ՀԱ­ՅՈՑ ՑԵ­ՂԱՍ­ՊԱ­ՆՈՒ­ԹԵԱՆ ՀԱՐ­ՑԸ ԵԳԻՊ­ՏԱ­ԿԱՆ ՄԱ­ՄՈՒ­ԼԻՆ ՄԷՋ

0 0
Read Time:5 Minute, 17 Second

p6 hay tad  Եգիպ­տո­սի մէջ Յու­նի­ս 30-ին կա­տար­ուած իշ­խա­նա­փո­խու­թե­նէն խիստ ան­հանգս­տա­ցած է Թուրք­ի­ան, որ կ՛ընդ­դի­մա­նայ Եգիպ­տո­սի նոր իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն եւ կը պա­հան­ջէ նախ­կին նա­խա­գահ Մուրսիի վե­րա­դար­ձը: Թուրք­իոյ այս կեց­ուած­քը կ՛ան­հանգս­տաց­նէ եգիպ­տա­կան որոշ շրջա­նակ­ներ, որոնք ժա­մա­նա­կը ճիշդ կը նկա­տեն` Թուրք­իոյ դէմ տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով մի­ջազ­գա­յին ար­շաւ­ներ սկսե­լու: Ոմանք Թուրք­իոյ դէմ այս ար­շաւ­նե­րու շար­քին կա­րե­ւոր ուղ­ղու­թիւն կը նկա­տեն Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը:

Եգիպ­տա­կան “Սա­տա Պա­լատ“ օրա­թեր­թը Յու­լի­ս 20-ին հրա­տա­րա­կեց “Թուրք­ի­ան եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը“ խո­րագր­եալ յօդ­ուած մը, որ ստո­րագր­ուած է եգիպ­տա­ցի լրագ­րող Մո­հա­մետ Ման­տու­րի կող­մէ:

Ման­տուր կը գրէ. “Թուրք­իոյ վեր­ջին կեց­ուածք­նե­րը եւ անոր մաս­նակ­ցու­թիւնը Սուր­իոյ, Լիպ­իոյ եւ վեր­ջա­պէս Եգիպ­տո­սի արիւ­նա­լի դէպ­քե­րուն, մե­զի կը յի­շեց­նեն 98 տա­րի առաջ Թուրք­իոյ կող­մէ իրա­գործ­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան իրո­ղու­թիւնը: Թուրք­իոյ կող­մէ Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին գործ­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը 2015-ին պի­տի բո­լո­րէ իր 100-ամ­եա­կը: Բռնա­րարք­նե­րուն մա­սին կան պատ­մա­կան փաս­տեր եւ ապա­ցոյց­ներ, Թուրք­իա տա­կա­ւին կը մեր­ժէ ճանչ­նալ իր գոր­ծած ոճի­րը: 1915-ին Էր­տո­ղա­նի նա­խա­հայ­րե­րը, օգ­տա­գոր­ծե­լով մի­ջազ­գա­յին ան­տե­սու­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը, իրա­գոր­ծե­ցին մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան մէջ մե­ծա­գոյն ոճի­րը` հայ­կա­կան ջար­դը, որ ծա­նօթ է նա­եւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն անու­նով: Ըստ երե­ւոյ­թին, Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը դարձ­եալ հո­րի­զո­նին վրայ կը փայ­լի` նկա­տի ու­նե­նա­լով օս­ման­եան արիւ­նար­բու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը վե­րա­դարձ­նե­լու Էր­տո­ղա­նի ախոր­ժակ­նե­րը Թուրք­իոյ դրա­ցի եր­կիր­նե­րու մէջ: …. Լիպ­իոյ մէջ Էր­տո­ղա­նի դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րուն ար­ձա­նագ­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը աղ­քա­տու­թեան մատ­նե­լը, ինչ­պէս նա­եւ` Սուր­իոյ տագ­նա­պին ակն­յայ­տօ­րէն մի­ջամ­տե­լը եւ Եգիպ­տո­սի մէջ Իս­լամ եղ­բայր­նե­րուն զօ­րակ­ցի­լը, մե­զի կը յի­շեց­նեն հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թուր­քե­րուն գոր­ծած ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: … Այս հանգր­ուա­նին Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան անդ­րա­դառ­նա­լը` Եգիպ­տո­սի եւ Հա­յաս­տա­նի հա­մար մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի: Հա­յաս­տան մնա­յուն կեր­պով պա­հան­ջած է աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րէն ճանչ­նալ թուր­քե­րուն կող­մէ իրա­գործ­ուած Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը: Ան ցարդ կրցած է 20 պե­տու­թեան ճա­նա­չու­մը ապա­հո­վել: Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը ապա­հո­վե­լու հա­մար Եգիպ­տո­սի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ ամէն ջանք ի գործ պէտք է դրուի` Թուրք­իոյ վրայ մի­ջազ­գա­յին ճնշում բա­նեց­նե­լու եւ եգիպ­տա­կան ներ­քին հար­ցե­րուն անոր մի­ջամ­տու­թիւնը կա­սեց­նե­լու նպա­տա­կով: Ինչ­պէս ծա­նօթ է, հա­յե­րը Եգիպ­տո­սի հետ ու­նին պատ­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ: Թուրք­իա­յէն բռնա­գաղ­թած հա­յու­թիւնը նա­խընտ­րեց ապ­րիլ Եգիպ­տո­սի եւ Պի­լատ Շա­մի մէջ, մին­չեւ որ 90-ական թուա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տան իր ան­կա­խու­թիւնը հռչա­կեց եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նե­ցաւ ան­կախ պե­տու­թիւն: Բայց եւ այն­պէս, եգիպ­տա­հա­յե­րը նա­խընտ­րե­ցին բնա­կիլ իրենց հիւ­րըն­կա­լած երկ­րին մէջ, իսկ թրքա­կան նենգ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ի տես աւե­լի քան կա­րե­ւոր դար­ձաւ Հայ Դա­տին զօ­րակ­ցու­թիւն ապա­հո­վե­լը…“:

Միւս կող­մէ եգիպ­տա­կան “Մալ“ օրա­թեր­թը (Յու­լիս 31) կը յայտ­նէ, թէ Եգիպ­տո­սի Իս­լամ եղ­բայ­րա­կա­նաց­ման դէմ ժո­ղովր­դա­յին ճա­կա­տը վեր­ջերս հան­դի­պում ու­նե­ցած է եգիպ­տա­հայ պատ­ուի­րա­կու­թեան մը հետ: Ճա­կա­տը պատ­ուի­րա­կու­թեան յայտ­նած է, թէ ինք պատ­րաստ է հայ­կա­կան պա­հանջ­նե­րը օրի­նա­կան բո­լոր մի­ջոց­նե­րով հե­տապն­դե­լու եւ Էր­տո­ղա­նի դէմ դա­տա­կան հարց բարձ­րաց­նե­լու մի­ջազ­գա­յին քրէ­ա­կան դա­տա­րա­նին առ­ջեւ` տրուած ըլ­լա­լով, որ ան Թուրք­իոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է:

Ճա­կա­տի իրա­ւա­բան Թա­րեք Մահ­մուտ պատ­ուի­րա­կու­թե­նէն ստանձ­նած է փաս­տա­թուղ­թեր: Մահ­մուտ յայտ­նած է, թէ ինք մօտ օրէն մամ­լոյ ասու­լի­սի մը ըն­թաց­քին պի­տի բա­ցա­յայ­տէ հա­յե­րուն դէմ գործ­ուած թրքա­կան բո­լոր արարք­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին քրէ­ա­կան դա­տա­րա­նին դի­մե­լու թուա­կա­նը:

ՄԻ­ՋԻՆ ԱՐԵ­ՒԵԼ­ՔԻ ՀԱՅ ԴԱ­ՏԻ ԳՐԱ­ՍԵՆ­ԵԱԿ

Օգոս­տոս 2, 2013

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles