այդ խոս­տու­մը վե­րա­հաս­տա­տած էր Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ Սերժ Սարգս­եա­նի` անց­եալ տար­ուան աշ­նան Փա­րիզ կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles